Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարողական Ներդրողները Պէտք Է Գործունէութիւն Տեսնեն, Եւ Ոչ Փաստաթուղթ

Նոյեմբեր 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated48

Երէկ Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստին ընթացքին 2016-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մասին խօսեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

Մինասեանի խօսքով` պիւտճէն ընդամէնը արտացոլացումն է երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական վիճակի, զոր պատգամաւորը որակեց «խայտառակ վիճակ»:

Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, այս վիճակը նաեւ կը յստակացնէ մարտահրաւէրները, եւ եթէ անկեղծ ու անմիջական քննարկումի առաջարկներ չդառնան անոնք, ելքեր կարելի չէ գտնել:

Պիւտճէին նախագիծը ցոյց կու տայ, որ երկրին տնտեսական վիճակը կայուն է, եւ որ երկրին մէջ գնաճի զսպման արդիւնաւէտ համակարգ չի գործեր, տնտեսական շուկաները կայացած չեն, որ ստուերային տնտեսութիւնը եւ կաշառակերութիւնը կը շարունակեն քանդել երկրին տնտեսական վիճակը: Եւ այդ ամէնը կ՛արտայայտուի գործազրկութեան, աղքատութեան, արտագաղթի ցուցանիշներուն մէջ: «Պէտք է ելքեր գտնել, մէկ լեզուով քննարկում կազմակերպել, ինչ որ ցաւօք չի գործադրուիր:

«Կառավարութեան անդամները կը գովաբանեն ձեռնարկուած գործողութիւնները, բայց երբ արդիւնքի պահը կու գայ, կը տեսնենք, որ դրական բաներ չունինք: Կը խօսուի ներդրումներու հայեցակարգի մասին, բայց չի խօսուիր, այն մասին, թէ այդ փաստաթուղթի կեանքի կոչման համար ինչպիսի խոչընդոտներ կան», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով, որ կարողական ներդրողները պէտք է գործունէութիւն տեսնեն, եւ ոչ` փաստաթուղթ:

«Եթէ մենք իրարու հետ չստեղծենք բազմակեդրոն մրցունակ պետութիւն ստեղծելու հայեցակարգ, մենք դատապարտուած ենք այս ձեւով խօսելու: Երբեք արկածախնդրական տնտեսական առաջարկներուն ընթացք մի՛ տաք պարզապէս ձեզ սիրաշահելու կամ չքննադատուելու մտահոգութեամբ», կառավարութեան դիմելով ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

«Այո» Ըսել Կը Նշանակէ Ունենալ
Համակարգը Փոխելու Կարելիութիւն

nes-2_111815

Սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ, երբ ՀՅԴ ներկայացուցիչները Չարենցաւան կը գտնուէին, ներկաներէն մէկը ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանին հարցուց, թէ ի՞նչ հիմքեր ունին այն պնդումները, որոնց համաձայն, սահմանադրական փոփոխութիւնները պիտի յանգեցնեն միակուսակցական համակարգի: Աղուան Վարդանեան հերքեց այդ մտահոգութիւնները` ըսելով, որ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգը էապէս պիտի նուազեցնէ միակուսակցական համակարգի ձեւաւորումը:

Աղուան Վարդանեան ըսաւ նաեւ, որ մենք ունինք թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին խնդիրներ, եւ կարեւոր է, որ համակարգը փոփոխութեան ենթարկուի, որ որակ փոխուի, մարդիկ վերջապէս ձերբազատին թշնամանքէն ու հայհոյանքէն եւ սկսին գործ կատարել:

«Ոչ» ըսել սահմանադրական փոփոխութիւններուն, կը նշանակէ պահել ներկայ վիճակը, եւ «այո» ըսել` կը նշանակէ ունենալ համակարգը փոխելու առիթ», ըսաւ Վարդանեան:

Ա. Վարդանեան նշեց, որ քաղաքական շրջանակներուն մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն քննարկումները սկսած են  երկու տարի առաջ, եւ Դաշնակցութիւնը այդ ամբողջ ընթացքին աշխատած, առաջարկներ ներկայացուցած եւ քննարկումներու մասնակցած է:

Ան կարեւոր նկատեց մասնագիտական խմբակին աշխատանքը, որովհետեւ անոնց կողմէ գրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու  հայեցակարգը ճիշդ ձեւով սահմանած է երկրին հիմնական  խնդիրներն ու հարցերը:

 

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ` Արցախի Մասին Ձեռնարկ Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

Յաջորդը

Դեկտեմբերին` Սարգսեան – Ալիեւ Հաւանական Հանդիպում

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?