«Մեր Կուսակցութեան 125-Ամեակը
Նշանաւորուելու Է Սահմանադրական Հանրաքուէում
«Այո՛»-ի Յաղթանակով». Հրանդ Մարգարեան
«Պուրճ Համուտն Ու Այնճարը Պէտք Է Մնան Ու Պիտի Մնան
Հայահոծ` Այսօր Եւ Վաղուան Համար». Յակոբ Բագրատունի
125 տարի առաջ հայութեան երկնակամարին վրայ ծագեցաւ արեգակը Դաշնակցութեան` ճեղքելով թանձր եւ սեւ ամպերը, որոնք կը սպառնային վհատութեան եւ յուսալքութեան գիրկը նետել հայութիւնը:
125 տարի առաջ փայլեցաւ լոյսը Դաշնակցութեան` լոյս սփռելով նաեւ կեանքին մէջ ազգի մը, որուն գոյերթին համար հրամայական անհրաժեշտութիւն էր այդ ճառագայթումը:
125 տարի առաջ ծածանեցաւ դրօշը արդարութեան պահանջին` վէտվէտելով Դաշնակցութեան գաղափարներուն եւ սկզբունքներուն վրայ խարսխուած անկոտրում ձողին վրայ, որ տարիներու թաւալքին մէջ բազմացաւ, սակայն երբեք չընկրկեցաւ:
125 տարի առաջ օրհնաբեր երկունքէ մը ծնունդ առաւ Դաշնակցութիւնը, որ իր առաջին շունչը հազիւ առած համայն աշխարհին յայտարարեց, որ սկսած է պայքարը ժողովուրդի մը, որ արժանի է Դաշնակցութեան նման կուսակցութիւն մը ունենալու, Դաշնակցութեան նման նուիրեալի մը ծառայութիւնը վայելելու, Դաշնակցութեան նման հաւատաւորի մը նեցուկով, վստահութեամբ եւ վճռակամութեամբ նետուելու դաժանագոյն ու դժուարագոյն գուպարներու մէջ` այն հաստատակամութեամբ, որ տատասկով լեցուն ճամբաներուն վրայ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ գորգ, անշրջանցելի լեռներուն վրայ Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ սայլակ, խաւար գիշերներուն Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ փարոս, արհաւիրքի պահուն Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ ապաւէն ու յուսատու աղբիւր, որպէսզի հայութեան նուաճումներն ու տօնակատարութիւնները կանգ չառնեն:
Տօն էր նաեւ երէկ` 4 դեկտեմբեր 2015¬ին, տօնախմբութեան մթնոլորտ կը տիրէր «Պիել»¬ի մէջ, ուր համախմբուած էին Դաշնակցութեան հաւատացող ու ապաւինող եւ անոր հզօրութիւն ներշնչող, գոյատեւելու դրդապատճառներէն հանդիսացող աւելի քան 5 հազար հայորդիներ, որոնք եկած էին անգամ մը եւս ապրելու ցնծութիւնը 125 տարիներ առաջ տեղի ունեցած իւրայատուկ դէպքին` հաստատելով, որ որքան ալ տարիները թաւալին, պայմանները փոխուին եւ մարտահրաւէրները բազմանան, իրենք պիտի մնան Դաշնակցութեան կողքին, կուսակցութեան հետ` իբրեւ պահանջատէր եւ մնայուն նեցուկ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ներկայացուեցաւ կենդանի պատկեր մը` Դաշնակցութեան անդրանիկ մանիֆեստն ու երդումը մարմնաւորող, անկէ ետք հանգրուաններով ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ-ի պատմութիւնը` հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը: Ազգային-յեղափոխական երգերով պատմական բաժինը հարստացուց եւ անոր յաւելեալ իմաստ տուաւ Գառնիկ Սարգիսեան, որ երգեց հայութեան, ազատամարտիկներուն, նահատակներուն, հայրենի հողին նուիրուած երգեր:
Դաշնակցութեան 125-ամեակի հանդիսութեան խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան էութեան եւ գոյերթին` յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնելով այն յատկութիւնները, որոնք բնորոշ են Դաշնակցութեան` 34 երկիրներու մէջ տարածուած, հակառակ ամէն տեսակի արգելքներուն ապրած ու գոյատեւած, իր ժողովուրդին հետ Ցեղասպանութիւնն ու անոր յարութիւնը-անկախութիւնը ապրած, ժողովրդային տուներ հիմնած ու հասած բոլորին անխտիր, հակառակորդին յարգանք պարտադրած եւ իր լաւագոյն տղաքը զոհած, պարտութեան պահուն իսկ չէ կորսնցուցած իր ժողովուրդին վստահութիւնը: Այս բոլորին ետին գոյութիւն ունեցող գաղտնիքին մասին խօսելով` Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ այն հանգամանքին, որ Դաշնակցութիւնը ժողովրդային հոսանք է, ժողովուրդէն ծնած, անոր համար ապրած ու գործած` միշտ խարսխուելով գաղափարական ուժին վրայ: «Դաշնակցութեան ուժը եւ այդ ուժին գաղտնիքը կազմակերպութիւնն է ու իր կանոնագիրը: Կանոնագիրը` դաշնակցական ընկերոջ համար, իսկ կազմակերպութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը` հայութեան զանգուածներուն եւ անոր նպատակներուն հասնելու համար», հաստատեց ան:
Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը շարունակելով անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն ըլլալու կողքին յեղափոխական կուսակցութիւն է, որուն առաջնահերթ նպատակն է յեղափոխել մեր ժողովուրդին առօրեան եւ զայն դուրս բերել թմբիրէն, պարտուողական ու անձնատուական տրամադրութենէն: Անոր համաձայն, Դաշնակցութիւնը կ՛արժեւորուի ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերած ծառայութեամբ եւ անոր կարիքներուն հասնելու պատրաստակամութեամբ` ընդունելով սխալները եւ ձգտելով սրբագրել զանոնք:
Ապա երեսփոխան Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան 113-ամեայ գոյութիւնը` հաստատելով, որ իր իւրայատուկ դրուածքով, Լիբանան եղած է ու կը մնայ Դաշնակցութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ամէնէն աշխուժ, ամէնէն ուժեղ շրջանը, որ միջինարեւելեան տագնապալի այս հանգրուանին կը գտնուի նոր պարտականութիւններու տակ` միշտ պատրաստ ըլլալով ձեռնոցը վերցնելու: «Սուրիահայ եւ իրաքահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները իրենց տան մէջ պէտք է զգան, երբ մեր մօտ են», շեշտեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ ինչ որ կը կատարուի բարիք չէ, այլ պարտաւորութիւն, զոր կուսակցութիւնը կ՛ընէ գիտակցութեամբ եւ հաւատքով:
Լիբանանահայ իրականութեան ծիրին մէջ Յակոբ Բագրատունի անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութին դիմաց ցցուած բազում ու վտանգաւոր մարտահրաւէրներուն, հոն բոյն դրած մտահոգիչ ախտերուն` կոչ ուղղելով միասնաբար այս բոլորին գիտակցելու եւ այս մասին մտածելու, որպէսզի յառաջիկայ սերունդները առողջ ըլլան ու հեռու` տարբեր արկածախնդրութիւններէ: Անոր համաձայն, հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան համար նահատակուած երիտասարդները պարտք կը դնեն մեր վրայ` շարունակելու կառչած մնալ հայկական թաղամասերուն, տէր կանգնելու անոնց եւ պահպանելու հայկական ամէն տեսակ արժէք` հաստատելով, որ մերժելի է Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի հայկական դիմագիծի աղաւաղման ամէն տեսակի փորձ:
Քաղաքական գետնի վրայ Դաշնակցութեան դիրքորոշման անդրադառնալով` Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ կուսակցութիւնը կը շարունակէ մնալ Լիբանանի ազատութեանց, անկախութեան, հողային ամբողջականութեան, ազգային գերիշխանութեան եւ համայնքներու գոյակցութեան կողքին:
«Քաղաքական ամէն հաշիւէ վեր, Լիբանանի հայութեան անվտանգութիւնն ու ներքին անդորրութիւնը կը մնան առաջնահերթ», հաստատեց ան:
Իր խօսքին վերջին բաժինով Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Դաշնակցութեան 125-ամեակը նաեւ տօնն է յեղափոխական, մարտունակ եւ յանձնառու երիտասարդութեան, գործին հաւատացող, հայութեան ցաւերով տառապող, սխալը սրբագրելու ձգտող, անկեղծութեամբ քննադատող ազատ ու խիզախ մտածողութեան տէր երիտասարդութեան, որուն կը պատկանի կուսակցութեան ապագան: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ հայ կնոջ դերն ու արժէքը, պարտաւորութիւններն ու մասնակցութիւնը հայկական իրականութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ:
Երեսփոխան Բագրատունի խօսքը եզրափակելով հաստատեց, որ ժողովուրդն է Դաշնակցութեան ուժը, անոր ամուր կռնակը, հպարտութիւնը: «Զօրակից մնացէք մեզի, ինչպէս միշտ, նաեւ վաղը` եւ ձեր զօրակցութիւնը կը վերադարձուի ձեզի, հայութեան եւ Հայաստանին, բազմապատիկ ձեւով», վստահեցուց ան:
Օրուան երկրորդ պատգամաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադառնալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան` ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը հայոց պատմութեան հիմնական եւ առանցքային իրադարձութիւններու շղթային մէջ բիւրեղանալով, քաղաքական կամքի նոր կեդրոն մը դարձած էր իր ծնունդով: Ապա հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որ կրցած էր հայութեան մէջ վերակենդանացնել ու արթնցնել ազատութեան գաղափարը` զայն համադրելով համամարդկային արդարութեան մէջ անթեղուած հայու տեսլականին հետ, որովհետեւ հայկական ինքնութեան վերահաստատման միջոցով միայն հնարաւոր էր յեղափոխական պայքարի քուրային մէջ կերտել նոր հայը, նոր Հայաստանը:
Հրանդ Մարգարեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը իր նոր ձեւերուն մէջ հայութեան հին էութիւնը բացայայտող, հայ մշակոյթի աւանդութիւնները ժառանգած միակ հայկական կազմակերպութիւնը դարձած է, եւ եթէ ժամանակին ձեւաւորուած չըլլային ազգի կամքի կեդրոնը եւ երեսունամեայ ազատագրական պայքարի փորձն ու կազմակերպուածութիւնը, աւերակներէն չէր գոյանար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:
Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ ինչպէ՛ս հայկական նորանկախ հանրապետութեան վերակերտումին զուգահեռ, Դաշնակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ հայրենիքի մէջ, նուիրուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին եւ մնաց անոր կողքին` իր ստեղծման պահէն մինչեւ օրս` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը արդարութիւն, միասնականութիւն նշանաբաններով սկսած էր գործել Հայաստանի մէջ:
Խօսելով վերջին շրջանին Դաշնակցութեան գործունէութեան մասին` Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը ո՛չ միայն վճռականօրէն ընդդիմացած է Հայաստան – Թուրքիա ծանօթ արձանագրութիւններուն, այլեւ կարելիութիւն տուած է իր տրամաբանութեան համընթաց ընթանալու: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առումով Հ. Մարգարեան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը աշխատանք տարած էր, որ անիկա նշուի ազգային միասնակամութեան մթնոլորտին մէջ եւ ունենայ քաղաքական բնոյթ` պահանջատիրութեան նոր հանգրուանի մը սկիզբ դառնալով:
Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը իր պատմութեան ընթացքին եղած է հոն, ուր հայուն վտանգ սպառնացած է` անդրադառնալով սուրիահայութեան պարագային եւ դիտել տալով, որ կուսակցութիւնը կանգնած է անոր կողքին եւ միասնական ու հետեւողական աշխատանքով նպաստած գաղութին` ճիշդ կողմորոշուելու:
Ապա խօսելով հայապահպանութեան եւ ինքնութեան մասին` Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, թէ հայապահպանութիւնը միայն դուրսի հայը հայ պահելուն մէջ չի կայանար, այլ պէտք է հայու տեսակը պահել նաեւ Հայաստանի մէջ: Հայու տեսակն ու ինքնութիւնը ո՛չ մէկ կապ պէտք է ունենան թուլութեան, վախկոտութեան եւ յարմարուողականութեան հետ շեշտեց ան` հաստատելով, որ հայու տեսակն ու ինքնութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով կ՛ենթադրեն շողոքորթութիւն, քծնանք ու բամբասանք: Հրանդ Մարգարեան նաեւ խօսեցաւ արդարութեան վերահաստատման մասին եւ ըսաւ, թէ հայրենիք ու պետականութիւն ունենալը բաւարար չէ, հայուն երազը կիսատ է, այնքան ատեն որ չէ վերականգնած իր արդարութիւնը եւ պետականութիւնը ամբողջական հայրենիքին մէջ չէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 25 բարդ եւ դժուար տարիներ պայքարած է հայրենիքին մէջ` նպաստելով քաղաքական դաշտի ձեւաւորման, որովհետեւ ան համոզուած է, որ առողջ քաղաքական դաշտի եւ մրցունակ քաղաքական ուժերու առկայութեան պարագային միայն կարելի է հասնիլ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման եւ ժողովուրդի բարեկեցութեան: Անոր համաձայն, ՀՅԴ-ն եղած է խորհրդարանական համակարգի եւ հարիւր տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի կողմնակից, իսկ սահմանադրական հանրաքուէին «Այո՛»-ի յաղթանակին հաւատացող:
Իր խօսքը եզրափակելով` Հրանդ Մարգարեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը իրաւունք չունի ընկրկելու, յոյսը կորսնցնելու, չգործելու, իրաւունք չունի յաջորդ սերունդը չնախապատրաստելու դժուար պայքարին: «125 տարիներու ընթացքին մենք դեռ չենք հասած հոն, ուր հայ մարդը ապրի իր ուզած հայրենիքին մէջ: Դաշնակցութիւնը անպայմանօրէն պիտի հասնի անոր: Կեցցէ՛ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանը», հաստատեց ան: (Արտասանուած խօսքերուն ամբողջութիւնը կու տանք հետագային):
ՀՅԴ-ի 125-ամեակի տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ յեղափոխական երգերու կատարողութեամբ: