Գլխաւոր լուրեր

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Ընդունեց  Սեդա Խտըշեանն Ու Շահան Գանտահարեանը

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Ընդունեց Սեդա Խտըշեանն Ու Շահան Գանտահարեանը

28 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանը եւ փոխատենապետ Շահան Գանտահարեանը: Նախարարը շնորհաւորեց Ս. Խտըշեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու պատշաճօրէն կազմակերպման եւ գործադրութեան իմաստով ունեցած նշանակալի աւանդին համար «Երախտագիտութեան» մետալով պարգեւատրուելուն համար` շեշտելով, որ ան լիովին արժանի է այդ բարձր պարգեւին: Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարին`...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Նախագահին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Զուիցերիոյ Ծերակոյտի Նախագահին Հետ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին ունեցած պետական տեսակցութիւններուն ծիրին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ ծերակոյտի նախագահ Քլոտ Հեշի հետ: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանային Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահ Կոտֆրիտ Լոխըր, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Արմենոֆասի նախագահ Թենի Փիրրի-Սիմոնեան: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին, վեհափառ հայրապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ պետութեան, եկեղեցիներուն ու ժողովուրդին 100 տարի...

Համախմբուած Աշխատանքով`  Հասնել Արդիւնքի

Համախմբուած Աշխատանքով` Հասնել Արդիւնքի

  Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ելոյթը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստին: Մեծարգոյ նախագահ, վեհափառ հայրապետներ, հոգեւոր հայրեր, յարգելի՛ գործընկերներ, սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի վերջին եռամսեակի նախաշեմին մի հայեացք նետենք անցած ինն ամիսների մեր բոլորի համատեղ աշխատանքին եւ արձանագրենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքների արծարծման գործընթացում...

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Իր Զօրակցութիւնը  Կը Յայտնէ Հայոց Բանակին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Հայոց Բանակին

Զուիցերիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, իմանալով Ղարաբաղի եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ բախումներու ընթացքին ինկած հայոց բանակի զոհերուն մասին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Խոր ցաւով իմացանք մեր զինուորներուն մահուան մասին: Անոնց ընտանիքներուն կը յայտնենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը եւ հայրական սէրն ու օրհնութիւնը: Մեր զինուորները հերոսներ են ու նահատակներ, որովհետեւ անոնք հայրենիքին, մեր անկախութեան ու իրաւունքներուն համար իրենց...

Երեւանի Մէջ Աշխատանքային Նիստ` Հայոց  Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի  Կեդրոնական Մարմինի  Ներկայացուցիչներուն Մասնակցութեամբ

Երեւանի Մէջ Աշխատանքային Նիստ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Ներկայացուցիչներուն Մասնակցութեամբ

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային նիստ, որուն մասնակցեցան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան եւ փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան: Քննարկուեցան նոյեմբերի աւարտին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով լոյս տեսած հրատարակութիւններուն նուիրուած ու 100-ամեակի աշխատանքները ամփոփող նախաձեռնութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ, Արժանավայել Հանդիսութեամբ Եւ Երիտասարդական-Ուսանողական Ջահերթով Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Իր Նահատակներու Բացած Ուղիէն Քալելու Վճռակամութիւնը.

Հազարաւոր Հայորդիներու Մասնակցութեամբ, Արժանավայել Հանդիսութեամբ Եւ Երիտասարդական-Ուսանողական Ջահերթով Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Իր Նահատակներու Բացած Ուղիէն Քալելու Վճռակամութիւնը.

«Համահայկական Մեր Իղձերու Իրագործման Ի Խնդիր, Մենք Պարտաւոր Ենք Գուրգուրալու Հայրենամերձ Այս Գաղութին» Յայտարարեց Յակոբ Հաւաթեան 40 տարի առաջ սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն հետեւանքով հայութիւնը կրեց բազմաթիւ վնասներ, սակայն հայկական միասնական ոգին պահպանեց հայութիւնը, հայկական թաղամասերն ու ազգային արժանապատուութիւնը: Նահատակներուն յարգանք մատուցելու եւ հաւաքական կամքն ու ուխտը վերանորոգելու համար, 15-28 սեպտեմբերին տեղի ունեցան բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններ, որոնց եզրափակիչ հանդիսութիւնը...

Խմբագրական.  Լիբանանի Մէջ Նահատակուածներուն Հայրենական Գնահատականը

Խմբագրական. Լիբանանի Մէջ Նահատակուածներուն Հայրենական Գնահատականը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ եւ կոմիտէներուն կազմակերպութեամբ ու գործադրութեամբ շրջան առ շրջան, թաղ առ թաղ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած նահատակները յիշելու ձեռնարկներու շարքը այսօր իր լրումին կը հասնի կեդրոնական հաւաքով: Երիտասարդական-ուսանողական ջահերթի ելակէտը այս պարագային խորհրդանշական իմաստ ունի: Այդ ելակէտը կ՛ամփոփէ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ընթացքին մեր նահատակներուն յիշատակը, խորհուրդը, սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան մէկ կարեւոր էջը լեցուցած հրաշալի հերոսներու ինքնանուիրումի փաստը:...

Աննախադէպ Լարուածութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Հակառակորդը Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարը

Աննախադէպ Լարուածութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Հակառակորդը Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարը

24-էն 25 սեպտեմբերի լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը շարունակած է խախտել զինադադարը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդին կողմէ զինադադարը խախտուած է շուրջ 260 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 եւ 82 մմ-ոց ականանետերէ ու Ռպգ-7, Հան-17 եւ Սպգ-9 տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է...

Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնախումբի 6-րդ Նիստը

Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնախումբի 6-րդ Նիստը

Կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ իր աւարտին հասաւ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները  համակարգող պետական յանձնախումբի 6-րդ նիստը, զոր վարեց յանձնախումբի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նիստը հրաւիրուած էր ընդլայնուած կազմով. պետական յանձնաժողովի անդամներէն բացի, ներկայ էին շրջանային յանձնախումբերու  ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, մասնագէտներ: Օրակարգի հարցերու քննարկումին անցնելէ առաջ նիստին  մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յանձնախումբի  անդամ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ...

Գաբրիէլ Չեմպերճեան Պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց», Սեդա Խտըշեան՝ «Երախտագիտութեան» Մետալով

Գաբրիէլ Չեմպերճեան Պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց», Սեդա Խտըշեան՝ «Երախտագիտութեան» Մետալով

26 սեպտեմբերին Հայաստանի նախագահական պալատին մէջ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6-րդ նիստը, զոր վարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նիստին ընթացքին Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով պարգեւատրուեցան Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բարերարներ, գործարարներ, գործիչներ: «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալով պարգեւատրուեցաւ «Փիւնիկ» բարեսիրական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ամէնէն կարեւոր ծրագիրներէն Ցեղասպանութեան թանգարանի վերանորոգման եւ Կոմիտաս թանգարանի կառուցման հովանաւորելուն համար:...

«Նահատակը Այն Անձն Է, Որ Գերագոյն Արժէքներու Եւ Սկզբունքներու Կը Հաւատայ: Արժէքներ Եւ Սկզբունքներ, Որոնք Վեր Են, Ու Վեհ Են Իր Անձէն, Եւ Այդ Սկզբունքներու Ու Արժէքներու Յաւերժութեան Համար Իր Կեանքը Կ՛ընծայաբերէ» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նահատակը Այն Անձն Է, Որ Գերագոյն Արժէքներու Եւ Սկզբունքներու Կը Հաւատայ: Արժէքներ Եւ Սկզբունքներ, Որոնք Վեր Են, Ու Վեհ Են Իր Անձէն, Եւ Այդ Սկզբունքներու Ու Արժէքներու Յաւերժութեան Համար Իր Կեանքը Կ՛ընծայաբերէ» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառեց մեծ աւեր ու բազմաթիւ զոհեր, եւ լիբանանահայութիւնը, հակառակ իր որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան, տուաւ բազմաթիւ զոհեր եւ հայկական թաղամասերու մէջ տեղի ունեցաւ քանդում: Ոմանք գաղթեցին, ուրիշներ կառչած մնացին իրենց երկրորդ հայրենիքին եւ դիմակայեցին ստեղծուած դժուար պայմաններուն: Կազմակերպուած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի եւ այդ պատերազմի հայ զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ: Այդ առթիւ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավար...

Հայաստանի Վարչապետը Պէյճինկի Մէջ  Քննարկած Է Ներդրումային Ծրագիրներու  Ֆինանսաւորման Կարելիութիւնները

Հայաստանի Վարչապետը Պէյճինկի Մէջ Քննարկած Է Ներդրումային Ծրագիրներու Ֆինանսաւորման Կարելիութիւնները

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 23 սեպտեմբերին Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է Չինաստանի Արտածման-ներածման դրամատան խորհուրդի նախագահի  տեղակալ Լիւ Լեանքի հետ: Զրուցակիցները  քննարկած են Արտածման-ներածման դրամատան  մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ շարք մը ներդրումային ծրագիրներու ֆինանսաւորման կարելիութիւնները, համագործակցութեան նախատեսուող ուղղութիւնները: Վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ տնտեսութեան մէջ չինական ընկերութիւններու ներգրաւուածութիւնը: Անոր համաձայն, վերջին տարիներուն չինական կողմին հետ քննարկուած...

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ընդունած Է  Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ընդունած Է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

23 սեպտեմբերին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի: Ասիկա նորընտիր պատրիարքին առաջին այցելութիւնն էր Հայաստան եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն: Հանդիպման ընթացքին...

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան  24-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն` Պէյրութի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 24-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն` Պէյրութի Մէջ

22 սեպտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 24-րդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւնը: Պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի խորհրդարանի  նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանին, Լիբանանի վարչապետի ներկայացուցիչ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ դեսպան Միրա Տահեր, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ  երեք տասնեակ օտարերկրեայ դեսպաններ...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ`  Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» Ակումբին Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, երէկ` չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մար Եուսեֆի ԼՕԽ-ի «Անահիտ» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Դրօ Մսըրլեան Ալիսիա Իշխանեան Ռիթա Պարոնեան եւ Սիպէլ Աւետիսեան Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դրօ Մսըրլեան: Իր խօսքին...

Մոսկուայի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ  Վերականգնուած Մեծ Մզկիթին

Մոսկուայի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Վերականգնուած Մեծ Մզկիթին

Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ վերականգնողական աշխատանքներու աւարտէն ետք երէկ տեղի ունեցաւ գլխաւոր մզկիթի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են իսլամական երկիրներու  բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, անոնց շարքին` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը: Յայտնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անձամբ ներկայ գտնուեցաւ մզկիթի բացման արարողութեան: Վեց յարկերէ բաղկացած նոր մզկիթին մէջ կը տեղաւորուի մօտաւորապէս 10 հազար հաւատացեալ: Ատիկա...

6, 7 Եւ 8 Հոկտեմբերին Երկխօսութեան  Իրերայաջորդ Վեց Նիստեր Պիտի Գումարուին

6, 7 Եւ 8 Հոկտեմբերին Երկխօսութեան Իրերայաջորդ Վեց Նիստեր Պիտի Գումարուին

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան Գ. նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ...

Նախարար Նալբանդեան Տեսակցած Է Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքին Հետ

Նախարար Նալբանդեան Տեսակցած Է Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքին Հետ

22 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Նախարար Նալբանդեան ընտրութեան առիթով ջերմօրէն շնորհաւորած է հոգեւոր տէրը: Յաջողութիւն մաղթելով Գրիգոր Պետրոս Ի.-ին` իր վեհ առաքելութեան մէջ, նախարարը նշած է. «Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան ըլլալու ժամանակահատուածին ձեզի հետ Փարիզի մէջ երկար տարիներ սերտօրէն գործակցելու բարեբախտութիւնն ու պատիւը ունենալով` անձամբ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ

Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան յաջորդ օրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ Զուիցերիոյ գերմանատառ եւ ֆրանսատառ թերթերու` «Թակես Անզէյկըր», «Լա Լիպերթէ», «Աժանս Ռոմանտ Տէ Փրես» եւ «Լը Թամփ» թերթերու թղթակիցներուն հետ: Վեհափառ հայրապետին ունեցած հարցազրոյցները ներառեցին` Ա) Զուիցերիա իր այցելութեան կատարած առնչուած հարցեր: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ ընդառաջելով Զուիցերիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Արմենոֆաս հիմնարկի հրաւէրին, Զուիցերիա...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի  Նահատակներուն Նուիրուած  Ձեռնարկ` Հայաշէնի Ակումբին Մէջ

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Ակումբին Մէջ

«Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրը  կրող Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին, երէկ` երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ակումբի «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Քրիսթինա Սրապոնեան Համբիկ Միսաքեան Յակոբ Ղազարեան Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Ղազարեան: Ան յայտնեց, որ 13 ապրիլ 1975-ը լիբանանահայութեան համար...

Page 743 of 795 1 … 742 743 744 … 795

Արխիւներ