Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի հետ:
Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` հանդիպումը տեղի ունեցած է Միջխորհրդարանական միութեան 133-րդ վեհաժողովին շրջագիծին մէջ:
Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ Հայաստանը մեծ ցաւ կ՛ապրի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: «Մենք Սուրիոյ հետ աւելի քան բարեկամներ ենք: Մենք երբեք չենք մոռնար, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերը ջերմութեամբ ընդունած են Սուրիոյ մէջ եւ ապրելու համար անհրաժեշտ պայմաններ ապահոված», ըսած է Սահակեան:
Խօսելով հայ-սուրիական խորհրդարանական գործակցութեան մասին` Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը նշած է, որ պատգամաւորները պարբերաբար կ՛այցելեն Սուրիա, կը ծանօթանան տեղւոյն իրավիճակին եւ մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդեն իրեն: Գալուստ Սահակեան նկատել տուած է, որ թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան եւ թէ՛ աշխարհի միւս ցեղասպանութիւններուն լիարժէք դատապարտման բացակայութեան պատճառներէն մէկը այն է, որ այսօր ալ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին ցեղասպանութեան յատկանիշներով պատերազմներ եւ այլ երեւոյթներ:
Խօսելով Սուրիոյ հետ բազմակողմանի համագործակցութեան մասին` Սահակեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի խորհրդարանականները բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ կը շարունակեն ըլլալ եղբայրական Սուրիոյ կողքին:
Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը Գալուստ Սահակեանը հրաւիրած է Սուրիա:
«Ռուս-սուրիական դաշինքը արդէն լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած է: Շնորհակալ ենք մեր կողքին ըլլալու, մեզի աջակցելու համար, եւ կը խնդրեմ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի շնորհակալութիւնը փոխանցել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին», ըսած է Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ:
Խօսելով Միջխորհրդարանական միութեան վեհաժողովի աշխատանքներուն մասին` Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահը յայտարարած է, որ միջազգային հանրութեան կողմէ իրենց նկատմամբ կը կիրարկուին երկակի չափանիշներ: