
19 հոկտեմբերին Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է լիբանանահայ բանաստեղծ, թարգմանիչ Սարգիս Կիրակոսեանին նուիրուած ձեռնարկ: Տեղի ունեցած է նաեւ անոր վերջին` «Ականեալ ձայներ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը:
Ամիսներ առաջ անժամանակ մահացած մտաւորականին, անոր գրական ժառանգութեան անդրադարձած են գրչակից ընկերները: Անոնք դիտել տուած են, որ Կիրակոսեան ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան երեւելի դէմքերէն էր, շատ հայրենասէր էր, քաջածանօթ էր ինչպէս Պէյրութի, այնպէս ալ Հայաստանի գրական անցուդարձերուն:
«Սարգիս Կիրակոսեանը մէկ ոտքով Պէյրութ էր, միւսով` Հայաստան: Գրական մեր անցուդարձերուն իր անմիջական մասնակցութիւնը ունէր` ըլլայ օտարազգի գրականութիւնը, թէ մեր սփիւռքահայ գրականութիւնը, թէ հայաստանեան, արցախեան, թէ օտար յայտնի դէմքերը բերելու Հայաստան, անոնց գործերուն թարգմանութեամբ», ըսած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան:
Սարգիս Կիրակոսեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական եւ հայագիտական բաժինի տնօրէնն էր: Եղած է «Բագին» գրական հանդէսի փոխխմբագիրը: Մեծ վաստակ ունեցած է արաբական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու աշխատանքին մէջ: Երկար տարիներ զբաղած է մանկավարժական աշխատանքով, դասաւանդած է հայ գրականութիւն:
«Նոր սերունդի բանաստեղծ էր, նոր խօսք ըսող, բայց մէկ տարբերութեամբ, որ ան երբեք կապերը չկտրեց անցեալին հետ: Դասական եւ ժամանակակից բանաստեղծութեան համախմբումով բանաստեղծութիւն կը գրէր», ըսած է բանաստեղծ, գրականագէտ Հենրիկ Էդոյեան:
2015-ին նախագահ Սերժ Սարգսեան Սարգիս Կիրակոսեանը պարգեւատրած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:


