Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Ամէն Թիզ Հողի Համար Պիտի Կռուինք Այնպէս, Ինչպէս Կռուեցանք Արցախեան Ազատամարտի Տարիներուն»

Նոյեմբեր 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ohanian_111615

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան սահմանին վրայ հակառակորդի կրակոցէն զոհուած զինուոր Միքայէլ Թորոսեանի հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին յայտնած է, որ վերջին շրջանին հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացած է, մեծ տրամաչափի զէնքերէ կրակոցները` նուազած, իրավիճակը վերահսկելի է:

«Թէեւ այս դէպքը վերջին երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ, երկու զոհ ունեցանք, սակայն կարելի է ըսել` իրավիճակը վերահսկելի է: Հայկական զինուորական ուժերը ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի սահմաններուն վրայ, իրենց առջեւ դրուած հարցերը կը լուծեն բարձր մակարդակով: Զինուորները պէտք է քիչ մը աւելի ուշադիր ըլլան անվտանգութեան հետ կապուած բոլոր հարցերուն», դիտել տուած է նախարարը:

Օհանեան ընդգծած է, որ այսպիսի դէպքերու պարագային միակ սփոփանքը զոհերու ծնողներուն կողքին ըլլալն ու զանոնք մխիթարելն է:

Անդրադառնալով շրջան ընող այն խօսակցութիւններուն, ըստ որոնց, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի երեւանեան այցելութեան ընթացքին քննարկուած է յարակից տարածքներու վերադարձի հարցը` նախարարը նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հայկական կողմի տեսլականը անփոփոխ է:

«Ես կ՛ուզեմ, որ մենք բոլորս հասկնանք այն իրականութիւնը, որ  այսօր գոյութիւն ունի, եւ նաեւ իմանանք, որ ղարաբաղեան տագնապի  լուծման խնդիրին շուրջ Հայաստանի զինուորական եւ քաղաքական  ղեկավարութեան տեսակէտները հետեւեալն են` միայն խաղաղ միջոցներով հարցի լուծում, երկխօսութեան ճամբով փոխադարձ համաձայնութիւն, շփման գիծին վրայ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորում` զերծ բոլոր կրակոցներէն, հետախուզական գործողութիւններէն, նաեւ միջազգային հետաքննութեան պայմաններ ստեղծելը` զինուորական փորձագիտութեան հիման վրայ: Այն ինչ որ հասարակութեան եւ տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ կ՛ըսուի, անհատական վերլուծումներ են, որոնք իրականութեան հետ կապ չունին: Բոլորս պէտք է հասկնանք, որ եթէ յանկարծ Արցախի հետ բան մը պատահի, իւրաքանչիւր թիզ հողի համար պիտի կռուինք այնպէս, ինչպէս կռուած ենք արցախեան ազատամարտի տարիներուն»:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Նոր 11 Սեպտեմբե՞ր, Թէ Հերթական Ահաբեկչութիւն

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Մարզային Այցելութիւնները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?