Գլխաւոր լուրեր

Հայ Վիրաւոր Մը` Հալէպի Մէջ

Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Նոր Գիւղի Հրթիռակոծման Հետեւանքով Վիրաւորուած Են 4 Հայեր

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ 21 սեպտեմբերին Նոր Գիւղ շրջանը բուռն հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ, փուլ եկան շէնքեր, արձանագրուեցան զոհեր, վիրաւորներ: Զոհուած տեղացիներուն թիւը հասաւ 9-ի: Վիրաւորուած հայորդիներն էին` Կարօ Աշճեան, Եղիա Փիլաւճեան, Ժաքլին Ասսէեան եւ Ներսէս Թաթոյեան: Վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ: Երկու Հալէպահայեր Առեւանգուեցան Շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Խանասերի ճամբուն վրայ զինեալ ահաբեկիչներ պարտադրաբար կանգնեցուցին Հալէպէն Լիբանան մեկնող հանրակառք մը եւ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան  Վերականգնման 24-Ամեակին Առիթով.  «Սեպտեմբեր 21-ը Մեր Հաւատքի, Համոզմունքներուն  Եւ Վստահութեան Խորհրդանիշն Է»  Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 24-Ամեակին Առիթով. «Սեպտեմբեր 21-ը Մեր Հաւատքի, Համոզմունքներուն Եւ Վստահութեան Խորհրդանիշն Է» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առիթով երէկ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ընդունելութիւն: Հանրապետութեան նախագահը ընդունելութեան ընթացքին շնորհաւորական ուղերձ յղած է  Անկախութեան տօնին առիթով: Շնորհաւորական Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի. «Շնորհաւորում եմ բոլորիս Անկախութեան տօնի կապակցութեամբ: «Հայ ժողովրդի հազարամեայ ընթացքը մեր օրացոյցի ամէն մի էջը լցրել է անթիւ-անհամար յիշողութիւններով: Լցրել...

Մովսէս Տէր Գալուստեանի Անուան  Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում

Մովսէս Տէր Գալուստեանի Անուան Երիտասարդական Կեդրոնի Բացում

Շաբաթ, 19 սեպտեմբերին Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Մուսա Լեռան հերոսական ինքնապաշտպանութեան զինուորական ղեկավար, հայկական լեգէոնի հերոս սպայ, ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ անդամ, սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանի անուան երիտասարդական կեդրոնին, նաեւ տեղի ունեցաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքի շնորհահանդէսը: Երիտասարդական կեդրոնը պիտի ծառայէ Էրեբունի վարչական շրջանի երիտասարդներուն եւ պատանիներուն: Կեդրոնի պատասխանատուներուն հաստատումով` բազմաթիւ ծրագիրներ...

«Ստիպուած Չենք Այլ Շրջաններու  Աղբերուն Բեռը Տանելու»  Ըսաւ Յ. Բագրատունի

«Ստիպուած Չենք Այլ Շրջաններու Աղբերուն Բեռը Տանելու» Ըսաւ Յ. Բագրատունի

Լիբանանեան ֆրանսատառ «Մակազին» պարբերաթերթը Լիբանանի մէջ աղբի տագնապին եւ զայն լուծելու նպատակով կառավարութեան կողմէ վաւերացուած ծրագիրին շուրջ յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ: Պատասխանելով Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման մասին տարաձայնութեանց վերաբերող հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Աղբի տագնապի լուծման պիտակին տակ, բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Պուրճ Համուտի աղբանոցին վերաբացման վրայ: Այդ աղբանոցը 22 տարի...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած  Ձեռնարկ` Զահլէի Ակումբին Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Զահլէի Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի «Արամ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Գէորգ Գատեհճեան Խաժակ Բալուլեան Յովհաննէս Խօշեան Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն յիշատակը յարգելէ ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Բալուլեան: Ան շեշտեց նահատակներուն յիշատակը յարգելու...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերականգնումին  Զերօ Ժամը Եւ Վերանկախացումին 24 Տարիները

Խմբագրական. Խորհրդարանական Համակարգ` Նաեւ Առաջին Հանրապետութեան Շրջանին (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով բնականաբար թէ՛ տարաբնոյթ թեմաներու, թէ՛ այլազան ոլորտներու եւ թէ՛ բազմաթիւ երեւոյթներու մասին ըսելիք ունենալու հարկադրանքին առջեւ կը գտնէ ինքզինք հայ մամուլի որեւէ ներկայացուցիչ: Տարաոլորտ երեւոյթներու մասին անշուշտ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին խօսելու, բարձրաձայնելու, քննարկելու եւ հրապարակային առաջարկներ ներկայացնելու: Փորձը` ամէնէն հրատապ թեմաներուն վրայ կեդրոնանալու, կ՛առաջնորդէ հետեւեալ մտածումներուն.- Ներհայաստանեան քաղաքական եւ որոշակիօրէն նաեւ հասարակական դաշտերը կլանուած են...

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Անդամները  Դարձեալ Իրենց Թեկնածութիւնը Առաջադրած Են  Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններուն

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Անդամները Դարձեալ Իրենց Թեկնածութիւնը Առաջադրած Են Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններուն

Կարօ Փայլան, Սելինա Տողան, Մարգար Եսայեան «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Թուրքիոյ կուսակցութիւնները հրապարակած են իրենց կողմէ յառաջադրուելիք ընտրական ցուցակները: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնն ու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը դարձեալ առաջադրած են 7 յուլիսի ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրուած իրենց հայ թեկնածուները: Իշխող կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուն է պոլսահայ լրագրող, գրող Մարգար...

Արագածը Յիշեց  Եւ Յարգեց Իր Նահատակները

Արագածը Յիշեց Եւ Յարգեց Իր Նահատակները

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, շաբաթ, 19 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Արագածի շրջանի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Զաքար Քէշիշեան Գէորգ Պէպէճեան Հրատ Պէպէճեան Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Արագած թաղամասի սկիզբէն. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի խմբակի մը ջահագնացութեամբ  եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ Արագածի ակումբին թաղը,...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ`  Ռաուտայի Ակումբին Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Ռաուտայի Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Յարութ Լափաճեան Սերօ Քելուկեան Ռիթա Թաշճեան Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ռիթա Թաշճեան: Ան նկատել տուաւ, որ 1975-ին սկսած  Լիբանանի...

Հալէպ.  Հրթիռ` ՀՄԸՄ-ի Ընտանեկան  Պարտէզի Թաղին Մէջ

Հալէպ. Հրթիռ` ՀՄԸՄ-ի Ընտանեկան Պարտէզի Թաղին Մէջ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երէկ` կիրակի, 20 սեպտեմբերին, Հալէպի Ազիզիէ շրջանի ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզի թաղին մէջ ինկած հրթիռի մը պատճառով, փուլ եկաւ յարկաբաժին մը եւ հրկիզուեցաւ ինքնաշարժ մը: Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւն չհաղորդուեցաւ:

Ակնարկ.  Շրջուած Է Միակողմանիութեան  Կարծրատիպը

Ակնարկ. Շրջուած Է Միակողմանիութեան Կարծրատիպը

  Հայաստանեան գործարարական շրջանակներէ կատարուած երկրորդ մեծագումար նուիրատուութիւնը սուրիահայութեան կարիքներուն արդէն իսկ որոշ վարքագիծի մը նախանիշը կը հաստատէ: Պարզ է, որ հետեւողական աշխատանքի մը իբրեւ արդիւնք` հայրենի գործարարներ կը դիմեն նման նախաձեռնութիւններու կամ կ՛ընդառաջեն իրենց կատարուող դիմումներուն` հասնելու սուրիահայութեան ծով կարիքներուն: Այդ աշխատանքը նախ եւ առաջ ծանօթացման, ճանաչողական եւ իրազեկման բնոյթ ունի սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապները լուսաբանելու, կրթականէն մինչեւ սնունդի, բնակարանայինէն...

Վարդանեան. «Սահմանադրական  Փոփոխութիւնները Երկրի Որակական  Զարգացման Համար Նոր Դուռ Պիտի Բանան»

Վարդանեան. «Սահմանադրական Փոփոխութիւնները Երկրի Որակական Զարգացման Համար Նոր Դուռ Պիտի Բանան»

Երէկ Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին շարունակուեցան սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին քննարկումները: Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Ան նախ նշեց, որ հասարակութեան 99 առ հարիւրը փոփոխութիւններու  պահանջ ունի, բայց տարբեր են այդ փոփոխութիւններու  բովանդակութեան վերաբերեալ պատկերացումները` փոփոխութիւններ առօրեայ կեանքի, փոփոխութիւններ` անձերէ մինչեւ իշխանափոխութիւն: Ուստի, ըստ Աղուան Վարդանեանի, դժուար է պատկերացնել, որ բոլորը կարենան նոյն ընկալումը...

Հանդիսաւոր Ձեռնարկներ` «Ֆրանսական  Օրեր Արցախի Մէջ» Ծրագիր Ծիրին Մէջ

Հանդիսաւոր Ձեռնարկներ` «Ֆրանսական Օրեր Արցախի Մէջ» Ծրագիր Ծիրին Մէջ

«Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» ծրագիրին ծիրին մէջ 18  սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի  մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Ֆրանսայի պուրակին մէջ տեղի ունեցած է քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենեանի «Յաւերժութիւն» արձանի բացման եւ «Փոլ Էլիվարի տուն» ֆրանսախօսութեան կեդրոնի հիմնարկէքի հանդիսաւոր արարողութիւն` ներկայութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի: Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախ-Ֆրանսա բարեկամութիւնը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան մը` ընդգծելով, որ Ֆրանսայի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու...

Հարցազրոյց` Կարօ Մանճիկեանի Հետ

Հարցազրոյց` Կարօ Մանճիկեանի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան գործադիր մարմինի անդամ, Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Անդրադառնալով Քեսապի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին` Մանճիկեան յայտնեց, որ 2014-ի իրադարձութեանց պատճառով տեղահանուած ժողովուրդին 85 առ հարիւրը վերադարձած է գիւղ եւ...

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` «Աղբալեան- ՀՄԸՄ»  Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներուն երէկ` ուրբաթ, 18 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Հուրի Ղազարեան Արի Կարպուշեան Արդարեւ, Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Ղազարեան: Իր խօսքին...

100 Հազար Տոլար Սուրիահայերուն`  Վարդանեան Ընտանիքին Կողմէ

100 Հազար Տոլար Սուրիահայերուն` Վարդանեան Ընտանիքին Կողմէ

2013 թուականին Հրանդ Վարդանեան Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն օգնելու համար տրամադրած էր 100 հազար տոլար: Սուրիահայութեան աջակցելու անոր ծրագիրը, իրենց հօր մահէն ետք, կը շարունակեն որդիները` Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները: Այս նպատակով անոնք հանդիպում ունեցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հետ եւ անձամբ տեղեկացած Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Վարդանեանները առաջարկած են իրենց աջակցութիւնը: Անոնք...

Աղուան Վարդանեանի Հարցադրումները`  Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Գծով

Աղուան Վարդանեանի Հարցադրումները` Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Գծով

Խորհրդարանին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քննարկման ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեանէն ուզած է պարզաբանումներ ունենալ նախագիծի 89-րդ յօդուածին մէջ տեղ գտած որոշ անճշդութիւններու մասին: Ըստ պատգամաւորին, չորրորդ կէտին մէջ կը խօսուի նոր դաշինքներու ձեւաւորման մասին, բայց քարտուղարութեան տրուած վերջնական տարբերակին մէջ բացատրութիւն, որեւէ յղում չկայ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կը կայանայ երկրորդ հանգրուան:...

Հեռագիր

Հեռագիր

Սէուտական Արաբիոյ վսեմաշուք դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ լաւագոյն մաղթանքներս կը յայտնեմ, ընդգծելով Սէուտական Արաբիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնելու եւ անոնց զօրակցելու առումով` դիմագրաւելու համար երկրին դժուար պայմանները, Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի բարօրութեան ի խնդիր: Այս...

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար»  Խորագիրով  Հերթական Ձեռնարկը` Նորաշէնի   «Ռուբէն» Ակումբի Թաղին Մէջ

«Լիբանանի Հետ, Հայութեան Համար» Խորագիրով Հերթական Ձեռնարկը` Նորաշէնի «Ռուբէն» Ակումբի Թաղին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ակումբի թաղին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Յայտագիրին սկզբնաւորութեան ակումբի սրահին մէջ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեանի աղօթքէն ետք քաղաքացիական պատերազմի նուիրեալներուն ընտանիքները կատարեցին այս առիթով զետեղուած յուշատախտակին քողազերծումը: Այնուհետեւ ակումբի թաղին մէջ...

Երեւանի Պետական Համալսարան.  Մուսա Լերան Հերոսամարտին Շուրջ Գիտաժողով  Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Առիթով

Երեւանի Պետական Համալսարան. Մուսա Լերան Հերոսամարտին Շուրջ Գիտաժողով Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին Առիթով

Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը եւ պատմութեան բաժանմունքը երէկ` հինգշաբթի, 17 սեպտեմբերին, գիտաժողով կազմակերպած էին պետական համալսարանի երկրորդ մասնաշէնքին մէջ: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի յանձնախումբը, «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրէն պատուիրակ մը, համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ եւ մուսալեռցիներ: Երեւանի պետական համալսարանի  Հայագիտական հետազօտութիւններու...

Page 744 of 795 1 … 743 744 745 … 795

Արխիւներ