Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած է Եւրոպայի մէջ ապրող թուրքերուն` 1 նոյեմբերին Թուրքիոյ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկելու քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան օգտին:
Ըստ «Ակօս»-ի, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը իբրեւ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար պայքարող, ազգային, մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւնները յարգող կազմակերպութիւն ներկայացնելով` Հայ դատի յանձնախումբը յիշեցուցած է, որ այդ կուսակցութեան անդամներու շարքերուն մէջ կան նաեւ հայ թեկնածուներ:
«Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարան մտնելը ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան երաշխիք պիտի ըլլայ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը 7 յուլիսի ընտրութիւններուն ալ կոչ ուղղած էր քուէարկելու ի նպաստ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան: