Նախագահ Սարգսեանին Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Հայաստանի Մէջ Բրիտանիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Ֆառնուորթը: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է դեսպանը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն, ընդգծելով, որ Բրիտանիոյ հետ միջպետական կապերու ամրապնդման, փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի բարձրացնելու համար բոլոր նախադրեալները գոյութիւն ունին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ...




















