Երէկ` չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ իւրայատուկ նուիրահաւաք, եւ Հայ դատի աշխատանքներուն ի նպաստ հանգանակուեցաւ 1 միլիոն 350 հազար տոլար:
Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած կալա-ընթրիքին ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մըքարիի ներկայացուցիչ տիկին Մահա Մըքարի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Միջին Արեւելքի հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ եւ փոխվարչապետ Միշել Մըր, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ նախկին նախարար Ուալիտ Տաուք, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլա, Ապպաս Հաշեմ եւ Իպրահիմ Քանաան, նախկին նախարարներ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Ռեմոն Աուտէ, Ֆատի Ապպուտ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի, նախկին երեսփոխան Սելիմ Հապիպ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդի անդամ նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Ժաք Չուխատարեան, Աբրահամ Տէտէեան, Սեպուհ Յովնանեան, Ալեն Թապուրեան, Զօր. Փանոս Մանճեան, Վրէժ Սապունճեան եւ նախկին երեսփոխան տոքթ. Նուրիճան Տեմիրճեան, Դրամատուներու արաբական ընկերակցութիւններու նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ, լիբանանեան դրամատուներու նախագահներ, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեան, կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Պերճ Հաճեան, մեծ թիւով քաղաքապետներ եւ քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, տեղացի գործարարներ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործին զօրավիգ հանդիսացող մեծ թիւով հայորդիներ:
Երեկոյեան բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Ալիս Պօղոսեան, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան սկզբունքներուն եւ անոր հաւասարակշռուած քաղաքականութեան:
Ապա խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ ՀՅԴ-ի 125-ամեակը ժողովուրդին տօնն է, երազներու իրականացման տօնն է. անոր համաձայն, Դաշնակցութեան զօրավիգ, քաջալեր եւ նեցուկ կանգնողներուն դիմաց կուսակցութիւնը կը դրուի յաւելեալ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան դիմաց` շարունակելու իր պահանջատիրական երթն ու պայքարը:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Անկէ ետք խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ բնական պայմաններու մէջ տեղի չ՛ունենար Դաշնակցութեան 125-ամեակը, բայց եւ այնպէս կուսակցութիւնը վարժ է դժուար պայմաններու մէջ իսկ պայքար մղելու, յաղթանակ կերտելու եւ տօնակատարելու: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած ընդունելութեան առիթով համախմբուած են զանազան ուղղութիւններու եւ շերտերու ներկայացուցիչներ` ողջունելու ՀՅԴ-ի 125-ամեայ գործունէութիւնը, որ նպատակաուղղուած է հայութեան ու Հայաստանի շահերուն եւ կը միտի բոլոր ձեւերով անոնց ծառայել: Յ. Բագրատունի գոհունակութեամբ շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը առանձին չէ իր պայքարին մէջ, այլ միշտ իր կողքին ունեցած է իր առաքելութեան հաւատացողներ եւ զօրակցողներ, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ առաւել եւս հասնիլ ժողովուրդին: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան տրուածին փոխարէն անիկա հազարապատիկ կը վերադարձնէ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան 125-ամեակը նաեւ կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, եւ այս ծիրին մէջ Դաշնակցութիւնը կրնայ հաստատակամ յայտարարել, որ այս առումով միասնականութեան գոյացման մէջ ունեցած է իր ներդրումը, որովհետեւ հայութիւնը մէկ մարդու նման համախմբուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շուրջ եւ իր պահանջատէրի ձայնը լսելի դարձուց աշխարհին: Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապին` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը ճիգ ի գործ դրաւ, որպէսզի գաղութը նուազագոյն վնասով դուրս գայ այդ պատերազմական վիճակէն: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան ներկայութեան եւ դերակատարութեան մասին` յատուկ կերպով ծանրանալով սահմանադրական փոփոխութեան վրայ:
Հրանդ Մարգարեան ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները, որոնք թեւ ու թիկունք են Դաշնակցութեան, կը հաւատան անոր զոհաբերութեան, կ՛արժեւորեն զայն եւ իբրեւ զինակից մաս կը կազմեն տարուած պայքարին:
Աւարտին խօսք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ շեշտը դրաւ տալու, նուիրելու արարքին մէջ գոյութիւն ունեցող գոհունակութեան զգացումին վրայ` շեշտելով, որ մարդ պէտք է ուրախանայ ուրիշը ուրախացնելով, իսկ այս հանգանակութեան պարագային կատարուած նուիրահաւաքը պիտի ծառայէ շատ կարեւոր եւ հիմնական նպատակի մը` Հայ դատի աշխատանքներուն: Ան նաեւ խօսեցաւ Լիբանանին կառչածութեան, Հայ դատին կողքին նաեւ Լիբանանի դատին նուիրուելու երեւոյթին մասին:
Աւարտին հատուեցաւ Դաշնակցութեան 125-ամեակի կարկանդակը: