Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Մարզային Այցելութիւնները Կը Շարունակուին

November 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lokian_111615

Սահմանադրական հանրաքուէին վերաբերող քարոզարշաւի ծիրին մէջ կը շարունակուին ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն մարզային հանդիպումները:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան 16 նոյեմբերին Արմաւիր քաղաքի բնակիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցած է այժմու եւ առաջարկուող սահմանադրութեան հիմնական տարբերութիւնները:

«Մեր խնդիրն է վերափոխել, բարեփոխել սահմանադրութիւնը, որպէսզի անիկա համապատասխանէ մեր ժողովուրդի պահանջներուն: Տակաւին 1991-ին, երբ նախագահական ընտրութիւններ տեղի ունեցան, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին առջեւ հանդէս եկաւ հիմնական սկզբունքային մէկ հարցով, որ մենք հիմնական նախագահական կառավարման համակարգին դէմ ենք եւ մեր ժողովուրդին հետագայ զարգացման հիմքը կը տեսնենք խորհրդարանական կառավարումը: Ի՞նչ կու տայ մեզի խորհրդարանական կառավարումը. ամէնէն առաջինը` երկրին բոլոր խնդիրներուն լուծումը մէկ մարդէ այլեւս կախուած պիտի չըլլայ: Այս գերկեդրոնացումէն պէտք է ազատենք երկիրը», շեշտած է Դաւիթ Լոքեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արսէն Համբարձումեան եւս յայտարարած է, որ այսօր կայ շատ կարեւոր հարց, շատ աւելի կարեւոր, քան համապետական որեւէ ընտրութիւն, որովհետեւ հիմա ոչ թէ կ՛ընտրենք անձեր, այլ կ՛ընտրենք այն, թէ ինչպիսի՛ տեսլական պիտի ունենայ մեր երկիրը: «Համոզուած եմ, որ բոլորը դժգոհ են այն իրավիճակէն, որ այսօր ունինք, թէ՛ տնտեսական առումով, թէ՛ տիրող անարդարութիւններու, թէ՛ ընկերային քաղաքականութեան եւ բոլորիս մօտ կայ գիտակցութիւն, որ օր առաջ մեր երկրին մէջ փոփոխութիւններու կարիք կայ, եւ այդ փոփոխութիւնները պէտք է ըլլան համակարգային: Ես ձեզի կը վստահեցնեմ` մենք 6 դեկտեմբերին ճակատագրական ընտրութեան պիտի երթանք, որուն արդիւնքով միայն մենք չէ, որ պիտի զգանք այդ փոփոխութիւնները», յայտնած է Արսէն Համբարձումեան:

ՀՅԴ-ի անդամ, նախկին պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեան  անդրադարձած է համամասնական ընտրակարգին: Ան նշած է, որ ատիկա Դաշնակցութեան համար սկզբունքային խնդիր եղած է վաղուց: «Մեր խորհրդարանին մէջ  41 մեծամասնականով ընտրուած պատգամաւոր կայ, եթէ դուք անոնցմէ գոնէ մէկուն անունը տաք, որ  պատասխանատուութիւն կը կրէ ժողովուրդին առջեւ, ես կ՛ըսեմ` կը սխալիմ: Մեր երկրին մէջ մեծամասնականով կ՛ընտրուին անոնք, որոնք  իշխանութեան մէջ դրամ եւ դիրք ունին», նշած է Առաքելեան:

Նախորդը

Օհանեան. «Ամէն Թիզ Հողի Համար Պիտի Կռուինք Այնպէս, Ինչպէս Կռուեցանք Արցախեան Ազատամարտի Տարիներուն»

Յաջորդը

Ակնարկ. Գաղթականներուն Հետ Ահաբեկիչները Դէպի Եւրոպա Ուղարկողը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.