Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Կառավարութիւնը Պարտաւոր Է Արմատական Լուծումներու Երթալու»

Նոյեմբեր 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvan_111615

Ազգային ժողովի 2016-ի պետական պիւտճէի քննարկման նիստին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է, որ պետական  պիւտճէի գլխաւոր ցուցանիշներէն մէկը ընթացիկ ծախսերու եւ հիմնական ծախսերու յարաբերակցութիւնն է, եւ այդ առումով` ցուցանիշներուն պատկերը տարուէ-տարի կը վատթարանայ:

«2016-ի համար ունինք 90,6 առ հարիւր ընթացիկ ծախսեր եւ միայն 9,4 առ հարիւր հիմնական ծախսեր: 2008-ին այդ առ հարիւրը 9,4-ի դիմաց եղած է 20 առ հարիւր, 2010-ին` 18 առ հարիւր , 2012-ին` 13 առ հարիւր: Ո՞րն է կառավարութեան քաղաքականութիւնը, ո՞րն է ձեր կարծիքը, ի՞նչ պէտք է ընել այս անընդհատ անկումէն դուրս գալու համար: Այլապէս այնպէս մը կը թուի, որ մենք կը պահենք հսկայական պետական անձնակազմ միայն աշխատավարձեր եւ նպաստներ տալու համար, իսկ զարգացման համար շատ փոքր միջոցներ կը յատկացնենք», դիտել տուած է Աղուան Վարդանեան:

Պատգամաւորին երկրորդ հարցումը կը վերաբերէր հարկային նոր օրէնսգիրքին: Ան յիշած է, որ վարչապետը պիւտճէի ներկայացման ատեն շեշտած է, որ կառավարութեան ծրագիրով նախանշուած կառավարման ու կառուցուածքային բարեփոխումներուն զուգահեռ, նոր կարեւորութիւն պիտի ստանայ հարկային նոր օրէնսգիրքի քննարկումն ու ընդունումը:

Ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան ընդունած է, որ իսկապէս հիմնական ծախսերը քիչ են, եւ ասիկա պիւտճէի ամէնէն ցաւալի հարցերէն մէկն է: Բայց  պիւտճէի կառուցուածքը այնպիսին է, որ` «ընկերային ծախսերէն ետ գալը բազմաթիւ պարագաներու  աննպատակայարմար եւ դժուար կ՛ըլլայ: Տնտեսութիւնը պէտք է աշխուժացուի եւ լրացուցիչ հարկային եկամուտներ ապահովէ, պէտք է կրճատել ծախսերը, որոնք կը ստեղծեն խնայողութեան դրութիւն, եւ ներքին ու արտաքին միջոցներէն եկած աղբիւրները պէտք է ուղղել դէպի հիմնական ծախսերը», նշած է նախարարը:

Հարկային օրէնսգիրքին մասին խօսելով` նախարարը նշած է, որ անիկա շատ ծաւալուն է եւ կը վերաբերի տնտեսութեան բոլոր շրջագիծերուն: Անոր համաձայն, կառավարութիւնը մտադիր է վերցնել հարիւրէն աւելի կարգաւորումներ, որոնք կը խոչընդոտեն գործառնութեան զարգացման:

Աղուան Վարդանեան արձագանգած է, որ նախարարին ըսածներուն համամիտ է` երեք քայլերու շուրջ. պէտք է աշխատիլ տնտեսութեան զարգացման, ստուերի նուազեցման եւ խնայողութիւններու ուղղութեամբ, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է:

Պատգամաւորը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած է խնայողութիւններու հարցը: «Կառավարութիւնը պարտաւոր է արմատական լուծումներու երթալու», շեշտած է ան:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Երկխօսութեան Նիստին

Յաջորդը

Տեսակէտ. Նոր 11 Սեպտեմբե՞ր, Թէ Հերթական Ահաբեկչութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?