Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երեւանը Կրնայ Կամրջել Եւրոպական Միութիւնն Ու Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը

Հոկտեմբեր 20, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Eurasia-EU_10-19-15

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահին յայտարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն նոր պայմանագիր կնքելու հեռանկարին մասին  ուղենշային է, իրադրութիւններու հետագայ ընթացքին մասին որոշ կանխատեսումներ կատարելու ուղղութեամբ: Պարզ է, որ դեկտեմբերին, Եւրոպական Միութիւն կը ստանայ լիազօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ բանակցութիւններ սկսելու` նոր ձեւաչափով փաստաթուղթ ստորագրելու համար: Վիլնիւսէն ետք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ տարուող բանակցութիւնները սառեցուած էին: Հիմա հետզհետէ պարզ կը դառնայ, որ կողմերը պատրաստ են նոր բովանդակութեամբ համաձայնագիր կնքելու:

Նոր համաձայնագիրի բովանդակութեան մասին տարատեսակ կանխատեսումներ կային եւրոպացի պաշտօնատարներու կողմէ: Ոմանք սահմանափակ բնոյթ կը նախատեսէին այն առումով, որ համաձայնագիրը կ՛ունենայ քաղաքական բնոյթ, սակայն ոչ տնտեսական` նկատի ունենալով, որ Երեւանը իր որոշումը կայացուցած էր արդէն լիիրաւ անդամ դառնալով Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ):

Երեւանը կը շարունակէր յայտարարել, որ ինք պատրաստ է «ԹԷ՛, թէ՛»-ի կամ «Ե՛ւ, ե՛ւ»-ի փոխլրացուցիչ, բազմաշառաւիղ (բազմավեկտոր) կամ հաւասարակշիռ արտաքին քաղաքականութիւնը շարունակելու:

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահին յայտարարութիւնը կը շրջէ հետագայ պայմանագիրին բովանդակութեան սահմանափակ ըլլալու տեսութիւնը: Յատկանշական է յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան ԵՏՄ-ին անդամակցութիւնը բոլորվին չի նշանակեր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Եւրոպական Միութիւնը չեն կրնար ունենալ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններ յատկապէս այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մեծամասնութիւնը ուղղուած է դէպի Եւրոպական Միութեան տարածք: Այս մէկը յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի համար, որ ԵՏՄ-ի անդամ է եւ աւելի հակուած է  դէպի Մոսկուա, իսկ կնքուելիք փաստաթուղթը Հայաստանին կու տայ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու միջեւ  հաւասարակշռութիւնը պահպանելու հնարաւորութիւն»:

Ուրեմն, ըստ համաեւրոպական գլխաւոր հաստատութեան փոխնախագահին, բանակցելի փաստաթուղթը կ՛ունենայ նաեւ առեւտրատնտեսական բաժին, քաղաքականին առընթեր: Իսկ եթէ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական բաժինները ներառուած են, ապա պէտք է սպասել իմանալու համար տարբերութիւնները ա՛յն փաստաթուղթին, որ Երեւանը չստորագրեց Վիլնիւսի մէջ եւ այն, որուն շուրջ շուտով կը սկսին բանակցութիւնները:

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահին մէջբերուած յայտարարութեան երկրորդ բաժինը աւելի յատկանշական է: Ուղղակի կը խօսի այն մասին, որ Երեւանը կ՛ուզէր իբրեւ հիմնարար դերակատարութիւն ինքնաստանձնել: Կնքուելիք փաստաթուղթը Երեւանին կու տայ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու միջեւ հաւասարակշռութիւն պահպանելու հնարաւորութիւն: Այլ խօսքով` Եւրոպական Միութեան եւ ԵՏՄ-ի միջեւ կամուրջի դեր կրնայ ստանձնել Երեւանը, նոր պայմանագիրին ստորագրութեամբ:

Աշխարհաքաղաքական կարեւոր կեդրոններու միջեւ կամրջումի եւ հաւասարակշռումի դերին ստանձնումով Երեւանին առջեւ կրնան բացուիլ նոր հեռանկարներ:

Այդպիսի դերակատարութիւն ստանձնելուն համար կայ նաեւ նպաստաւոր հիմք, ինչպէս օրինակ  աշխարհաքաղաքական խաչմերուկի դերը, որ ի դէպ Իրանի ու Վրաստանի միջոցով կարող է կապել նաեւ ասիական արեւելքը (Պարսից ծոց ու Չինաստան)  Եւրոպայի հետ` Սեւ ծովու ճանապարհով: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ դերին կրնայ յաւակնիլ նաեւ հեռանկարային հաշուարկով կայունութեան կղզեակ հանդիսանալու հանգամանքին շնորհիւ: Այսօր բոլորին  համար յայտնի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը զերծ է ներքաղաքական ցնցումներու տեղի տուող կրօնական, ժողովրդագրական եւ այլ առանձնայատկութիւններէ: Առկայ թերութիւններով հանդերձ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ հետեւողականօրէն խորացնել երկրին ժողովրդավարական մթնոլորտը, ինչ որ նոյնպէս կարեւոր հանգամանք է ներքաղաքական լուրջ ցնցումներէ ապահովագրուած ըլլալու համար: Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ արտօնեալ առեւտրական դրութիւն ունի Եւրոպական Միութեան հետ, ինչ որ բարենպաստ հնարաւորութիւն է ԵՏՄ երկիրներուն համար: Անոնք կրնան օրինակ նոր արտադրութիւններ կամ իրենց ունեցածին մասնաճիւղերը հիմնել հայաստանեան հասցէին ներքեւ եւ լիարժէքօրէն օգտուիլ առեւտրական արտօնեալ պայմաններէն: Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական պայմանները առաւել բարենպաստ են ԵՏՄ-ի հետ առեւտրական փոխգործակցութեան համար, քան` Եւրոպական Միութեան երկիրներուն ունեցած հնարաւորութիւնները: Վերջապէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի գիտական եւ աշխատանքային որակեալ քատրային ներուժ, ինչ որ նոյնպէս կրնայ խթանիչ հանգամանք հանդիսանալ յիշեալ նպատակը իրականացնելու համար:

Քաղաքական իրատեսութիւնը սակայն նուազ լաւատեսական երանգներ կը յուշէ այս բոլորին մէջ: Երկար ատեն դէպի Եւրոպական Միութիւն բանակցելէ ետք, յանկարծակի ԵՏՄ-ի դիմում ընելը, այն ալ Վիլնիւսի նախօրեակին, չի բացառեր, որ նոր բանակցութիւններէն ետք կոճակի սեղմումներ կտրուկ շրջադարձներ կատարել տան մեր երկրի վարիչներուն: Հիւսիսի մեր ռազմավարական գործընկերէն ճակատագրորոշ փոխանցումները այնպայման դեր պիտի ունենան անշուշտ:

Եւրոպական շրջանակներէն Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղակիօրէն համընկնող այս խանդավառութիւնները ունին իրենց քաղաքական շարժառիթները: Եւրոպական Միութեան հետ նոր պայմանագիրի մասին յայտարարութիւնները աշխուժացան սահմանադրութեան բարեփոխումներուն ուղղութեամբ Երեւանի առած արագ քայլերուն զուգընթաց: Վենետիկի յանձնաժողովը պարբերութիւն առ պարբերութիւն ուսումնասիրած է  բարեփոխուած սահմանադրութիւնը, իր վերապահութիւնները յայտնած, ապա իր համաձայնութիւնները եւ ապա իր ողջոյնները յայտարարած: Իսկ Վենետիկի յանձնաժողովը Եւրոպայի պաշտօնական կառոյցներուն կից գործող սահմանադրագէտներու խորհուրդն է, որ կ՛աշխատի համարկուող պետութիւններու սահմանադրութիւնները եւրոպականացնել:

Պարզ է, որ Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան նոր փաստաթուղթ կնքելու այսօրուան դրական հանգրուանը սերտօրէն կապ ունի սահմանադրական բարեփոխումներուն հետ: Հիւսիսի մեր գործընկերը Կովկասի իր գործընկերոջ պէտք է տայ աշխարհաքաղաքական կեդրոններ կամրջելու դերակատարութիւնը: Որուն համար ալ պէտք չէ արգելակէ սահմանադրական բարեփոխումներու ընթացակարգն ու մանաւանդ կայացումը:

«Ա.»

Նախորդը

Սահակեան Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Մաթվիենքոյի Հետ

Յաջորդը

Գեւգէոզեան` Կոլի Հեղինակ

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?