
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մատրիտի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ Ժոզեֆ Տոլի հետ:
Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` զրուցակիցները քննարկած են ԵԺԿ-ի հետ հետագայ համագործակցութեան զարգացման, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հեռանկարին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն – Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւն միջկուսակցական կապերու ամրապնդման, միջազգային հարթակներուն վրայ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան գործընկերներուն հետ Հայաստանի գործակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանուր խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր:
Կողմերը անդրադարձած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին եւ գոյութիւն ունեցող հարցերուն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին եւ գաղթականներու ճգնաժամին մասին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ժոզեֆ Տոլին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներ կազմակերպելու հոլովոյթը եւ մայր օրէնքին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններուն իրականացման կարեւորութիւնը Հայաստանի համար:
Ընդգծելով Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան քաղաքական համաժողովի «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ եւրոպական արժէքները» բանաձեւին կարեւորութիւնը` նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է կուսակցութեան նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան այն անդամներուն, որոնք միացած են այդ յայտարարութեան:


