Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նոր Սահմանադրութեամբ` Նոյն Պայմաններով Պիտի Ապրի Ե՛ւ Ընդդիմութիւնը, Ե՛ւ Իշխանութիւնը» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

November 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aghvan_111715

ՀՅԴ-ն աւելի վճռական եւ համոզումով կը պաշտպանէ սահմանադրական բարեփոխումները, եւ ատիկա բնական է, այսօր «Մետիա կեդրոն»-ին մէջ հրաւիրուած քննարկումի մը ընթացքին ըսաւ  ՀՅԴ միասնական գրասենեակի ղեկավար, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

«ՀՅԴ-ի համար այս փոփոխութիւնները ծրագրային հիմք ունին. մենք քսան եւ աւելի տարիներ շարունակաբար կը պնդէինք, որ Հայաստանի կառավարման լաւագոյն ձեւը խորհրդարանականն է, ո՛չ նախագահականը, ո՛չ ալ կիսանախագահականը: Մեր համոզումները պայմանաւորուած են նաեւ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին կուսակցութեան կատարած հսկայական աշխատանքով` այս սահմանադրութեան ստեղծման, հայեցակարգերու ձեւաւորման, մշակման եւ բուն բովանդակութեան ստեղծման վրայ», ըսաւ  Վարդանեան:

Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի հիմնաւորումները փաստարկուած են, ունին փորձառութիւն եւ աւանդութիւն, կը բխին մեր իրականութենէն, այսօրուան  գործող համակարգին բերած արատներէն, թերութիւններէն, բացերէն: «Այս առումով` մենք, իրապէս, խորագոյն համոզումով կը պաշտպանենք այս սահմանադրութիւնը», ըսաւ Վարդանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս նախագիծին մէջ ՀՅԴ-ի քանի՞ առաջարկ հաշուի առնուած է, կամ այս նախագիծի ձեւաւորման գործին մէջ` բովանդակային մասով, ՀՅԴ-ի մասնակցութիւնը քանի՞ առ հարիւր է, ան ըսաւ. «սահմանադրութիւնը հսկայածաւալ փաստաթուղթ է` իրաւաբանական, քաղաքական, մասնագիտական: Առաջինը ամբողջ Սահմանադրութեան էութիւնն է, այսինքն` խորհրդարանական կառավարման համակարգը: Ասիկա արդէն շատ բան կը պարունակէ: Յաջորդը համամասնական ընտրակարգի ամրագրումն է նոր սահմանադրութեան մէջ: Այսօր քաղաքական դաշտին մէջ գտնուող ընդդիմադիր ուժերու տարիներու, տասնամեակներու կռիւն է, պայքարը, համոզումը, որ պէտք է ըլլայ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգ: Երրորդ կարեւորագոյն բաղադրիչը` ընդդիմութեան դերակատարութիւնն է պետական համակարգին մէջ»:

Վարդանեանի խօսքով` այսօր գործող համակարգը ունի էական թերութիւն` եթէ որեւէ քաղաքական ուժ ունի մեծամասնութիւն եւ 51-52 առ հարիւր կը հաւաքէ, 47-48 տոկոս հաւաքած ուժերը ամբողջովին դուրս կը մնան պետական կառավարման մասնակցելու կարելիութենէն, ինչ որ անառողջ համակարգ է: «Ասիկա առճակատման, թշնամանքի, չարութեան մթնոլորտ կը ստեղծէ: Մենք յաճախ յայտարարած ենք, որ մենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ թշնամիներ չունինք, մենք ոեւէ մէկուն հետ չենք վերաբերիր իբրեւ թշնամի: Մեր նպատակը քննադատելը, հայհոյելը, բողոքելը, ամբոխահաճոյ բաներ ըսելը եւ այդ միջոցով շահաբաժին ունենալը չէ եղած բնաւ: Մեր նպատակը եղած է ունենալ այնպիսի պետութիւն, ուր իւրաքանչիւրը իր դերակատարութիւնը ունի, եւ, բանակցելով, բանավիճելով, համաձայնութիւններու գալով, գտնենք լաւագոյն լուծումները: Նոր սահմանադրութիւնը ընդդիմութեան կու տայ այնպիսի լծակներ, որ ընդդիմութեան ոեւէ ներկայացուցիչ կ՛երազէր: Ես չեմ գիտեր` այս պարագային մեր ընդդիմադիրները ինչէ՞ն  դժգոհ են: Ցաւօք, «ոչ» ըսողները չեն մտներ բովանդակային քննարկումներու, բանավէճերու մէջ, անոնց պատճառները այլ են, հասկնալի է, բայց բոլորս պէտք է հասկնանք, որ նոր սահմանադրութիւնը, ընդունուելու պարագային, առնուազն 10, 20, 30 տարի բոլորին համար նոյն կանոնները պիտի ստեղծուին: Այս սահմանադրութեամբ նոյն պայմաններով պիտի ապրին ե՛ւ ընդդիմութիւնը, եւ՛ իշխանութիւնը` անկախ անկէ, թէ վաղը ո՛վ ուր պիտի ըլլայ: Ասիկա փաստաթուղթ մըն է, որուն կանոններով այդ տարածքին մէջ պիտի ապրինք», նշեց դաշնակցական պատգամաւորը:

Ըստ Վարդանեանի, ինք Հայաստանի մէջ չի ճանչնար մէկը, թերեւս  քանի մը տասնեակ անհատներ, որոնք փոփոխութիւններ չեն ցանկար  կամ չեն պահանջեր, որոնք այս վիճակէն գոհ են: «Դաշնակցութեան պատկերացումով` փոփոխութիւնները պէտք է ըլլան խորքային եւ բովանդակային, ոչ թէ անձերու փոփոխութիւն», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:

 

 

Նախորդը

Սէյրանեան. «Մենք Կ՛ըսենք` Մէկ Գլուխի Փոխարէն Թող Հինգ Գլուխ Որոշում Տայ»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Կեղծիքները Պիտի Կանխուին»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.