Գլխաւոր լուրեր

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը`  Հայ Եւ Օտար Ուխտաւորներու Սրբավայր

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը` Հայ Եւ Օտար Ուխտաւորներու Սրբավայր

«Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը իր եկեղեցիով, Նահատակաց խորանով, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանով եւ յարակից վանական կառոյցներով դարձած է կրօնական ու ազգային ուխտագնացութեան սրբավայր», այսպէս բնորոշեց Արամ Ա. կաթողիկոս` անցնող օրերուն ընթացքին ուխտաւորներ ընդունելով Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Ուխտաւորներ` հայ թէ օտար, Լիբանանէն թէ արտասահմանէն, գրեթէ ամէն օր կ՛այցելեն Ս. Աստուածածին վանք` աղօթելու, խոկալու, յարգանքի...

Խմբագրական.  Սեւրը` Պատմական Եւ Ժամանակակից Իրաւաթուղթ  (Սեւրի Դաշնագիրին 95-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Սեւրը` Պատմական Եւ Ժամանակակից Իրաւաթուղթ (Սեւրի Դաշնագիրին 95-Ամեակին Առիթով)

Սեւրի դաշնագիրին եւ անոր իրաւական պարունակին մէջ ամրագրուող Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին մասին որեւէ քաղաքական հրապարակում, այսուհետեւ շատ թերի եւ բացթողեալ բաժիններով կը յատկանշուի, եթէ յղում չկատարէ Սեւրի պայմանագիրին մասին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրի հետեւեալ բաժինին. «Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անտանտի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը պատմութեան մէջ առաջին...

Քանատայի Պաշտպանութեան  Նախարարը Կը Յայտարարէ.  «Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Պատմական  Իրականութեան Ճիշդ Կողմն Ենք»

Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Պատմական Իրականութեան Ճիշդ Կողմն Ենք»

Ճէյսըն Քենի «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քանատայի պաշտպանութեան եւ բազմամշակութայնութեան հարցերով նախարար, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ճէյսըն Քենի Թորոնթոյի մէջ Հայ¬քանատական պահպանողական ընկերակցութեան կազմակերպած երեկոյին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վերահաստատած է իր կուսակցութեան յանձնառութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ արդար պայքար մղելու վերաբերեալ: «Մեր Պահպանողական կուսակցութիւնը, անկախ քաղաքական ճնշումներէն, պիտի շարունակէ հաստատակամօրէն մնալ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ պատմական իրականութեան ճիշդ կողմը»,...

«Հիւլէական Հարցին Լուծումը Պիտի Արտօնէ  Թեհրանի Հետ Համապարփակ Բանակցութիւններ  Կատարել Սուրիոյ Նման Այլ Հարցերու Շուրջ»  Կ’ըսէ Օպամա

«Հիւլէական Հարցին Լուծումը Պիտի Արտօնէ Թեհրանի Հետ Համապարփակ Բանակցութիւններ Կատարել Սուրիոյ Նման Այլ Հարցերու Շուրջ» Կ’ըսէ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Սի.Էն.Էն.»¬ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին լուծումը կարելիութիւն կ’ընծայէ Իրանի հետ Սուրիոյ նման այլ հարցերու շուրջ համապարփակ բանակցութիւններու ձեռնարկելու: Ան նշեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է լուծել հիւլէական ծրագիրի հարցը, իսկ անցեալ ամիս Վեցեակի եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, ըստ որուն Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները կը վերցուին եւ ատոր...

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի  Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան արարողակարգը տեղի ունեցաւ կիրակի, 9 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակին մէջ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքական եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն հրաւէրով: Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հռոմի Ս. Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները`  Հայրենի Հողին Վրայ.  137 Պատանիներ` Արագած Լեռէն  Դէպի Հերոսական Արցախ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները` Հայրենի Հողին Վրայ. 137 Պատանիներ` Արագած Լեռէն Դէպի Հերոսական Արցախ

«Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումին ութերորդ օրը, պատանիները առաւօտեան ընթացիկ օրակարգերէն ետք ուղղուեցան դէպի անառիկ Ամբերդ, այցելեցին Այբենարան, որմէ ետք անոնք մեծ խանդավառութեամբ արշաւեցին Արագածի ուղիով դէպի Քարի լիճ` ապրելով արկածախնդրական պահեր: Պատանիները ամբողջ յետմիջօրէին բնութեան հետ համակերպելով նաեւ խանդավառեցին իրենց շրջակայքը` առիթ ստեղծելով աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանի բնակիչ հայրենակիցներու կենցաղին, եւ հաճելի յիշատակներով ուշ երեկոյեան վերադարձան բանակավայր:...

Վարչապետ. «Տեղեկատուական Մարզի  Զարգացումը` Միշտ Ուշադրութեան Առարկայ»

Վարչապետ. «Տեղեկատուական Մարզի Զարգացումը` Միշտ Ուշադրութեան Առարկայ»

Երէկ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու  մարզի հետագայ զարգացման եւ նորարարական գաղափարներու խթանման վերաբերող հարցեր քննարկեցին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ Տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու  ընկերութիւններու միութեան ներկայացուցիչները: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ ճարտարագիտական կրթական համակարգի արդիականացման, բարձրակարգ մարդուժի  պատրաստման, միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ներդրումներու ներգրաւման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման հեռանկարներուն: Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու  մարզի աշխուժ զարգացումը միշտ կառավարութեան...

Ազրպէյճանցիները Փորձած Են Հրդեհել  Խաչիկի Արօտավայրերը,  Բայց Իրենց Իսկ Ծուղակը Ինկած Են

Ազրպէյճանցիները Փորձած Են Հրդեհել Խաչիկի Արօտավայրերը, Բայց Իրենց Իսկ Ծուղակը Ինկած Են

«Երկիր»-ին տեղեկութիւններով` հակառակորդը Նախիջեւանի սահմանագօտիին վրայ նախանցեալ օր կրակ բացած է Խաչիկ գիւղի արօտավայրերուն ուղղութեամբ` հաւանաբար հրդեհ յառաջացնելու նպատակով: Գիւղացիները  յաջողած են ճիշդ սահմանագօտիին վրայ կրակը մարել, փոխարէնը հրդեհը տարածուած է ազրպէյճանական կողմին խոտածածկ տարածքներուն մէջ` հրկիզելով մեծ տարածութիւններ: Խաչիկի գիւղապետ Վարդան Ներսիսեան «Երկիր»-ին  պատմեց, որ 30-35 գիւղացիներով անմիջապէս մարած են կրակը: «Թոյլ չտուինք իջնէ մեր սահմանը, իրենք ալ փորձեցին...

«Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի  Գօտիին Մէջ Զինադադարի  Դրութեան Պահպանման Կոչ Կ՛ուղղեն»  Կ՛ըսէ Ուորլիք

«Միացեալ Նահանգներ Լեռնային Ղարաբաղի Գօտիին Մէջ Զինադադարի Դրութեան Պահպանման Կոչ Կ՛ուղղեն» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՞ս կը գնահատեն այն հանգամանքը, որ Պաքուի մէջ Եւրոպական խաղերու աւարտէն ետք Ազրպէյճան դարձեալ կ՛ապակայունացնէ իրավիճակը եւ կը խախտէ զինադադարը թէ՛ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին, թէ՛ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը նուազի, պահպանուի...

Աճեմօղլու. «Քրտական Հարցի Լուծման  Հոլովոյթին Ձախողութիւնը Թուրքիոյ Համար  Աղէտ Մը Կրնայ Դառնալ»

Աճեմօղլու. «Քրտական Հարցի Լուծման Հոլովոյթին Ձախողութիւնը Թուրքիոյ Համար Աղէտ Մը Կրնայ Դառնալ»

Տարօն Աճեմօղլու «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Տարօն Աճեմօղլու, որ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր տնտեսագէտներէն մէկը կը նկատուի, Թուրքիոյ տնտեսական եւ քաղաքական այժմու վիճակին մասին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հարցումներուն պատասխանեց եւ մասնաւոր կերպով ընդգծեց, թէ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթին ձախողիլն ու կանգ առնելը Թուրքիոյ համար քաղաքական եւ տնտեսական աղէտ մը կրնայ դառնալ: Տարօն Աճեմօղլու կողմնակից է, որ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը շարունակուի...

Այնճարի Մէջ.  Գեղարուեստական Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

Այնճարի Մէջ. Գեղարուեստական Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն երկրորդ շաբթուան ձեռնարկները սկսան` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպած գեղարուեստական երեկոյով` նահատակ Յակոբ Գարակէօզեանի (Ըլլէօն-Առիւծ)  յիշատակին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրերը,  Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: Բացման...

Տաւուշի Դիրքերէն Մէկուն Վրայ  Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

Տաւուշի Դիրքերէն Մէկուն Վրայ Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

5 օգոստոսի լուսցող գիշերը հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ իրավիճակը լարուած էր: Հակառակորդը հերթական անգամ խախտելով զինադադարը,  տարբեր տրամաչափի զէնքերէ կրակ արձակած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ըստ «Երկիր»-ի տեղեկութիւններուն, 4 օգոստոսին Տաւուշի մարզի դիրքերէն մէկուն մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն վիրաւորուած է զինուոր Սամուէլ Խարազեան, որ Լոռիի մարզի Կուրթան գիւղի բնակիչ է: «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին Կուրթանի գիւղապետ Մհեր Գէորգեան վստահեցուց,...

Գաբրիէլեան. «2015-ին Հայաստանի Գիւղատնտեսական Աճը Տպաւորիչ Է»

Գաբրիէլեան. «2015-ին Հայաստանի Գիւղատնտեսական Աճը Տպաւորիչ Է»

2015 թուականին Հայաստանի մէջ արձանագրուած գիւղատնտեսական աճը տպաւորիչ է: Այս մասին երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին յայտարարեց Հայաստանի փոխվարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան: Ան յիշեցուց, որ 2015 թուականի առաջին կիսամեակին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 4,2 առ հարիւրով: Տնտեսական աճի ներուժը կը հրապարակուի սեպտեմբերին, սակայն ատոր մօտ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը ամէն պարագայի ցոյց կու տայ, որ տնտեսութիւնը կը շարժի աճի ուղղութեամբ, աւելցուց...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ազրպէյճան  Այցելած Քոնկրեսականներու Գայթակղութեան Մասին  Տեղեկութեանց Հրապարակումը Կը Պահանջէ

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ազրպէյճան Այցելած Քոնկրեսականներու Գայթակղութեան Մասին Տեղեկութեանց Հրապարակումը Կը Պահանջէ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Ներկայացուցիչներու տան Բարոյականութեան յանձնախումբին յղուած նամակով մը կոչ ըրած է բացայայտելու Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան կողմէ գաղտնաբար վճարուած գումարներով Պաքու այցելած ամերիկացի 10 քոնկրեսականներու եւ անոնց անձնակազմի 32 անդամներուն այցելութեան շուրջ ծագած գայթակղութեան մանրամասնութիւնները: Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ պետական կառոյցներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու օտար կառավարութեան որեւէ փորձի մանրամասնութիւնները պէտք է ամբողջութեամբ հրապարակուին: Յիշեցնենք, որ նշեալները...

Ուրուկուէյի Հայ Ուխտաւորներ Պիքֆայայի  Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Ուրուկուէյի Հայ Ուխտաւորներ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, շուրջ 50 ուխտաւորներ Ուրուկուէյէն այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը: Անոնք հիացումով դիտեցին վերանորոգուած ու պայծառակերպուած վանքը եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, Նահատակաց խորանը եւ այլ կառոյցներ: Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ուխտաւորներուն ուղղած իր հայրապետական խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը նախ յիշեցուց 1983-ին իր միօրեայ այցելութիւնը Ուրուկուէյ եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ուրուկուէյի գաղութին ունեցած հաւատարմութեան մասին`...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու  Բանակումին Մասնակիցները Այցելեցին  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Բանակումին Մասնակիցները Այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 6 օգոստոսին ընդունեց պատմաճանաչողական այցելութեամբ Արցախ գտնուող ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումի 124 մասնակիցներէն խումբ մը` Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սագօ Արապօղլեանի գլխաւորութեամբ: Ողջունելով լիբանանահայ պատանիները` խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատեց անոնց Արցախ այցելութիւնը` նշելով, որ անիկա իւրայատուկ կարելիութիւն ու առիթ է անմիջականօրէն հաղորդակից ըլլալու ազգային պատմութեան ու...

Կարողանալ Չլինել Ղեկավար, Բայց Ունենալ Աշխատելու, Ստեղծագործելու Եւ Ապրելու Ազատութիւն

Կարողանալ Չլինել Ղեկավար, Բայց Ունենալ Աշխատելու, Ստեղծագործելու Եւ Ապրելու Ազատութիւն

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է սահմանադրական բարեփոխումներուն առնչութեամբ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն եւ կեցուածքներուն, հայաստանեան ներքին կեանքին վերաբերող կարգ մը իրադարձութիւններու եւ անոնց առնչութեամբ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումներուն: Օրին «Ազդակ»-ի էջերով անդրադարձանք հարցազրոյցին` ամփոփ եւ ընդհանուր գիծերու մէջ: Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը: «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ».- Պարո՛ն Մարգարեան, սահմանադրական բարեփոխումների հայեցակարգի վերաբերեալ ձեր կուսակցութեան ներկայացրած առաջարկներում, մէջբերեմ, պէտք է բացառել...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Միացեալ Նահանգներու Գլխաւոր Գանձապետին Հետ  Քննարկած Է Հայ-Ամերիկեան Տնտեսական Կապերը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Գլխաւոր Գանձապետին Հետ Քննարկած Է Հայ-Ամերիկեան Տնտեսական Կապերը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը 4 յուլիսին հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր գանձապետ-ելեւմուտքի  նախարար Ճէյքըպ Լիուին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է  գանձապետարանի դերը հայ-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ընթացքին մէջ: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն կը յայտնեն, որ հայկական պատուիրակութեան անդամները ներկայացուցած են իրենց կողմէ  առանձնացուած առաջնահերթութիւնները, որոնց շարքին` հայ-ամերիկեան հարկային համաձայնագիրի փոխշահաւէտութեան հարցը: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները նաեւ  շնորհակալութիւն յայտնած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Կիպրոսի Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 5 օգոստոս 2015-ի առաւoտեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու հարցեր եւ երեւոյթներ, որոնք առաւելաբար առնչուած են Կիպրոսի հայ համայնքին, Լիբանանի ու Կիպրոսի յարաբերութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ ընդհանրապԷս Միջին Արեւելքի մէջ  վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու  Բանակումին Մասնակիցները Հասան Արցախ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Բանակումին Մասնակիցները Հասան Արցախ

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու «Դար մը բռունցքով դէպի ամբողջական հատուցում» բանակումը երէկ` չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին նոր հանգրուան մը թեւակոխեց, երբ բանակումին մասնակից պատանիները ճամբայ ելան դէպի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Երեկոյեան հոն հասնելով անոնք մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցան Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Յառաջիկայ օրերը բաւական հետաքրքրական եւ խորհրդանշական պիտի ըլլան պատանիներուն համար, որովհետեւ անոնք անձամբ պիտի տեսնեն այն տարածքը, որ ազատագրուած է հերոս...

Page 753 of 795 1 … 752 753 754 … 795

Արխիւներ