Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հարցով ՄԱԿ-ի Յատուկ Պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի Հետ

October 22, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

dem_10-21-15

Երեքշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2015-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ:

Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան ու վերջին զարգացումներուն շուրջ տեղեկութիւններու եւ տեսակէտներու փոխանցումէ ետք, վեհափառ հայրապետը սուրիական հարցին խաղաղ լուծման իր պատկերացումը ներկայացուց հետեւեալ ձեւով:

Արամ Ա. կաթողիկոս նախ շեշտեց սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը` յիշեցնելով, որ նման տագնապներուն մնայուն ու ամբողջական լուծում կարելի չէ տալ սոսկ զինուորական միջամտութեամբ: Քաղաքական լուծում կ՛ենթադրէ քաղաքական հոլովոյթ` մասնակցութեամբ խաղաղ լուծման յանձնառու բոլոր կողմերուն: Նման հոլովոյթին պէտք է մասնակցին կողմերը առանց նախապայմանի, որովհետեւ վերջին խօսքը կը պատկանի ժողովուրդին, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ապա, վեհափառ հայրապետը առաջարկեց Տը Միսթուրային, որ կողմերը նման յանձնառութեան մղող ու քաղաքական հոլովոյթին յստակ ուղղութիւն տուող «ճամբու քարտէս» մը պատրաստէ` յատուկ ուղեգիծով ու ժամանակացոյցով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց ՄԱԿ-ի պատուիրակին, որ բնականաբար նման նախաձեռնութեան գծով անհրաժեշտ է ունենալ միջազգային ու շրջանային ուժերուն օրհնութիւնը: Շարունակելով իր պատկերացումը` վեհափառ հայրապետը առաջարկեց Տը Միսթուրային, որ յիշեալ ծրագիրի գործադրութիւնը աւելի հնարաւոր կրնայ դառնալ երկու անհրաժեշտ քայլերէ մեկնելով` առաջին, ընդհանուր զինադուլ եւ արտաքին զինուորական օժանդակութիւններու դադարեցում ու երկրորդ` հանգրուանային մօտեցում թէ՛ «ճամբու քարտէս»-ին մէջ ճշդուած սկզբունքներու գործադրութեան եւ թէ՛ շրջաններու մէջ ապահովութեան հաստատման: Այս վերջին կէտին գծով Արամ Ա. կաթողիկոս առաջարկեց սկսիլ Հալէպէն` նկատի ունենալով քաղաքին քրիստոնեայ-իսլամ նկարագիրը եւ պատմական կարեւորութիւնը:

ՄԱԿ-ի պատուիրակը ամբողջութեամբ համաձայն գտնուեցաւ վեհափառ հայրապետին պատկերացումին ու առաջարկներուն, միաժամանակ ան իր մտահոգութիւնը յայտնեց կարգ մը կողմերու մօտեցման, ինչպէս նաեւ արտաքին կողմերու հետապնդած նպատակներուն գծով: Ան նաեւ համաձայն գտնուեցաւ, որ Հալէպը դառնայ առաջին հանգրուանը Սուրիոյ տագնապը քաղաքական լուծման առաջնորդող հոլովոյթին: Այս շրջագիծին մէջ, Տը Միսթուրա յիշեցուց վեհափառ հայրապետին, որ դժբախտաբար արտաքին որոշ կողմ մը պատճառ հանդիսացաւ, որ ամիսներ առաջ Հալէպի համար պատրաստած իր ապահովական ծրագիրը ձախողութեան մատնուի:

Վեհափառ հայրապետը յիշեցնելով Տը Միսթուրային, որ հայ համայնքը Սուրիոյ կարեւոր քրիստոնեայ համայնքներէն մէկն է, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ համայնքին եւ յատկապէս Հալէպի մէջ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կինը Եւ Առողջութիւնը` Մանկութենէն Մինչեւ Հասուն Տարիք» Նիւթով

Յաջորդը

Հրապարակային Քննարկում-Արձագանգ 3. Փերինչեքը Յաղթեց Ոչ Միայն Զուիցերիային Ու Հայաստանին, Այլեւ Եւրոպային Եւ… Բարոյականութեանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.