Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան Նիստը Ընդգծեց Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Եւ Պետական Հաստատութիւնները Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Նոյեմբեր 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ain_tine1_111715

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց երկխօսութեան Ժ. նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրին բոլոր ղեկավարները, բացի Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլէն, որ անցեալ նիստին արդէն իսկ որոշած էր իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել:

Խորհրդարանի նախագահին կողքին ներկայ գտնուեցան Պըրրիի քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, երեսփոխան Միշել Մըր, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Ղազի Արիտի, հաղորդակցութեան նախարար Պութրոս Հարպ եւ նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Հասան Համատէ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Ալի Քանսօ, խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ Էլիաս Ապու Հալա:

Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկխօսութեան մասնակիցները դարձեալ դատապարտած են Պըրժ Պարաժնէի ահաբեկչական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ ողջունած այդ դէպքը քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ ազգային մակարդակով դատապարտելու կեցուածքը եւ ահաբեկչութեան դէմ ցուցաբերուած միջլիբանանեան զօրակցութիւնը:

Նիստին ընթացքին ներկաները դրուատած են ապահովական կառոյցներուն դերակատարութիւնը, յատկապէս Պըրժ Պարաժնէի ականահարումին ծալքերը կատարեալ արագութեամբ քողազերծելու եւ ոճրագործները ձերբակալելու իմաստով:

Անոնք ընդգծած են ապահովական կառոյցներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ հակակշռելու համար ահաբեկչական գործողութիւնները:

Երկխօսութեան նիստին ընթացքին գոյացած է համախոհութիւն` երկրին պետական հաստատութիւններուն, նախ եւ առաջ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը յուզող հարցերուն լուծումներ գտնել:

Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, երկխօսութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ աղբի տագնապի լուծումը` աղբը Լիբանանէն դուրս ղրկելու միջոցին դիմելով:

Շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն համաձայն, վարչապետ Սալամ յայտնած է, որ եօթը երկիրներ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Լիբանանի աղբը ներածելու իմաստով, իսկ այդ երկիրներէն մէկը մտադիր է այս մասին յաւելեալ քննարկումներու նպատակով Լիբանան գործուղել իր նախարարներէն մէկը:

Երկխօսութեան նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը համաշխարհային պատերազմ է:

«Ահաբեկիչները ո՛չ չափ ունին եւ ո՛չ ալ սահման, իսկ ահաբեկչութիւնը հովանաւորողները կորսնցուցած են իրենց հակակշիռը, հետեւաբար ահաբեկչութեան դէմ պէտք է պատերազմիլ ամբողջական ծրագիրի մը գործադրութեան ընդմէջէն», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն երկխօսութեան նիստը «լաւ» որակեց` ընդգծելով, որ տնտեսական տագնապը համաշխարհային տագնապ է:

Անդրադառնալով ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու հարցին` զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ օրէնքը պէտք է ըլլայ արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող` սրբագրելու համար անցեալի եւ ներկայի սխալները:

«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, նիստին ընթացքին զօր. Աուն համաձայն գտնուած է, որ կառավարութիւնը հրատապ հարցերու մասին նիստ մը գումարէ, ինչպէս է պարագան աղբի տագնապի լուծման:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ նշեց, որ երկխօսութեան Ժ. նիստը շինիչ եւ օգտակար կարելի է նկատել` յոյս յայտնելով, որ կարելի ըլլայ արդիւնքի մը յանգիլ: «Սակայն ըստ երեւոյթին պէտք է համբերել լուծումներու առումով», աւելցուց ան:

Երեսփոխան Միշել Մըր յայտնեց, որ երկխօսութեան նիստին ընթացքին տիրած է դրական մթնոլորտ:

Երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Նախորդը

Ռուհանի Կը Դատապարտէ Հարաւային Արուարձանները Թիրախ Դարձուցած Անձնասպանական Գործողութիւնները

Յաջորդը

Համշէնահայ Կիները Նեցուկ Կը Կանգնին Քրտական Ինքնավարութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?