Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուշի» Խումբի Ամանորի Եւ Ս. Ծնունդի Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Դեկտեմբեր 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

23262800610_b60ddee7fd_o

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Միհրան Նաճարեանի եւ կազմակերպութեամբ «Շուշի» խումբին, շաբաթ, 5 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի եւ Ս. ծնունդի ցուցահանդէս-վաճառքի բացման հանդիսութիւնը:

Այս առիթով խօսք առաւ «Շուշի» խումբի համանախագահներէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ խումբը երրորդ անգամն է, որ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս-վաճառք, որուն նպատակն է քաջալեր հանդիսանալ հայկական արտադրութիւններուն եւ ստեղծել տօնական խանդավառ մթնոլորտ: Տեմիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:

Ցուցահանդէսի նախագահ տէր եւ տիկին Միհրան Նաճարեանին անունով խօսք առաւ Սարգիս Նաճարեան, որ հաստատեց, թէ «Շուշի» խումբի կազմակերպած ցուցահանդէսը իր բնոյթով եւ տաղաւարներով եզակի է, որովհետեւ ունի իր իւրայատկութիւններն ու որակը: Նաճարեան մեծապէս գնահատեց «Շուշի»-ի գործունէութիւնը եւ մաղթեց, որ «Շուշի»-ն ընդարձակէ իր աշխատանքներուն դաշտերը:

Ապա Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» եւ հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի «Սիփան» պարախումբերը ներկայացուցին ժողովրդային մէկական պար:

Բացման հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ «Շուշի» խումբին անունը ինքնին խորհրդաւոր է եւ կը փոխանցէ վերածնունդի գաղափարը: Առաջնորդ սրբազանը մեծապէս ողջունեց խումբին հայկական արտադրութիւնը քաջալերելու եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու մօտեցումը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին կը մասնակցին 24 անհատներ եւ միութիւններ, որոնք ներկայացուցած են հայկական խեցեգործ, ձեռարուեստ, ձեռային աշխատանքներ, զարդեղէններ, ուտեստեղէն եւ այլ իրեր: Ցուցահանդէսը նաեւ բաց է այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի 125-Ամեակին Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

«Պէյրութ Չենց» Փառատօնի Ծիրին Մէջ. Զաքար Եւ Կամիլա Քէշիշեաններ Ներկայացուցին Հայկական Դասական Երաժշտութեան Գոհարները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?