Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 22 Հոկտեմբեր 75-ին (40-Ամեակ)

Հոկտեմբեր 22, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ViennaAmbassador-10-22-15

22 հոկտեմբերի խորհուրդի այժմէականացման փորձը անպայման Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով արծարծուած թեմաներու ընդհանուր պարունակին մէջ դիտարկումի կրնայ մղել նման մտադրութիւն ունեցող ոեւէ հայ անհատ:

Հարիւրամեակի մեր գիտաժողովներու, համագումարներու, ձեռնարկներու, հրատարակութիւններու եւ տարատեսակ ծրագիրներու բովանդակութենէն ի սպառ բացակայեցաւ 22 հոկտեմբերի թողած աւանդը, բացած ուղին:

Աւելի խորահայեաց դիտարկումը եզրակացնել կու տայ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթարշաւի սկիզբը 22 հոկտեմբերի ձգած ազդեցութիւնն էր: Լռութեան պատը քանդողը 22 հոկտեմբերն էր, դէպքերուն ուժական արձագանգը տարբեր երկիրներու խորհրդարան հասցնող թուականը, յեղափոխական աւանդներու վերադարձ կատարելով քաղաքական արդիւնքներ ձեռք ձգողը:

Պայքարի անտեղիտալիութեան, վճռակամութեան, ետդարձ չճանչնալու, չընկրկելու եւ պահանջատիրական արշաւին նոր տարողութիւն ու բնոյթ տալու ընթացքը բոլորովին նոր հարթութիւն կը տեղափոխէր Հայ դատի պայքարի եղանակը:

Բազմաթիւ ուղղութիւններով այս թուականը հունաւորող դերակատարութիւն ունեցաւ: Նախ անշուշտ ներքին առումով հոգեփոխեց երիտասարդութիւնը, որ ինքնակազմակերպուելէ եւ քաղաքականացման ուղին որդեգրելէ ետք ինքզինք գտաւ այլ եղանակով մը թշնամիին հետ առերեսուելու վտանգաւոր, այլ խիզախ ընտրանքին առջեւ:  Այս հոգեփոխութեան անդրադարձը շատ երկար ազդեցութիւն ունեցաւ երիտասարդութեան հայ կազմակերպ կեանքին աշխուժօրէն ներգրաւման տարաբնոյթ գործընթացներուն վրայ:

Միջազգային ընտանիքն ու հանրային կարծիքը դէմ յանդիման գտնուեցան արիւնով ամրագրուող փաստերու դիմաց: Այդ օրերուն հանգամանքներուն համահունչ թուացող, բայց իր էութեամբ ու տեսակին մէջ եզակի, հայ ժողովուրդի պահանջատէր երիտասարդութիւնը որոշած էր ամէն գնով քանդել լռութեան պատը եւ աշխարհին լսելի դառնալ երկաթէ լեզուով: Ուրացումը կամ պիղատոսութիւնը կիրարկման նեղ տեղ ունէր այլեւս: Մեծ պետութիւններու մայրաքաղաքներուն մէջ օր ցերեկով հայ երիտասարդը ինքզինք կը փաստէր ազգային իր դատին զինուորագրուած ըլլալու վեհ օրինակներով:

Եւ վերջապէս, ցեղասպան պետութեան ժառանգորդը, որ թղթաբանական, յուշագրական եւ առաւելագոյն պարագային խաղաղ ցոյցերու մէջ կ՛ուզէր ընդմիշտ թաղել Հայ դատը, հասկցաւ, խորապէս գիտակցեցաւ, որ այս ժողովուրդը գիտէ ընտրել յարմար պահն ու ժամանակը անթեղուած աւանդներուն վերադառնալու:  Եւ թէ այդ աւանդները այնքան միաձուլուած են հայութեան էութեան հետ, որ ո՛չ ժամանակը, ո՛չ պայմանները, ո՛չ ալ անհաւասար ուժերու յարաբերակցութիւնը կրնան արմատախիլ ընել անկէ: Հայոց ցեղասպանութենէն վաթսուն տարի ետք, վտարանդի դարձած հայութեան երրորդ սերունդը ոտքի կանգնելու թէ՛ պատրաստակամութիւնը ունէր եւ թէ՛ նաեւ պատրաստուածութիւնը: Միջավայրեր կային ուրեմն, հնոցներ գուցէ, ուր կ՛ապահովուէին թէ՛ պատրաստակամութիւնը եւ թէ՛ պատրաստուածութիւնը: Այս փաստին հետ հաշուի նստելու հարկադրանքին տակ էր Թալէաթին յաջորդը:

Եւ եթէ վաթսուն տարի անթեղուած աւանդները վերյառնած էին, ապա բոլորը պիտի մտածեն, որ ժխտողականութիւնը, ուրացումը, ճշմարտութեան դէմ պայքարը, իրաւազրկելու յաջորդական քաղաքականութիւնները կրնան վերստին արթնցնել աւանդներուն վերադառնալու հաւաքական կամքերը:

Հարիւրամեակը գիտական ու առարկայական արժեւորումը ցարդ չկատարեց 22 հոկտեմբերին: Վիեննայէն Լիզպոն մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ արձանագրուող էջերը կը բացատրեն, թէ ինչպէ՞ս ճարճատեցաւ լռութեան պատը, ճանաչումի բանաձեւերը ինչպէ՞ս քուէարկուեցան խորհրդարաններուն մէջ եւ թէ հարիւրամեակին ինչպէ՞ս գոյացաւ ճանաչումի յաղթարշաւը:

Թուականներ կան, որոնք նոր ուղի, նոր հուն, նոր եղանակ կը ստեղծեն, եւ ուշ, բաւական ուշ կ՛արժանանան պատմագիտական արժեւորումի: Անոնցմէ է 22 հոկտեմբերը:

Նախորդը

Ըստ Նախագահ Սարգսեանի. Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններու Ծիրին Մէջ Հայաստանը Հասած Է Պատասխանատու Հանգրուանին

Յաջորդը

Մահուան Սպառնալիքներ` Ինքնակոլի Համար

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?