Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ, Արժանավայել Հանդիսութեամբ Եւ Երիտասարդական-Ուսանողական Ջահերթով Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Իր Նահատակներու Բացած Ուղիէն Քալելու Վճռակամութիւնը.

September 29, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ver-2_9-28-15

«Համահայկական Մեր Իղձերու Իրագործման Ի Խնդիր,
Մենք Պարտաւոր Ենք Գուրգուրալու Հայրենամերձ Այս Գաղութին»

Յայտարարեց Յակոբ Հաւաթեան

40 տարի առաջ սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն հետեւանքով հայութիւնը կրեց բազմաթիւ վնասներ, սակայն հայկական միասնական ոգին պահպանեց հայութիւնը, հայկական թաղամասերն ու ազգային արժանապատուութիւնը:

Նահատակներուն յարգանք մատուցելու եւ հաւաքական կամքն ու ուխտը վերանորոգելու համար, 15-28 սեպտեմբերին տեղի ունեցան բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ, որոնց եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2015-ին: Հաւաքը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի կազմակերպած ջահերթով:

ver-21_9-28-15

ver-22_9-28-15«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» կարգախօսին ներքեւ, Պուրճ Համուտի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի եւ հայութեան համար զոհուած նահատակներու յուշատախտակի բացման արարողութիւնը, որմէ ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անունով ծաղկեպսակ տեղադրուեցաւ Նահատակաց յուշարձանին դիմաց:

ver-19_9-28-15ver-20_9-28-15Այս առիթով, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Վարանդա Եագուպեան, որ նշեց, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, լիբանանահայութեան երիտասարդ ուժը ստանձնեց Լիբանանի հայահոծ թաղերուն, հայկական կառոյցներուն եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան պարտականութիւնը:

Եագուպեան ըսաւ, որ ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ արձանագրուեցան տասնեակներով զոհեր, որոնք նահատակուեցան պահակութեան դիրքերուն վրայ, ժողովուրդին օգնութեան փութացած ժամանակ, կամ անողորմ ռումբերու եւ կոյր փամփուշտներու հետեւանքով, ոմանք նաեւ առեւանգուեցան եւ անգթօրէն սպաննուեցան: Ան աւելցուց, որ բոլոր նահատակներուն յիշատակը պիտի մնայ անթառամ, այնքան ատեն որ ունինք անսակարկ նուիրումի ճամբայէն քալող յանձնառու եւ անձնուէր երիտասարդներ, որոնց նպատակը միշտ ու միշտ կը մնայ անփոփոխ` ծառայութիւն յանուն Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդին:

Իսկ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անունով խօսք առաւ Նժդեհ Մկրտիչեան, որ յայտնեց, թէ հայ երիտասարդութիւնը, մէկ կողմ դնելով կեանքի հաճոյքները եւ անձնական շահերը, փութաց անդամագրուիլ ՀՅԴ-ի «Կամաւոր բանակ»-ին: Մկրտիչեան հաստատեց, որ մոմավառութիւնն ու յիշատակի արարողութիւնները բաւարար չեն, այլ` պէտք է շարունակել նուիրական գործը, զոր սկսան մեր նախորդ սերունդները, պէտք է պահպանել հայ դպրոցը, միջավայրը, լեզուն եւ ինքնութիւնը:

Մկրտիչեան աւելցուց, որ նահատակները կը պատգամեն չյուսահատիլ, հաւատալ հայու ուժերուն, ներդրում ունենալ գաղութի կեանքին մէջ եւ մասնակցութիւն բերել կուսակցական եւ միութենական աշխատանքներուն: Մկրտիչեան նշեց, որ ջահերը նահատակներու կտակներն են, եւ մենք ջահերը ամուր բռնած պիտի անցնինք այն թաղերէն, ուր մեր նահատակները պաշտպանեցին ու հսկեցին:

ver-1_9-28-15

Զոյգ խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ կարգապահ եւ ոգեւորիչ ջահերթը` մասնակցութեամբ բազմահարիւր երիտասարդներու, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան շեփորախումբին եւ ՀՄԸՄ-ական սկաուտներու: Ապա ԼԵՄ-ականները ջահերով, իսկ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամները նահատակներու նկարները կրելով քալեցին մինչեւ «Փոլիկարպոս» կառատուն, ուր երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւնը:

Կառատան մէջ բոլոր սերունդներու ներկայացուցիչները ներկայ էին: Անոնք Լիբանանի եւ Դաշնակցութեան դրօշներով կը վերահաստատէին լիբանանահայութեան ապրելու կամքը արտայայտող «Այո»-ն: Կարգապահ երիտասարդներու ներկայութիւնը կ՛երաշխաւորէր գալիքի մարտահրաւէրները դիմակալելու ոգին: Իսկ բազմահազար հայութեան ներկայութիւնը նոր շունչ ու ոգի կու տար Պուրճ Համուտին` յաւելեալ պատասխանատուութեամբ շարունակելու նահատակներու ուղին:

ver-13_9-28-15ver-12_9-28-15ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ քայլերգներու նուագին կատարումէն ետք, խօսք առին օրուան հանդիսավարները` Շաղիկ Յովսէփեանը եւ Վարդան Ազնաւորեանը, որոնք նշեցին, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 15 տարիներուն ընթացքին լիբանանահայութիւնը մղեց գոյապայքար` Լիբանանին հետ, հայութեան համար: Անոնք աւելցուցին, որ գաղութին քայքայումը ներքին թէ արտաքին թշնամիներուն երազն էր, որ պէտք չէր իրականանար, եւ այդ երազը կասեցնելու համար լիբանանահայութիւնը մէկ բռունցքով դէմ կանգնեցաւ եւ դիմեց հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան: Ներկաները յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցեցին նահատակներուն յիշատակին, մինչ հանդիսավարները կարդացին նահատակներուն անունները:

ver-9_9-28-15ver-10_9-28-15Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը բարձրօրէն կը գնահատէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին զոհուած հայորդիներուն յիշատակը յարգելու, անոնց ծառայութեան անդրադառնալու եւ քաջութիւնը պանծացնելու նախաձեռնութիւնը: Արամ Ա. կաթողիկոսը շեշտեց, որ պատմութիւնը հերոսներով ու նահատակներով եւ ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերուն համար յանձնառու կերպով ծառայող անձերով կը կերտուի, եւ այս «նուիրեալ անձերը» կը մնան պատմութեան մէջ` իրենց ճառագայթող ներկայութեամբ ու կը դառնան փարոսները նոր սերունդներուն (Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը ամբողջութեամբ https://www.aztagdaily.com/archives/260939):

Իսկ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին ուղերձը, որուն մէջ նախարարը կը շեշտէ, որ լիբանանահայութիւնը պատուով յաղթահարեց 1975-1990 թուականներու քաղաքացիական պատերազմը` հերոսաբար դիմակայելով սպառնացող վտանգները: Ուղերձին մէջ Օհանեան կ՛ըսէ. «Ձեր ցուցաբերած արիութեան եւ տոկունութեան շնորհիւ երաշխաւորուեցաւ հայկական թաղամասերու անդորր եւ բնականոն կեանքը: Կեանքի գնով ինքնապաշտպանութեան ուժերը կանխեցին օտար ուժերու ներթափանցումը, պահպանեցին ազգային կառոյցներն ու հաստատութիւնները (Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին խօսքը ամբողջութեամբ https://www.aztagdaily.com/archives/260973):

ver-15_9-28-15

Օրուան պատգամախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ նահատակներու յիշատակի օրը նաեւ յաղթանակի օր է, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը յաղթած է այն բոլոր ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն, որոնք փորձեցին ջլատել լիբանանահայութեան կենսունակութիւնը, հարուածել միասնականութիւնը, լուսանցքայնացնել համահայկական դերակատարութիւնը եւ վտանգել գոյութիւնը: Հաւաթեան հաստատեց, որ այսօր ալ քաղաքական զգօնութիւնը եւ հայ համայնքի միասնական դրսեւորումը կը շարունակեն մնալ ցնցումներէ եւ արկածախնդրութիւններէ հեռու պահելու կարեւոր նախադրեալները: Հայեցի դիմագիծի պահպանման վերաբերեալ Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ 40-ամեակը առիթ է վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը` դաշնակցական անկեղծ զինուորի անբասիր ու վեհանձն ոգիով (Յակոբ Հաւաթեանին խօսքը ամբողջութեամբ https://www.aztagdaily.com/archives/260938):

ver-18_9-28-15

Ժողովրդային հանդիսութեան ընթացքին ներկաները դիտեցին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ներկայացնող տեսերիզ մը, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի երգիչներ Ներսիկ եւ Արաբօ Իսպիրեաններ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ երգիչներ Վիգէն Տիշչեքենեան եւ Սերոբ Յակոբեան: Երգիչներուն կ՛ընկերակցէին Սեդօ Պաղտասարեան եւ Վահէ Սիմոնեան: Երգիչները ներկայացուցին փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգեր, նուիրուած լիբանանահայ նահատակներուն ու հերոսներուն, արցախեան ազատամարտիկներուն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ»-ով` չորս երգիչներու կատարողութեամբ:

ver-17_9-28-15

ver-23_9-28-15

 

 

 

 

 

 

ver-11_9-28-15

ver-5_9-28-15

Նախորդը

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Հանդիսութեան Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները
Գաղութային

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները

March 10, 2026
Մոջթաբա Խամենէի Իրանի  Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի Իրանի Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ

March 10, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.