Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Զաւէն Խտըշեանի «60 Տարուան Ստեղծագործութիւն» Պատկերագիրքին Մակագրութիւնն Ու Քանդակներու Ցուցահանդէսը

Նոյեմբեր 18, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1541

Երէկ` երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին մակագրութիւնն ու քանդակներու ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին,  հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Կրէյս Պապոյեան-Լոճիքեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին ըսաւ, թէ հաւաքը կազմակերպուած է հաճոյքով վայելելու համար Զաւէն Խտըշեանի արուեստի գործերը եւ մանաւանդ անոր «60 տարուան ստեղծագործութիւն» պատկերագիրքի մակագրութիւնը: Ան յայտնեց, որ Զաւէն Խտըշեան կը նկատուի լիբանանեան եւ հայ արուեստի պատմութեան մէջ ամէնէն յաջողակ  արուեստագէտը, որ նաեւ  եղած է լիբանանցի առաջին մասնագէտ քանդակագործը եւ ներկայացուցած  է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ`  Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:

 

Խօսք առաւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, որ ցուցասրահը պատիւ ունի կազմակերպելու Զաւէն Խտըշեան արուեստագէտի գործերուն ամբողջական արգասիքը հանդիսացող գիրքի մակագրութիւնը: «Համամարդկային, ազգային արժէքները ամբողջացուցած Զաւէն Խտըշեանի 60 տարիներու վաստակին առջեւ, անոր մեծութեան, պարզութեան առջեւ կը խոնարհինք», ըսաւ Յակոբ Հաւաթեան, ապա հաստատեց, որ արուեսագէտը մեծարելով կը մեծարուի նաեւ ազգը, որովհետեւ անոր գոյերթը աւելիով կ՛երաշխաւորուի:

IMG_1679

Յակոբ Հաւաթեան ալպոմի հրատարակութեան առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Րաֆֆի Չերչեանին եւ Յակոբ Քալինճեանին: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն, որոնք սիրայօժար ստանձնած էին հատորի հրատարակութիւնը, ապա վերջապէս առաջնորդ հօ`ր անոր օրհնութիւնը ստանալու առիթով:

Խօսք առաւ նաեւ Յովիկ Քիւրքճեան եւ մեծապէս շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանին` մարդկութեան անոր տուած արուեստին ու մշակոյթին:

Ելոյթ ունեցաւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան:  Ան ըսաւ, թէ Զաւէն Խտըշեանի «60 տարուան գործունէութիւն» պատկերագիրքը առիթ մը պիտի ըլլայ մօտէն ճանչնալու արուեստագէտը, ապա աւելի գնահատելու զինք եւ արժեւորելու անոր արուեստը: Մ. Հերկելեան ըսաւ, թէ Զաւէն Խտըշեան յատուկ համակրանք ունեցած է եգիպտական արուեստին նկատմամբ, որովհետեւ հին եգիպտական կրօնը կը ձգտէր անմահութեան:

Ինչ կը վերաբերի արուեստի հոլովոյթին, ան ըսաւ, թէ Զաւէն Խտըշեանի առաջին քանդակը եղած է ծունկի եկած աղջիկը, որմէ ետք անոր քանդակները աստիճանաբար վերապրած են, վեր բարձրացած ու սկսած են թռչիլ: Քանդակները հազիւ ուղղահայեաց կանգնած են, գտած են իրենց ընկերը եւ սկսած սաւառնիլ տիեզերք, անով ալ ձգտած են  անմահանալ: Ան ըսաւ. «Զաւէնը իր ներքին մղումով կը սաւառնի տիեզերքին մէջ: Ան բացառիկ ինքնատիպ է եւ կը հետեւի իր ներքին ձայնին: Ենթագիտակցաբար ստեղծած է ոճ մը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի»:

Նոյն առիթով սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նոյնպէս անդրադարձաւ արուեստագէտի ինքնատիպութեան եւ իւրայատկութեան: Ան ըսաւ, թէ արուեստը ազգութիւն չի ճանչնար, հետեւաբար Զաւէն Խտըշեան իր իւրայատուկ արուեստը մաս կը դարձնէ ընդհանուր հայութեան եւ մարդկութեան միաժամանակ: Առաջնորդ սրբազան հայրը հաստատեց, որ Զաւէն Խտըշեան իր կեանքին ընթացքին աշխատած է տալ հայ եւ լիբանանեան իրականութեան գեղեցիկը, կատարեալը, բարին ու վսեմը, ապա եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Լիբանանահայ իրականութեան մէջ հասակ առած արուեստագէտներու անունները ժամանակին հետ չեն նօսրանար, այլ կը վերածուին կենդանի ուժի, ինչպէս որ է պարագան Զաւէն Խտըշեանին:

Խօսք առաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան: Ան մեծապէս գնահատեց եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց գիրքին հրատարակութեան առիթով` նշելով, որ իր երազը իրականացած է: Արուեստագէտին գործերը եթէ  չյիշուին, ան շուտով կը մեռնի:

Ան աւելցուց ըսելով. «Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ կեանքս` քանդակներուս կողքին, որովհետեւ կը հաւատամ, որ արուեստագէտի կեանքն ու գործը անբաժան են իրարմէ, պէտք է լաւապէս ճանչնալ անձը, որ կարելի ըլլայ հասկնալ անոր արուեստը: Ան ըսաւ, որ իր երազներէն մէկն է նաեւ Ղարաբաղի անկախութեան առիթով կոթողային քանդակի մը իրագործումը` իբրեւ բարոյական պարտականութիւն:

Ձեռնարկը փակեց Յակոբ Հաւաթեան : Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար եւ  յատկապէս տոքթ. Արմենակ Եղիայեանին, Տիգրան Ճինպաշեանին եւ Արտա Էքմեքճիին, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են պատկերագիրքի հրատարակութեան աշխատանքին: Գեղարուեստական յայտագիրին ընդմէջէն ելոյթ ունեցաւ Բալիկ Լատոյեան:

IMG_1672

Ձեռնարկի աւարտին արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան իր գիրքերը մակագրեց:

Տեղին է նշել, թէ ցուցասրահի երկու յարկերուն վրայ ցուցադրուած էին Զաւէն Խտըշեանին պրոնզէ, մարմարէ եւ գաճէ 45 արձանները:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ  մինչեւ 30 նոյեմբեր 2015, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ. Այսօր Նարեկ Դուրեան Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Թատերախաղը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Հայ Սրբանկարչութեան Դասընթացքի Հետեւողներուն Հետ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?