Գլխաւոր լուրեր

Սիսի Կաթողիկոսարանէն Հնչեց  Պահանջատիրական Ձայնը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Սիսի Կաթողիկոսարանէն Հնչեց Պահանջատիրական Ձայնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

«Հայու քրտինքով ու արիւնով թրծուած կիլիկեան հողին ու յատկապէս Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի միւռոնաբոյր հողին վրայ կանգնած` մեր դարաւոր կաթողիկոսարանին վերադարձը կը պահանջենք եւ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը վերահաստատենք, հաւատարիմ նահատակներու սրբազան կտակին»: Արամ Ա. կաթողիկոսին խոր հաւատքին, ամուր կամքին ու զօրեղ յանձնառութեան արտայայտութիւնը եղող այս բառերը հնչեցին Սիսի պատմական կաթողիկոսարանէն` հայ ժողովուրդին ուղղուած հայրապետական պատգամին ճամբով: Վեհափառ հայրապետին թելադրութեամբ Մեծի...

Քաղաքացիական Ընկերութեան Ժողովրդային  Շարժումները Կը Շարունակուին Նոյն Թափով.  Աղբերու Հարցով Զբաղող Ընկերութիւններու  Նուազուրդներուն Արդիւնքները Հրապարակուեցան

Քաղաքացիական Ընկերութեան Ժողովրդային Շարժումները Կը Շարունակուին Նոյն Թափով. Աղբերու Հարցով Զբաղող Ընկերութիւններու Նուազուրդներուն Արդիւնքները Հրապարակուեցան

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» եւ «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւները երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին կատարեցին քայլարշաւ մը, որ սկիզբ առաւ Արդարութեան պալատէն եւ հասաւ մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ: Լուռ քայլարշաւին մասնակցեցան հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնք երէկ գիշեր դարձեալ ողողեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակը եւ պահանջեցին Լիբանանի իշխող վարչակազմին տապալումն ու ներքին գործոց նախարարին հրաժարականը: Նշենք, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ երէկ կէսօրին հսկայ քարեր զետեղուեցան...

Դոկտ. Սալեհ Զահրէտտինի  «Մուսա Լեռէն Մինչեւ Հաուշ Մուսա-Այնճար»  Հատորի Շնորհահանդէսը` Այնճարի Մէջ

Դոկտ. Սալեհ Զահրէտտինի «Մուսա Լեռէն Մինչեւ Հաուշ Մուսա-Այնճար» Հատորի Շնորհահանդէսը` Այնճարի Մէջ

Կիրակի, 23 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Այնճարի Քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Սալեհ Զահրէտտինի «Մուսա լեռէն մինչեւ Հաուշ Մուսա - Այնճար» (արաբերէնով) հատորի շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ` Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Սարգիս Շաննագեանի (Կրօն) յիշատակին: Հանդիսութեան ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հայրերը, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ...

Աղբերու Հարցը Յորդեցուց Լիբանանեան  Քաղաքացիական Ընկերութեան  Համբերութեան Բաժակը.  Ապահովութեան Ուժերը Բիրտ Ուժ Կիրարկեցին  Հազարաւոր Ցուցարարներուն Դէմ

Աղբերու Հարցը Յորդեցուց Լիբանանեան Քաղաքացիական Ընկերութեան Համբերութեան Բաժակը. Ապահովութեան Ուժերը Բիրտ Ուժ Կիրարկեցին Հազարաւոր Ցուցարարներուն Դէմ

Քաղաքացին համբերեց, եւ այդ համբերութիւնը բաւական երկար տեւեց, սակայն այդ համբերութեան չարաչար օգտագործումը զայն մղեց ուղղուելու փողոց եւ հոնկէ բարձրացնելու իր իրաւունքներն ու պահանջները: Պետութեան կողմէ քաղաքացիին համար երկրին մէջ ամէն տեսակի ծառայութիւն կասեցնելու, սղաճին դիմաց աշխատավարձի յաւելումներ չտրամադրելու եւ քաղաքացին յաւելեալ տուրքերու ենթարկելու արարքները շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ հասան իրենց գագաթնակէտին, երբ կառավարութիւնը անլոյծ ձգեց երկրին աղբերը հաւաքելու եւ...

Թեհրանի Մէջ Բրիտանիոյ  Դեսպանատունը Վերաբացուած Է

Թեհրանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանատունը Վերաբացուած Է

Երէկ Բրիտանիան վերաբացած է իր դեսպանատունը Իրանի մէջ: Թեհրանի մէջ դեսպանատան շէնքին վրայ բրիտանական դրօշը բարձրացուցած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ: Ան յայտարարած է, որ Իրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան աշխատանքներուն վերսկսումը կարեւոր քայլ է երկու երկիրներուն  յարաբերութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ: Թեհրանի մէջ բրիտանական դեսպանատունը փակուած էր 2011 թուականին, երբ ծայրայեղականներու կողմէ յարձակումի ենթարկուած էր Իրանի դէմ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն պատճառով:...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը Սկիզբ Առաւ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Տարեկան Բանակումը Սկիզբ Առաւ

Կիրակի, 23 օգոստոսին սկիզբ առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի տարեկան բանակումը` Այնճարի մէջ: Բանակումը նուիրուած է գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման 30-ամեակին: 190 բանակողներ, խմբապետներ եւ կազմակերպիչներ իրենց օրը սկսան արցախեան ազատամարտի նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի հետ գործակցաբար յիշատակի ձեռնարկով մը` «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ: Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Այնճարի ԼԵՄ-ի բանակավայրին մէջ` «Մշակ բանուոր» քայլերգով ու...

«Կանգառ» Կազմակերպեց  Իր Առաջին Ցուցահանդէսը` «Խաչմերուկ»-ը

«Կանգառ» Կազմակերպեց Իր Առաջին Ցուցահանդէսը` «Խաչմերուկ»-ը

Ուրբաթ, 21 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Կանգառ» իր դռները բացաւ հանրութեան, ընթացք տալով իր անդրանիկ ձեռնարկին` «Խաչմերուկ»-ին: Գեղանկարչական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս արուեստագէտներ` Գօգօ Աւեսեան, Յովիկ Աֆարեան, Մուշեղ Գարավարդանեան եւ Սերժ Մանուկեան: Թէեւ մասնակից արուեստագէտներուն առաջին գեղանկարչական ցուցահանդէսը չէր, սակայն առաջինն էր իր տեսակին մէջ` «Կանգառ»-ին տրամադրած գետնայարկ մշակոյթին մէջ (underground culture): Այս մասին խօսելով մասնակից գեղանկարիչներէն...

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-Ամեակի Սեմին. Արամ Մանուկեանի Տունը Պէտք Չէ Մնայ Կիսաքանդ Վիճակի Մէջ

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ Մեկնելով Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Երեւանի տան ներկայի անմխիթար վիճակին նկատմամբ մտահոգութենէն` այսօր եւ յաջորդաբար սոյն սիւնակով լոյս կ՛ընծայենք յօդուածներու շարք մը` նշեալ տան խորհրդանշանականութիւնը եւ վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը շեշտադրող: Պետականութեան գաղափարը սրբութիւն սրբոց է հայ ազգին  համար, որովհետեւ 6 դարու պետականազուրկ գոյութենէ եւ ստրկութենէ ետք, բազում զոհողութիւններու գնով հայութիւնը վերականգնեց իր պետական տունը, որ...

Ակնարկ.  Քրտական Ինքնավարութիւն=  Թրքական Ինքնավառութիւն

Ակնարկ. Քրտական Ինքնավարութիւն= Թրքական Ինքնավառութիւն

  Թուրքիոյ տարածքին քրտաբնակ նահանգներու ինքնավարութեան հռչակման լրատուութիւնները կրնան չափազանցուած ըլլալու տպաւորութիւնը ձգել: Միջազգային մամուլի լայն անդրադարձը, նոյնիսկ պատահարներու երբեմն ուռճացուած ձեւով ներկայացումը որոշ քաղաքականութիւն կը մատնէ: Ներթրքական անկայունութիւնը աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ օրակարգային խնդիր է, չըսելու համար առաջադրանք գուցէ: Քրտական (իմա` աշխատաւորական կուսակցութեան) գետնի վրայ շարժումները ռազմավարական ընդհանուր երկու ուղղութիւն ունին: Առաջինը` թրքական պետական կեդրոններու եւ իրաւապահ մարմիններու նկատմամբ թիրախաւորուած...

Մասնագիտական Յանձնախումբը Հաստատեց  Սահմանադրութեան Մէջ  Փոփոխութիւններ Կատարելու Նախագիծը.  Նախագահ Սարգսեան  Ազգային Ժողով Ուղարկեց Զայն

Մասնագիտական Յանձնախումբը Հաստատեց Սահմանադրութեան Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Նախագիծը. Նախագահ Սարգսեան Ազգային Ժողով Ուղարկեց Զայն

Հայաստանի նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբը երէկ եզրափակիչ նիստին ընթացքին որոշեց հաստատել Սահմանադրութեան մէջ  փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը` կից հիմնաւորումներով, եւ ներկայացնել նախագահին: Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի  քարտուղարութեան փոխանցումով` միաժամանակ, յանձնախումբը առաջարկած է Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացնելու համար Հայաստանի նախագահի ներկայացուցիչ նշանակել սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեանը: «Յանձնախումբը կը հրապարակէ նախագիծը` կից...

Երեւանի Մէջ Թաթուլ Կրպէեանի  Անուան Զբօսայգի Պիտի Բացուի

Երեւանի Մէջ Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Զբօսայգի Պիտի Բացուի

Panorama.am կայքը կը հաղորդէ, թէ աշունը յագեցած պիտի ըլլայ Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան 50-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններով: Սեպտեմբեր, հոկտեմբեր, նոյեմբեր ամիսներուն պիտի կազմակերպուին գիտաժողովներ, մրցաշարքեր, յուշ ցերեկոյթներ եւ ազգային հերոսի յիշատակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկներ: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն: Այս առիթով 21 օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է յոբելենական յանձնախումբի նիստ, որուն...

Այնճարի Մէջ.  Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը.  Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային  Պատմութիւն (1919-1939)» Նորատիպի Շնորհահանդէսը

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա Լերան Հայերը. Ընկերային-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն (1919-1939)» Նորատիպի Շնորհահանդէսը

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ ուրբաթ, 21 օգոստոս  2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահրամ Շամմասեանի «Մուսա լերան հայերը. ընկերային-տնտեսական եւ մշակութային պատմութիւն 1919-1939)» (անգլերէնով) նորատիպի շնորհահանդէսը: Հատորը հրատարակուած է Հայկազեան համալսարանին կողմէ: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Պոյաճեան-Գարայեանը: Ան ներկայացուց Մուսա լերան...

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղին.  Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան  22-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղին. Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 22-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Արցախեան ազատամարտի նուիրեալ, գաղափարապաշտ հայորդի Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակը յարգելու առիթ մը ստեղծեց  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղը` կազմակերպելով Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 22-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ մը երէկ` ուրբաթ, 21 օգոստոս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին դիմաց: ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» ակումբի մուտքը պատած պաստառը կը պատգամէր Մհեր Ջուլհաճեանի խօսքը. «Նպատակը կը մնայ նոյնը. «Դէպի երկիր»  կոչը կը մնայ ի...

Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է  Նիքոլայ Պորտիւժան

Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Նիքոլայ Պորտիւժան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 օգոստոսին ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան: Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը նախագահ Սարգսեանին զեկուցած է Տուշանպէի մէջ աշնան տեղի ունենալիք նստաշրջանի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, քննարկուած են կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի յառաջիկայ նախագահութեան առնչուած հարցեր:

Ըստ Արցախի Տնտեսութեան Փոխնախարարին.  «Ազրպէյճանի Հակաքայլերը Իւրօրինակ  Քարոզչութիւն Են Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութեան Զբօսաշրջութեան Համար»

Ըստ Արցախի Տնտեսութեան Փոխնախարարին. «Ազրպէյճանի Հակաքայլերը Իւրօրինակ Քարոզչութիւն Են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Զբօսաշրջութեան Համար»

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Tert.am-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեան յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը մնայուն աճի մէջ է. 2015-ի առաջին վեց ամիսներուն` նախորդ տարուան հետ բաղդատելով արձանագրուած է 20  առ հարիւր աճ: «Մենք անցած վեց ամսուան ընթացքին արձանագրած ենք զբօսաշրջիկներու 120 առ հարիւր աճ, նախորդ 7 տարիներուն  համեմատութեամբ, այս...

Շարմազանով Վստահեցուցած Է.  Մարզահամերգային Համալիրին Մէջ  Քազինօ Պիտի Չկառուցուի

Շարմազանով Վստահեցուցած Է. Մարզահամերգային Համալիրին Մէջ Քազինօ Պիտի Չկառուցուի

«Ես` իբրեւ Էդուարդ Շարմազանով, կը յայտարարեմ, որ Մարզահամերգային համալիրին մէջ քազինօ պիտի չըլլայ եւ անկարելի է, որ ըլլայ», լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով երէկ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք յայտարարեց Ազգային ժողովի  փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով: «Իբրեւ երեւանցի կը հասկնամ, որ երեւանցիները, հասարակութիւնը կրնան անհանգստանալ այդ կառոյցի ապագային համար, որովհետեւ անիկա շատ սուղ է իւրաքանչիւր երեւանցիի եւ հայաստանցիի համար: Սակայն այդ...

Տագնապներու Լուծման Առաջադրանքներու  Հասունացման Սպասումով.  Հրատապ Հարցերը Կը Դառնան Համատարած,  Մինչ  Փրկարար Քուլիսային Խորհրդակցութիւնները  Կը Շարունակուին Զուգահեռաբար

Տագնապներու Լուծման Առաջադրանքներու Հասունացման Սպասումով. Հրատապ Հարցերը Կը Դառնան Համատարած, Մինչ Փրկարար Քուլիսային Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին Զուգահեռաբար

Այն միջոցին, երբ շրջանի տագնապներուն գծով լուծման զանազան առաջադրանքներ կ՛արծարծուին եւ այդ ծիրին մէջ արձանագրուող յատկապէս քաղաքական ու դիւանագիտական իւրաքանչիւր քայլ յոյսի նոր նշոյլ կ՛աւետէ, լիբանանցիք իրենց կարգին կը սպասեն արմատական լուծման նախաձեռնող շինիչ քայլերու: Փաստօրէն, սակայն, հաստատ իրողութիւն է, որ երկրին հրատապ հարցերը օրըստօրէ, եթէ ոչ ժամ առ ժամ, ձիւնագնդակի նման կը ծաւալին ու հետզհետէ կը ստանան համալիբանանեան, համատարած...

Լեւոն Զեքի Ետալեան Կը Շարունակէ Ստանձնել «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքի Հովանաւորութիւնը

Լեւոն Զեքի Ետալեան Կը Շարունակէ Ստանձնել «Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքի Հովանաւորութիւնը

«Ազդակ»-ի բարեկամներէն, Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Սուրիոյ առեւտրական գրասենեակներու միութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ, Հալէպի առեւտրական գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ Լեւոն Զեքի Ետալեան երրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ կը շարունակէ ստանձնել «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի հրատարակութիւնը: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը  այսօրուան դրութեամբ առօրեայ հերթականութեամբ կը թարմացուի յատկապէս հայ քաղաքական գործընթացներուն վերաբերող լրատուութիւններով: Անոր բովանդակութեան մէջ կը ներառուին նաեւ արաբատառ մամուլի արձագանգները Հայոց ցեղասպանութեան, հայ-թուրք...

Արցախի Մէջ.  ՀՕՄ-ի Անդամները Հանդիպում Կ՛ունենան  Փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի Հետ

Արցախի Մէջ. ՀՕՄ-ի Անդամները Հանդիպում Կ՛ունենան Փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան 19  օգոստոսին ընդունած է Հայ օգնութեան միութեան, Հայ կրթական հիմնարկութեան տնօրէններու խորհուրդներու անդամներն ու Երեւանի պետական համալսարանի խումբ մը պատասխանատուներ եւ դասախօսներ: Ողջունելով հիւրերը` Ա. Աղաբեկեան Արցախի իշխանութիւններուն անունով երախտագիտութիւն յայտնած է ներկաներուն` հայրենիքի զարգացման իմաստով ունեցած նպաստին համար եւ յաջողութիւն մաղթած է անոնց` իրենց հետագայ հայրենանուէր ձեռնարկներուն համար: Փոխվարչապետը սփիւռքահայ հասարակական ու ազգային գործիչ...

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս Դէպի Արցախ  Ուխտագնացութիւն Կազմակերպած Է

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս Դէպի Արցախ Ուխտագնացութիւն Կազմակերպած Է

«Արցախփրես» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ լորտերու տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դարձեալ Արցախ կը գտնուի, այս անգամ` խումբ մը ուխտագնացներու հետ: Քաշաթաղի «Մերան» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զոհրապ Ըռքոյեան  յայտնած է, որ ուխտագնացները պիտի գիշերեն Բերձորի Հագարի գետի ափին տեղադրուած բանակավայրին մէջ: Բերձորի մուտքին հիւրերը դիմաւորած են Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի ղեկավարի տեղակալներ Արտուշ Մխիթարեան, Յակոբ Սայամեան եւ աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեան: Պարոնուհի...

Page 750 of 795 1 … 749 750 751 … 795

Արխիւներ