Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ` Ասատ-Փութին Հանդիպում

Հոկտեմբեր 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ասատ եւ Փութին
Ասատ եւ Փութին

Քրեմլին եւ Սուրիոյ նախագահական պալատը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երեքշաբթի օր այցելած է Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուած են Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Շոյկու եւ Սերկէյ Լաւրով:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահութիւնը նշած է, թէ Ասատ այդ այցելութենէն ետք վերադարձած է Դամասկոս:

Երկու նախագահները քննարկած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ զինուորական գործողութիւններու շարունակման վերաբերեալ հարցեր: Ասատ Փութինին ներկայացուցած է երկրի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիական բանակի ծրագիրները եւ զինուորական գործողութիւններու ընթացքը:

Ըստ միացեալ հաղորդագրութեան, Փութին պատրաստակամութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան ու քաղաքական հոլովոյթին օժանդակելու եւ նշած, որ միջազգային այլ ուժերու հետ կապ պիտի հաստատէ` քննարկելու համար խաղաղ լուծման գոյացման կարելիութիւնները:

Ասատ խոր երախտագիտութիւն յայտնած է Ռուսիոյ տրամադրած աջակցութեան համար` նշելով, որ ատիկա արգելք հանդիսացաւ, որ Սուրիոյ մէջ աղէտալի դիպաշար մը տեղի ունենայ:

Շեշտելէ ետք, որ ահաբեկչութիւնը Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին դիմաց արգելք մըն է, Ասատ նշեց, որ զինուորական որեւէ գործի պէտք է հետեւին քաղաքական քայլեր` աւելցնելով, որ ամբողջ սուրիացի ժողովուրդը կ՛ուզէ երկրին ապագային ճշդման մասնակից դառնալ:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Փութինի հետ Ասատի բանակցութիւնները եղած են երկարատեւ եւ ընթացած նեղ ու ընդլայնուած կազմերով` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ ղեկավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու:

Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ յայտարարեց, որ Ասատ-Փութին հանդիպումը «շատ կարեւոր էր»` նշելով, որ քննարկուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերը:

«Այս այցելութիւնը աշխարհին ուղղուած պատգամ մըն է, թէ Սուրիոյ ղեկավարութեան ճակատագիրը կը ճշդէ սուրիացի ժողովուրդը, եւ սուրիացի ժողովուրդէն բացի ոչ ոք իրաւունք ունի այդ մասին խօսելու», ըսաւ դեսպանը` աւելցնելով. «Փութին վստահեցուց, որ Սուրիոյ մէջ գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ շրջանին մէջ վերջ տրուի ահաբեկչութեան»:

Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ասատի Մոսկուա այցելութենէն ետք հեռաձայնած է Փութինին: Վերջինս զինք տեղեակ պահած է այցելութեան արդիւնքներէն եւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներէն:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր կարգին հաղորդեց, որ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Էրտողան Սուրիոյ մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած է, ինչպէս նաեւ խօսած զինուորական գործողութեանց մագլցումին լոյսին տակ տեղահանուածներու հոսքի աճին գծով իր մտավախութեան մասին:

Նշենք, որ Փութին իր կարգին Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն հարցով հեռաձայնեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ եթէ Քաթար Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու իր սպառնալիքը գործադրէ, «զայն ուղղակի ներխուժում մը պիտի նկատենք, եւ մեր հակադարձութիւնը շատ բիրտ պիտի ըլլայ»:

«Սուրիան դիւրին պատառ մը չէ ո՛չ քաթարցիներուն, ո՛չ սէուտցիներուն, ո՛չ ալ թուրքերուն համար», ըսաւ ան` նշելով. «Սուրիոյ քանդումին մէջ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը շատ յստակ էր»:

Միւս կողմէ, մինչ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական պետութեանց եւ Ափրիկէի հարցերու օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտարարեց, որ Իրան սուրիական կառավարութեան խնդրանքով Սուրիոյ մէջ իր զինուորական խորհրդատուներուն թիւը բարձրացուցած է, եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի նպատակը միայն ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է, Քանատայի նորընտիր վարչապետ Ճասթըն Թրիւտօ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին վերջինիս փոխանցած է, որ մտադիր է քանատական պատերազմական օդանաւերը հեռացնել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքէն, սակայն նշած, որ իր երկիրը կը շարունակէ այդ դաշինքին «ուժեղ անդամ մը մնալ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Վիեննայի հանդիպումին նախօրեակին իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ կացութիւնը:

Նշենք, որ ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Վիեննայի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումը պիտի կայանայ այսօր:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական օդանաւերը Սուրիոյ վերեւ 46 թռիչք կատարելով հարուածած են ահաբեկիչներուն պատկանող 83 թիրախներ: Նախարարութիւնը նշեց, որ ռուսական ռմբաձիգները Խան Շէյխունի մէջ քանդած են Ժապհաթ Նուսրայի մէկ «մեծ ռազմակայանը»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան օդուժին պատկանող 12 նոր պատերազմական օդանաւեր հասած են Ինճիրլիք` մասնակցելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն:

Քիւրտ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քրտական վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Թել Ապիատ քաղաքը կը կցէ իրեն:

 

Նախորդը

Փերեցէն Ետք Նաեւ Նեթանիահու

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?