Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնախումբի 6-րդ Նիստը

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

100-han_9-27-15

Կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ իր աւարտին հասաւ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները  համակարգող պետական յանձնախումբի 6-րդ նիստը, զոր վարեց յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նիստը հրաւիրուած էր ընդլայնուած կազմով. պետական յանձնաժողովի անդամներէն բացի, ներկայ էին շրջանային յանձնախումբերու  ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, մասնագէտներ:

Օրակարգի հարցերու քննարկումին անցնելէ առաջ նիստին  մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յանձնախումբի  անդամ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին յիշատակը: Հանրապետութեան նախագահը տեղեկացուց յանձնաժողովի անդամները, որ ի նշանաւորումն  Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի երկնային ճանապարհին, նկատի առնելով անոր հսկայածաւալ ազգանուէր գործունէութիւնը` հրամանագիր ստորագրած է զայն յետմահու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով պարգեւատրելու մասին: Շքանշանը յանձնուած է յանձնաժողովի նոր անդամ, Տանն Կիլիկիոյ  նորընտիր կաթողիկէ հայոց  Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոմ պատրիարքին:

Նիստի օրակարգի հարցերու շարքին յանձնաժողովը քննարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ընթացքն ու յառաջիկայ անելիքները, Սուրիոյ եւ Իրաքի հայկական համայնքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը, լսեց` «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային ֆորումի մասին զեկուցումը, քննարկեց նաեւ կազմակերպչական հարցեր:

Նիստին ընթացքին տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումները  ամփոփելով` նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ նկատելի է  հետագայ աշխատանքի համադրման, պարբերական հանդիպումներու մնայուն հարթակ ձեւաւորելու ընդհանուր պահանջ: Յանձնաժողովը  քննարկած եւ միաձայնութեամբ ընդունեց Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու շուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու մասին որոշումը:

Օրակարգի երկրորդ հարցին` Սուրիոյ եւ Իրաքի հայկական համայնքներուն մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ  նախագահը նշեց, որ խորապէս մտահոգուած է յատկապէս Սուրիոյ մէջ  շարունակուող բախումներով եւ օրէ օր վատթարացող իրավիճակով:

Օրակարգի երրորդ հարցին հետ կապուած զեկուցումներ ներկայացուեցան 22 եւ 23 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» ֆորումի արդիւնքներուն  վերաբերեալ:

Յաջորդիւ կու տանք նիստին ընթացքին արտասանուած ուղերձները:

 

Նախորդը

«Յաղթութեան Միւռոն»-ի Օրհնութիւն` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Յաջորդը

Աննախադէպ Լարուածութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Հակառակորդը Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարը

RelatedPosts

Կիպրոսի Մէջ.  Բագրատունի Շնորհակալական Այցելութիւն  Տուաւ Լիբանանի Հայութեան  Օժանդակած Դեղորայքի Ընկերութեան
Գաղութային

Կիպրոսի Մէջ. Բագրատունի Շնորհակալական Այցելութիւն Տուաւ Լիբանանի Հայութեան Օժանդակած Դեղորայքի Ընկերութեան

Նոյեմբեր 7, 2025
Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց  Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու  Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Խորհրդարանին Յղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն 128 Երեսփոխաններու Քուէարկել Արտօնող Օրինագիծ Մը

Նոյեմբեր 7, 2025
Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Լիբանանցիներուն  Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ.  «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու  Մեր Օրինական Իրաւունքը»  Կ՛ըսէ Հըզպալլա
Գլխաւոր լուրեր

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Լիբանանցիներուն Յղած Իր Բաց Նամակին Մէջ. «Կը Հաստատենք Բռնագրաւման Դիմադրելու Մեր Օրինական Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Հըզպալլա

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?