Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Նախագահ Սարգսեանի. Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններու Ծիրին Մէջ Հայաստանը Հասած Է Պատասխանատու Հանգրուանին

Հոկտեմբեր 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nakhakah_10-21-15

Աշխատանքային այցելութեամբ Սպանիա գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մատրիտի մէջ մասնակցած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան համագումարին:

Համագումարին մասնակցած են Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահներ Տոնալտ Թուսքն եւ Ժան-Քլոտ Եունքերը, Եւրոպական Միութեան անդամ եւ Արեւելեան գործընկեր երկիրներէ  Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան անդամակցող կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ:

Նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` Սերժ Սարգսեան, համագումարին ընթացքին հանդէս եկած է ելոյթով` յայտարարելով, թէ  Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ Հայաստանը հասած է պատասխանատու հանգրուանին:

«Անցեալ շաբաթ Լիւքսամպուրկի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհուրդը տրամադրեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու նոր իրաւական հիմքի ձեւաւորման շուրջ բանակցութիւններ սկսելու ծրարը: Լիայոյս եմ, որ բանակցութիւններուն իբրեւ հետեւանք մշակուած փաստաթուղթը կ՛ուրուագծէ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ համապարփակ փոխադարձ գործակցութիւնը` դառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու միացեալ յանձնառութեան լաւագոյն երաշխիք», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ յառաջիկայ  սահմանադրական հանրաքուէին` ըսելով, թէ այդ ձեւով Հայաստանը կը շարունակէ զարգացնել ժողովրդավարական հաստատութիւնները, իշխանութեան ճիւղերու հաւասարակշռումը, մարդու իրաւունքներու  պաշտպանութիւնն ու դատական համակարգի անկախութիւնը:

«Եթէ մեր ժողովուրդը 6 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք հանրաքուէին ընթացքին համաձայնութիւն տայ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, ապա Հայաստանը կիսանախագահական կառավարման համակարգէն պիտի անցնի խորհրդարանական համակարգ, որ աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ իշխանութեան տարբեր թեւերու փոխադարձ գործակցութիւնը, հիմքեր պիտի ստեղծէ տնտեսութեան աւելի արագ զարգացման համար, պիտի բարձրացնէ  մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մակարդակը, պիտի զօրացնէ  ընդդիմութեան դերակատարութիւնը: Հանրաքուէն դիտարկելու համար մենք հրաւիրած ենք Եւրոպական Միութիւնը, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը, ԵԱՀԿ-ը եւ այլ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ. վստահ եմ, որ ձեր մասնակցութեամբ եւ ձեր լաւագոյն փորձով ալ աւելի պիտի խթանէք Հայաստանի մէջ  ժողովրդավարական հոլովոյթներու յառաջընթացը», ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Ուղղած Է Թուրքերուն Ընտրութիւններուն Քուէարկելու Քրտամէտ Կուսակցութեան Օգտին

Յաջորդը

Խմբագրական. 22 Հոկտեմբեր 75-ին (40-Ամեակ)

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?