Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ այսօր` երեքշաբթի, 17 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Զաւէտ Խտըշեանի «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին մակագրութիւնն ու քանդակներու ցուցահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն:
Այս առիթով Զաւէն Խտըշեանի հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին արուեստագէտը իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց «60 տարուան ստեղծագործութիւն» ալպոմին հրատարակութեան առիթով եւ ըսաւ, որ ալպոմին պատրաստութեան երկար աշխատանքը յաջողութեամբ աւարտելուն համար մեծապէս երախտապարտ ու շնորհակալ է Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններէն, ինչպէս նաեւ Համազգայինէն եւ մանաւանդ Համազգայինի գրատարածի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանէն:
Ան նշեց. «Լոյս տեսաւ իմ առաջին ալպոմս, որուն մէջ ներառուած են ոչ միայն բոլոր ստեղծագործութիւններս, այլ նաեւ իմ անձնական կեանքս, որովհետեւ կը հաւատամ, որ արուեստագէտին կեանքն ու գործը իրարմէ անբաժան են եւ ամէն տեղ զիրար կ՛ամբողջացնեն:
Նման հրատարակութիւնները կարեւոր են արուեստագէտին համար, որովհետեւ արուեստագէտը անմահութեան կը հաւատայ ո՛չ թէ ֆիզիքապէս, այլ իր ժառանգութեամբ, զոր պիտի կտակէ յաջորդող սերունդներուն»:
Զաւէն Խտըշեան արժեւորելով արուեստը ըսաւ. «Մանկութենէս սիրելով եւ յափշտակութեամբ ունկնդրած եմ դասական երաժշտութիւն.
ըստ ինծի, արուեստին հիմը երաժշտութիւնն է. ամէն արուեստի մէջ, եթէ երաժշտութեան խորհուրդը, անոր ելեւէջները չկան, անիկա կը դադրի արուեստի գործ ըլլալէ»: Անդրադառնալով արուեստագէտի դերին` Զաւէն Խտըշեան հաստատեց, որ արուեստագէտը պարտաւոր է ժողովուրդը առաջնորդել: «Ան պէտք է ժողովուրդէն առաջ երթայ: Արուեստը պէտք չէ ժողովրդական ըլլայ, այլ` պատգամող ու կառավարող», դիտել տուաւ ան:
Զաւէն Խտըշեան նշեց նաեւ, թէ ազգային կեանքին մէջ զինք ամէնէն շատ յուզած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան ներքին մղումով մը փափաքած է իր տուրքը մատուցել Եղեռնի զոհերուն` անոնց յիշատակը անթառամ պահելով: Եւ շնորհիւ տքնաջան աշխատանքին, յաջողած է վարպետութեամբ քանդակել ու կերտել Հայոց ցեղասպանութեան կոթողային յուշարձանը Պիքֆայայի մէջ:
Մարդկային կեանքի տարբեր երեւոյթներուն մասին խօսելով` վաստակաշատ արուեստագէտը ըսաւ. «Վերջին տասնամեակներուն մարդկութիւնը հետզհետէ ոտնակոխ կ՛ըլլայ բարբարոսներու վայրենիութիւններէն, եւ, բնական է, որ գալիք սերունդները ազդուին ու աւելի վայրենի դուրս գան: Կեանքին մէջ գեղեցիկին ու բարիին փնտռտուքը գրեթէ վերացած է: Մարդկութիւնը իր կոչումէն դուրս եկած է: Ես կ՛աշխատիմ հեռու մնալ պատերազմական յոռի առօրեայէն եւ երեւոյթներէն, բայց միւս կողմէ լաւատես եմ Հայաստանով: 40 երկիր այցելած եմ, բայց Երեւանի գեղեցկութիւնը ոչ մէկ տեղ տեսած եմ. Երեւանի ջուրը, գոյնը, արձանները իսկական հրաշալիքներ են: Մարդ պէտք է իրատես ըլլայ. այս պայմաններուն մէջ ամէնէն գեղեցիկ ու խաղաղ վայրը աշխարհի վրայ Հայաստանն է», հաստատեց Զաւէն Խտըշեան:
Յառաջիկային ամբողջութեամբ կը հրատարակենք վաստակաշատ արուեստագէտին հետ կատարուած հարցազրոյցը: