Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն». «Մենք Մեր Ճիգերը Միացնելով Ընկերային Ցանցերուն Վրայ Պէտք Է Կատարենք Առարկայական Քննարկումներ` Ստեղծելով Համապատասխան Հարազատ Հայկական Տարածք» «Բաց Քննարկում»-ի 4-րդ Յայտագիրին Ընթացքին Հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան

Հոկտեմբեր 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի

Երէկ` հինգշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի 4-րդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր «Հայկական իրականութեան մէջ ընկերային ցանցերու դրական եւ ժխտական ազդակները»: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան:

Յայտագիրի գլխաւոր հիւրն էր Համազգայինի Գրատարածի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ իր խօսքի սկզբնաւորութեան շեշտեց, որ «Բաց քննարկում» յայտագիրը կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին արդէն ժողովուրդին մօտ ստեղծած է մեծ հետաքրքրութիւն` աւելցնելով, որ այս յայտագիրը կրնայ նոր ակօս մը բանալ մեր մտայնութեան, մեր աշխարհահայեացքին եւ մեր ընկերութեան մէջ, ինչ որ դրական եւ կառուցողական է:

Հաւաթեան ըսաւ, որ մարդկային արժէքային համակարգը ընկերային ցանցերու գոյութենէն առաջ արդէն նահանջի մէջ է եւ այդ նահանջը կը շարունակուի, ուստի, կարելի չէ այս ընթացքը` արագ, դիւրին եւ մակերեսային մօտեցումները վերագրել միայն ընկերային ցանցերուն, որովհետեւ արժեչափերը փոխուած են եւ այս փոփոխութեան մէջ կան բազմաթիւ առարկայական գործօններ:

Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ առարկայական քննադատութիւնները մեր հայ կեանքը կը լիցքաւորեն, կը հարստացնեն, իսկ մեր հաւաքական կեանքին մէջ ինքնաքննադատութեան գործօնը պահելը մարտահրաւէր է:

Ապա Հաւաթեան խօսեցաւ ընկերային ցանցերու դրական եւ ժխտկան ազդակներուն, գործածութեան չափի, ձեւի եւ ժամանակի պայմաններու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ լեզուական խնդիրներուն մասին: Ան ըսաւ, որ մեր վարժարաններուն մէջ բազմաթիւ բաժանմունքներու եւ գրասենեակներու կողքին պէտք է նաեւ արդի արհեստագիտութեան բոլոր ստորոգելիներու համապատասխան ուղղուածութիւններ փոխանցուին, որպէսզի ընկերային ցանցերուն գործածութիւնը ճիշդ եւ նպատակասլաց կերպով կատարուի, որպէսզի դառնայ այնպիսի միջոց մը, որմէ մեր ժողովուրդը կ՛օգտուի:

Րաֆֆի Տեմիրճեան ներկայացուց յայտագիրի հարցախոյզի նշեալ նիւթին առնչուած հարցումը: «Ընկերային ցանցերը կը հեռացնե՞ն երիտասարդութիւնը ազգային արժէքներէն եւ մշակոյթէն» հարցումին պատասխանած են 304 հայորդիներ, որոնց 66 առ հարիւրը «Այո» ըսած է, իսկ 34 առ հարիւրը` «Ոչ»:

Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ. «Ազատութիւնը ջուրի եւ օդի նման կարեւոր է, բայց ջուրին ու օդին պէտք եղածէն աւելի չափով գործածութիւնն ալ կրնայ վնասել առողջութեան, ուստի, ազատութեան հասկացողութեան չափի շրջանցումն ալ կրնայ վնասել մեր արժէքային համակարգին: Ան շեշտեց, որ անհատը ինք կը ճշդէ իր սահմանները, երբ ըմբռնած ըլլայ մեր ազգային համակարգը, երբ իր ստացած դաստիարակութեամբ գիտէ մեր կարմիր գիծերը, որոնց շրջանցումը այսուհետեւ չ՛ունենար դրական անդրադարձ:

«Բաց քննարկում» յայտագիրի գլխաւոր հիւրը ըսաւ. «Մենք մեր ճիգերը միացնելով եւ արժեչափերը բարձրացնելով ընկերային ցանցերուն վրայ պէտք է կատարենք անկեղծ եւ առարկայական քննարկումներ` գուրգուրալով այս ժամանակակից բեմին եւ ստեղծելով համապատասխան հարազատ եւ օգտակար հայկական տարածք»:

Անդրադառնալով ընկերային ցանցերուն մէջ դաշնակցականի դերակատարութեան` Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ «դաշնակցականը ուր որ ալ գտնուի դաշնակցական է` «Ֆէյսպուք»-ի տարածքին մէջ, գործին մէջ, տունը, փողոցը կամ այլուր. ան յանձնառու է եւ իրեն համար Դաշնակցութեան գաղափարները պէտք է ըլլան առաջնորդող: Դաշնակցականը պատասխանատու մարդ է իր խօսքով, կեցուածքով, գործով եւ վարքով»:

Յայտնենք, որ յայտագիրին հեռաձայններով իրենց մասնակցութիւնը բերին Միսաք Թերզեան, Արամ Գարատաղլեան, Անի Գէլեան, Վարդան Ազնաւորեան եւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն չորս աշակերտներ, որոնք արտայայտեցին իրենց տեսակէտները: Յայտագիրին ընթացքին նաեւ կարդացուեցան նիւթին շուրջ յայտագիրի դիմատետրի էջին վրայ գրուած չորս գրառումներ:

 

Նախորդը

30-Ամեակ` Գաղափարի Մարտիկին Առեւանգման Եւ Նահատակութեան

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 108. Վաչէ Բրուտեան Ներկայացուց «Միջազգային Մամուլն Ու Միջին Արեւելքի Իրադարձութիւններու Լուսաբանման Խնդիրները» Նիւթը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?