Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 108. Վաչէ Բրուտեան Ներկայացուց «Միջազգային Մամուլն Ու Միջին Արեւելքի Իրադարձութիւններու Լուսաբանման Խնդիրները» Նիւթը

Հոկտեմբեր 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

v-109

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ 108-րդ մամլոյ լսարանը «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս լրատուամիջոցները կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենան Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններու եւ տարբեր բնոյթ կրող բախումներու լուսաբանման մէջ, եւ թէ համաձայն իւրաքանչիւր երկրի աշխարհաքաղաքական շահերուն, գրաւոր եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներն ալ տուեալ երկիրներուն մէջ համապատասխան կեցուածք կը ճշդեն տարբեր իրադարձութիւններուն շուրջ:

v-108Ապա օրուան զեկուցաբեր` սփիւռքահայ հասարակական գործիչ եւ մտաւորական Վաչէ Բրուտեան ներկայացուց «Միջազգային մամուլն ու Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններու լուսաբանման խնդիրները» նիւթը: Ան ըսաւ, թէ 90-ական թուականներէն ետք Միացեալ Նահանգներու մամուլի եւ լրատուամիջոցներու պատկերը փոխուած է, որովհետեւ բազմազգեան ընկերութիւններ ծրագրուած ձեւով գնած եւ տէրը դարձած են այդ լրատուամիջոցներուն: Հետեւաբար անոնք տիրանալով մամուլի դաշտին` դիւրութեամբ կը յաջողին ազդել հանրային կարծիքին վրայ կամ իրադարձութեան մը շուրջ կը ստեղծեն որոշ կարծիք: Այդ ընկերութիւնները հետզհետէ զօրացան եւ համաշխարհային քաղաքական ուժի կեդրոններուն վրայ սկսան ազդել:

Այս լրատուամիջոցները սովորաբար հաշուետուութեան չեն կանչուիր, որովհետեւ կը պատկանին մեծ ու ծանրակշիռ ընկերութիւններուն: Վաչէ Բրուտեան նշեց յատկանշական կէտ մը, ըստ որուն, ճիշդ չէ այն տեսակէտը, որ կ՛ըսէ, թէ Միացեալ Նահանգները ունին անկախ մամուլ` աւելցնելով, որ ամերիկացի վաստակաշատ լրագրողներն անգամ միջազգային իրադարձութիւններուն մասին կը ստանան ցուցմունքներ, որոնց հիման վրայ պարտաւոր են կատարել իրենց աշխատանքը: Ան ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ մամուլը աժան քարոզչական միջոցի մը վերածուած է մեծ ընկերութիւններուն կողմէ: Վաչէ Բրուտեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը գործեն նաեւ համացանցային վերլուծական լրատուամիջոցները, որոնք առարկայականօրէն կը մօտենան հարցերուն ու ակադեմական վերլուծումներով կը կարդան իրադարձութիւնները, բայց նման միջոցները կշիռ մը չեն կազմեր հանրային կարծիքի կազմութեան մէջ:

Ան նշեց նաեւ, որ պակսած է հետախուզող լրագրողներուն թիւը տարբեր պատճառներով: Ապա ան ընդգծեց, որ եթէ լրագրական աշխատանքին արդիւնքը չհամապատասխանէ երկրի քաղաքական ընդհանուր ուղղութեան կամ դիրքին, լրագրողները հեռու կը պահուին լրատուական դաշտէն, կ՛անտեսուին եւ կամ կը սպաննուին:

Աւարտին զեկուցաբերը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն». «Մենք Մեր Ճիգերը Միացնելով Ընկերային Ցանցերուն Վրայ Պէտք Է Կատարենք Առարկայական Քննարկումներ` Ստեղծելով Համապատասխան Հարազատ Հայկական Տարածք» «Բաց Քննարկում»-ի 4-րդ Յայտագիրին Ընթացքին Հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան

Յաջորդը

Հրապարակային Քննարկում-Արձագանգ 4. Դատարաններ Ալ Տուրք Կու Տան Շիլ Հաշիւներու

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?