Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով` Սիրոյ Եւ Երախտագիտութեան Աննախընթաց Նուագահանդէս. Վարդան Մելքոնեանի «Տրէյք Փասսէյճ» Համանուագին Առաջին Ներկայացումը` Նուիրուած Մարիա Ճէյքըպսընին

Նոյեմբեր 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

FAG_8380_1

Աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ խմբավար Վարդան Մելքոնեանի «Տրէյք Փասսէյճ» համանուագի առաջին ներկայացումը հնչեց: Համանուագը երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան լաւագոյն առիթն էր` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրող փոքրիկներուն հոգատար «մամա»-ին` Մարիա Ճէյքըպսընին:

H27A8759

Աննախընթաց ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ Պաալպեքի միջազգային փառատօնի վարչութեան գործակցութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2015, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Քազինօ տը Լիպան»-ի մէջ` իբրեւ եզրափակիչ ձեռնարկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն: Ձեռնարկին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքի ներկայացուցիչ Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Հայաստանի, Պելճիքայի, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Ուրուկուէյի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչը:

Ներկայ էին նաեւ պետական եւ կառավարական մարմիններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գրասենեակներու անձնակազմը եւ գործադիր կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարի Միջին Արեւելքի տնօրէնն ու գրասենեակին անձնակազմը:

Նայլա Տը Ֆրէյժ
Նայլա Տը Ֆրէյժ

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պաալպեքի միջազգային փառատօնի նախագահ Նայիլա Տը Ֆրէյժ: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, թէ իւրայատուկ հանդիսութիւնը տեղի կ՛ունենայ ի պատիւ ու շնորհիւ այն հայուն, որ որբանոցէն ու Պէյրութի փողոցներէն փրկուեցաւ իր քաջութեան, կամքին ու երաժշտութեան ուժին ազդեցութեան շնորհիւ: Ան նշեց, որ ձեռնարկը նուիրուած է յոյսի եւ օրինակելիութեան, մանաւանդ այս օրերուն, երբ բարբարոսութիւններու հետեւանքով փոքրիկներ կը կորսնցնեն իրենց մանկութիւնն ու խաղաղ աշխարհը:

Սեդա Խտըշեան
Սեդա Խտըշեան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով ելոյթ ունեցաւ  Սեդա Խտըշեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին,  ապա ըսաւ, թէ յոյսը անհրաժեշտ է ապրելու եւ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ ուժը` փոխելու կեանքը դէպի վսեմն ու գեղեցիկը:

Ապտըլ Սալամ Սիտ Ահմետ
Ապտըլ Սալամ Սիտ Ահմետ

«Այսօր բախտաւոր պէտք է զգանք, որովհետեւ մասնակից պիտի ըլլանք երաժշտական ստեղծագործութիւններու հիասքանչ ներկայացման ու կատարման», ըսաւ ան, ապա հրաւիրեց ՄԱԿ-ի Լիբանանի մարդկային իրաւունքներու բաժանմունքի պատասխանատու Ապտել Սալամ Սիտ Ահմետ, որ անդրադարձաւ, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ ինչքա՛ն փոքրիկներ զրկուելով իրենց մանկական իրաւունքներէն ինկած են փողոց: Ան ըսաւ, թէ զարգացած երկիրներու մէջ անգամ կարելի է հանդիպիլ անպաշտպան ու անտէր լքուած մանուկներու, որոնց մէկ մասին համար փողոցը իրենց աշխատանքի միակ վայրն է, իսկ ոմանց համար ալ` իրենց միակ աշխարհը: Ան կանխատեսեց նաեւ այն վտանգները, որոնք կրնան սպառնալ փոքրիկներուն: Ապա  ան կոչ ուղղեց բոլոր մարդկային կազմակերպութիւններուն` պահելու փոքրիկները եւ անոնց հետ շփուելու առանց խտրութիւն դնելու սեռի, ազգի, գոյնի, լեզուի: Բոլոր կազմակերպութիւնները պարտաւոր են հոգալ մանուկները եւ ապահովել անոնց հանգիստ մթնոլորտ:

 

NS4H6017

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Վարդան Մելքոնեան: Ան իր ուրախութիւնն ու գորհունակութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն` ձեռնարկին իրենց ներկայութեան ու մասնակցութեան համար: Ան յայտնեց, որ ասիկա լաւագոյն պահն է խօսելու անձնաւորութեան մը մասին ու երախտապարտ ըլլալու անոր, որ իր երկրին հանգիստը ձգելով, անցած է մութ ու սեւ երկրամաս: Ան անձնուրաց նուիրուեցաւ հայ որբերու հոգատարութեան ու մեծ սիրով լծուեցաւ անոնց խնամքին:

Վարդան Մելքոնեան նկարագրեց իր առաջին հանդիպումը Մարիա Ճէյքըպսընին հետ` «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ, երբ Ճէյքըպսըն» ծունկի գալով կը պարուրէ 3-ամեայ Վարդանը: «Մարիա մամային շնորհիւ եղաւ իմ մուտքս երաժշտութիւն», ըսաւ Վարդան Մելքոնեան: Ապա պատմեց, թէ ինչպէ՛ս պատանեկութիւնը կ՛անցընէ Պէյրութի փողոցները աշխատելով ու երգելով, բայց միշտ ալ չմոռնալով այցելել իր մամային` Մարիային:

Վերջապէս կը կատարուի հրաշքը, երբ տաղանդաւոր տղան կը հասնի Անգլիա եւ տքնաջան ու յամառ աշխատանքով ինքզինք կը թրծէ իբրեւ երաժիշտ ու կը դառնայ խմբավարը Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին:

H27A8820

Պէյրութի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը երաժշտական ծրագիրի առաջին մասով ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի «Ուալթզ»-ը, Պեթհովենի  «6-րդ համանուագը» եւ Ֆէյրուզի ու Ռահպանիի «Նըհնա ուըլ ամար ժիրան»-ը:

Ծրագիրի երկրորդ բաժինով Վարդան Մելքոնեան ներկայացուց «Տրէյք Փասսէյճ» համանուագը, որ իր չորս մասերով նուիրուած էր Մարիա ճէյքըպսընին: Չորս բաժիններէ բաղկացած այս համանուագը իր մեղեդիներուն քաղցրութեամբ, խոր ու յստակ ելեւէջներով հանդիսատեսին առջեւ բացաւ մէկ կողմէ յարափոփոխ պատկերներ մարդկային քաղցր սրտի մը անմնացորդ սէրէն ու նուիրումէն, հոգածութենէն ու խնամքէն, իսկ միւս կողմէ տարաւ հոն, ուր Եղեռնէն փրկուածներու կեանքի դաժան պայքար կը մղուէր, պոռթկում, կեանքին կառչելու կամքն ու յոյսը վաղուան լաւ օրուան, եւ ասոնց լաւագոյն վկան էր խմբավարը Անգլիոյ արքայական ֆիլարմոնիք նուագախումբին` Վարդան Մելքոնեան:

NS4H5924

Ձեռնարկի աւարտին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ անդրադարձաւ Մարիա Ճէյքըպսընի կեանքին եւ աշխատանքին: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց Վարդան Մելքոնեանի արուեստը, որուն առ ի գնահատանք պարգեւատրեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Քրիստափոր» Կոմիտէ. Նարեկ Դուրեան Ներկայացուց Արդարահատոյցին Նուիրուած «Նեմեսիս» Թատերախաղը

Յաջորդը

Իրան Մտադիր Է Մեծցնել Համաշխարհային Շուկայ Արտածուող Քարիւղի Քանակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?