Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրանեան. «Մենք Կ՛ըսենք` Մէկ Գլուխի Փոխարէն Թող Հինգ Գլուխ Որոշում Տայ»

November 18, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Seyranian_111715

Սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ Արարատի մարզի Բերքանուշ համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան ըսաւ, որ այժմու սահմանադրութեան ու բարեփոխուած տարբերակին միջեւ եթէ նոյնիսկ մէկ յօդուածի դրական փոփոխութիւն ըլլայ, ուրեմն այդ դրականը չընդունիլը միամտութիւն է եւ յիմարութիւն:

«Վատի ու լաւի միջեւ ընտրութիւն կատարելը աշխարհի ամէնէն դիւրին բանն է, անոր համար շատ խելք պէտք չէ: Խելք պէտք է, երբ դուն ընտրութիւնը լաւի ու լաւագոյնի միջեւ կը կատարես: Սա երրորդ սահմանադրական փորձն է, որ երկիրը կ՛ունենայ: Եթէ 1995-ին  ընդունուէր այն տարբերակը, որ այսօր կ՛առաջարկուի, մեր ժողովուրդն ու պետութիւնը քսան տարի չէին կորսնցներ: Քսան տարի մենք կորսնցուցած ենք` որդեգրելով տարբերակ մը, որ անընդհատ առաջնորդած է դէպի փակուղի: Տասը տարի ետք փորձեցինք այդ ձեւին մէջ քիչ մը սրբագրութիւններ մտցնել: Մենք եղանք ջատագովներէն մէկը` շատ բաներու համաձայն չէինք, բայց այդ ժամանակ այդքանը կրցանք: Հիմա կայ աւելին փոխելու կարելիութիւն եւ առիթ: Տարրական բան է` եթէ ձեր կենցաղին մէջ ունիք աւելի լաւը  ընտրելու կարելիութիւն, եթէ չընտրէք, ատիկա խելքի արտայայտման ձե՞ւ է», ըսաւ Սէյրանեան:

Խօսելով հաւատքի պակասի մասին` ան նշեց. «Եթէ հաւատքի պակասով առաջնորդուէին, քարանձաւէն մարդը դուրս չէր գար»:

Սէյրանեանի համաձայն, բոլոր անոնք, որոնք 20 տարի առաջ, չգիտակցելով, մեր ժողովուրդի եւ պետութեան գլխուն փաթթեցին այն ժամանակուան սահմանադրութիւնը, որ մէկ մարդու համար  նախատեսուած էր, ոչ պակաս յանցագործ են:

Սէյրանեան նշեց նաեւ, որ բարեփոխուած սահմանադրութիւնը թոյլ կու տայ, որ որոշում տուողը մէկ անձ չըլլայ: «Եթէ կ՛ըսենք` մէկ գլխու  փոխարէն թող հինգ գլուխ որոշում տայ, ատոր վատը ո՞րն է: 25 տարուան մէջ քաղաքականապէս ամէնէն տարածուած բառը եղած է «իշխանափոխութիւն»-ը, բոլորը ըսած են` իշխանափոխութիւն պէտք է: ՀՅԴ-ն ալ ըսած է «իշխանափոխութիւն», բայց մենք մէկ  տարբերութեամբ ըսած ենք, մենք ըսած ենք` ամբողջական ու համակարգային իշխանափոխութիւն: Այս սահմանադրութեան նախագիծը ամբողջական եւ համակարգային իշխանափոխութիւն  կ՛իրականացնէ»:

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպայի Կանաչները Վաւերացուցած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւ Մը

Յաջորդը

«Նոր Սահմանադրութեամբ` Նոյն Պայմաններով Պիտի Ապրի Ե՛ւ Ընդդիմութիւնը, Ե՛ւ Իշխանութիւնը» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.