
«Այսօր մեր քաղաքական դաշտին մէջ տիրող ատելութիւնն ու թշնամանքը այնքան մեծցած են, որ բոլորիս վրայ ազդութիւն ունին: Կը հասկնանք դժգոհութիւններուն պատճառները, բայց մենք պէտք է այս վիճակէն դուրս գանք», Գեղարքունիքի մարզին մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ բնակիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Պատգամաւորին խօսքով` ոչ թէ իրար ոչնչացնելով կարելի է բան փոխել, այլ իրարու հետ բանակցելով, փոխհամաձայնութիւն կնքելով, բանավիճելով, լաւագոյն լուծումներ գտնելով:
«Նոր սահմանադրութիւնը նշեալին կը նպաստէ: Ես կ՛երաշխաւորեմ, որ 2017-ի ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի մէջ ոչ մէկը մեծամասնութիւն պիտի ըլլայ, եւ ստիպուած պիտի ըլլանք զիրար լսել, իրարմէ կարծիք հարցնել, խորհրդակցիլ», ըսաւ ան:
Վարդանեանի խօսքով` այսօր «Ո՛չ» ըսողները կ՛ըսեն` ժողովո՛ւրդ, քեզմէ որեւէ բան կախեալ չէ, բայց ատիկա ամէնէն վատ ծառայութիւնն է մարդոց, երբ թեւաթափ կ՛ընեն, կը յուսայատեցնեն, երբ ըսեն `քեզմէ բան կախեալ չէ, քու ձայնդ ոչինչ կ՛որոշէ: «Մենք կ՛ըսենք` եթէ 10 հոգիէն 5-ը յուսահատած են, ընտրակաշառքով ձայն կու տան եւ ոչ մէկ բանի վրայ յոյս ունին, մեր խնդիրն է այնպէս մը ընել, որ քիչ թէ շատ ինքնավստահութիւն եւ յոյս ունեցող միւս 5 հոգին դառնան 6, 7, եւ այդպէս շարունակ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ եթէ մարդը ինքզինք չի յարգեր, իր ձայնին կարեւորութիւն չի տար, իրեն ոչ ոք կը յարգէ:
«Ես վստահ եմ, որ մենք դժուար պայքարով, քրտինքով, աշխատանքով լաւ երկիր պիտի ունենանք: Ամէն տեղ ալ կայ մարդու տեսակ, որ գիշեր-ցերեկ կը բողոքէ, կը հայհոյէ, այդ մարդու տեսակին ապրելակերպը այդպէս է: Տեսակ մըն ալ կայ, որ, գլուխը կախ, իր գործը կը կատարէ, կ՛աշխատի, բան մը կը ստեղծէ: «Այո՛»-ն եւ «Ո՛չ»-ն ալ այս երկու տեսակներուն տարբերութիւնն է», ըսաւ Վարդանեան:
Պատգամաւորը վստահեցուց, որ եթէ կ՛ուզենք բան փոխել, պէտք է պայքարինք, վստահ ըլլանք, որ մեզմէ կախեալ բաներ կան: «Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ այս փոփոխութիւններուն, գիտենք, որ հոս փոխելու բան մը կայ, մենք որեւէ բան չենք պարտադրեր, պատրաստ ենք որեւէ տեսակէտ լսելու: Անգամ մը եւս կրկնեմ` այս սահմանադրութիւնը 10 անգամ աւելի լաւ է, քան նախորդը, 10 անգամ աւելի շատ կարելիութիւն կու տայ մեր երկրին մէջ բան մը փոխելու: Մնացածը ձեր որոշելիքն է», ըսաւ Վարդանեան:
Նշենք, որ քարոզարշաւի ընթացքին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները հանրապետութեան տարբեր մարզերուն մէջ 50 հանդիպում ունեցած են 5000-է աւելի բնակիչներու հետ:
Նոր Սահմանադրութեամբ Ընդդիմութիւնը
Լուրջ Դերակատարութիւն Պիտի Ունենայ

Սահմանադրական բարեփոխումները կարեւոր են, քանի որ նախ եւ առաջ պիտի փոխուի երկրին կառավարման ձեւը, ինչ որ այս հանգրուանին շատ կարեւոր է մեզի համար. սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին` ՀՅԴ քարոզարշաւի ընթացքին վանաձորցիներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին համոզմունք յայտնեց նախկին նախարար Դաւիթ Լոքեան:
Ըստ Լոքեանի, աշխարհի երկիրներուն մեծ մասը կը գործէ խորհրդարանական համակարգով` Ճափոն, Հոլանտա, Գերմանիա, Յունաստան, Իտալիա, եւ այս երկիրները բաւական զարգացած են:
Այսօր հասարակութեան մէջ հիմնական վէճը այն է, թէ արդեօք անհրաժե՞շտ է, որ մենք սահմանադրական բարեփոխումներ իրականացնենք: Հիմա, ըստ Լոքեանի, ոչ միայն անհրաժեշտ է, այլ նաեւ նման փոփոխութիւն պէտք է վաղուց կատարուէր:
«ՀՅԴ-ն երկար ժամանակ Հայաստանէն վտարուած ըլլալով եւ ամբողջ աշխարհի մէջ իր կառոյցները ունենալով, տարիներու ընթացքին յանգած է այն եզրակացութեան, որ մեր կառավարման ձեւը պէտք է խորհրդարանական ըլլայ: Մենք շուրջ 3 տարի է, որ այս հարցով աշխուժօրէն կ՛աշխատինք: 2005-ի սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք հանրապետութեան նախագահէն որոշ լիազօրութիւններ անցան կառավարութեան, բայց լիազօրութիւններու այնպիսի ծաւալ մնաց նախագահին, որ աստիճանաբար ոեւէ մարդու կրնայ տանիլ շատ լուրջ դիրքերու, եւ ան հանրապետութեան բոլոր հարցերը կրնայ լուծել միանձնեայ», ըսաւ Լոքեան:
Ըստ Լոքեանի, ատկէ խուսափիլ կարելի է միայն մէկ ձեւով` փոխելով կառավարման ձեւը, այլ ոչ թէ մտածել, թէ յաջորդ ընտրութիւններուն ժամանակ ընտրուի այնպիսի մէկը, որ իր լիազօրութիւնները բաշխէ եւ դառնայ բարի մարդ: Նման բան, Լոքեանի կարծիքով, բացառուած է, քանի որ իշխանութիւնը այնպիսի ձեւ է, որմէ շատ քիչեր կրնան հրաժարիլ:
Սահմանադրական բարեփոխումներու յաջորդ դրական փոփոխութիւնը, ըստ Լոքեանի, այն է, որ կը մեծնայ հաշուետուողականութիւնը: «Այժմ մենք կ՛ընտրենք նախագահ, որ 5 տարի հաշուետու չէ իր ժողովուրդին առջեւ, եւ ան հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ միայն, եթէ յաջորդ անգամ պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն: Իսկ խորհրդարանական կառավարման պարագային իւրաքանչիւր տարի վարչապետը պէտք է հաշուետուութեամբ հանդէս գայ», ըսաւ ան:
Ազգային ժողովի դերակատարութեան բարձրացումը, Լոքեանի կարծիքով, կը յանգեցնէ անոր, որ, իւրաքանչիւր նախարարի հետ կապուած, խորհրդարանը հարց կրնայ բարձրացնել եւ վարչապետին ներկայացնել զայն աշխատանքէ ազատ կացուցելու խնդիրը: Բացի ատկէ, իւրաքանչիւր 6 ամիսը անգամ մը Ազգային ժողովը կրնայ վարչապետի հրաժարականը պահանջել` առաջարկելով վարչապետի նոր թեկնածու: Այսինքն, ըստ Լոքեանի, պետութեան մէջ գործող բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք թէկուզ 5 տոկոսով կը ներկայացուին, կառավարման միասնական գործառոյթ կ՛ունենան:
Եթէ Սահմանադրութիւնը Անցնի, Ապա Նախ Ուժի Մէջ
Պիտի Մտնեն Միայն Մարդու Իրաւունքներուն
Առնչուող Բաժինները

Երէկ «Այո եւ ոչ» պատկերասփռուած յայտագիրին 19-րդ օրն էր.
Պատասխանելով ներկաներէն մէկուն հարցումին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ սահմանադրութեան այն դրոյթները, որոնք կը վերաբերին պետութեան հիմնասիւներուն` սահմանադրական կարգի հիմունքներուն, մասնաւորապէս մարդու իրաւունքներու բաժիններուն, ուժի մէջ պիտի մտնեն հրապարակումէն անմիջապէս ետք:
«Այսինքն, եթէ 6 դեկտեմբերին անցնի նոր սահմանադրութիւնը եւ հրապարակուի, յաջորդ օրուընէ այս բաժինները ուժի մէջ պիտի մտնեն: Ինչ կը վերաբերի Ազգային ժողովին դրոյթներուն, ապա ուժի մէջ պիտի մտնեն 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, իսկ նախագահին վերաբերող դրոյթները` 2018-ին գործող նախագահի լիազօրութիւններուն դադրեցումէն ետք: Մայիս 2017-էն սկսեալ ընտրուած խորհրդարանը պիտի իրականացնէ այն լիազօրութիւնները, որոնք չեն հակասեր գործող սահմանադրութեամբ նախագահի լիազօրութիւններուն մինչեւ 2018-ը», բացատրեց ան:
«Դէպի նոր սահմանադրութիւն անցումը պէտք է ըլլայ կանոնակարգուած, ոչ թէ ցնցումային», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախագահը կրնայ առաջադրուիլ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ պատգամաւոր, Արծուիկ Մինասեանը բացառեց:
Գործող Համակարգը Ոչ Թէ Կիսանախագահական Է,
Այլ Գերնախագահական

Շարունակելով քարոզարշաւը` 30 նոյեմբերին, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են Վանաձորի մէջ գործող համալսարաններու եւ քոլեճներու ուսանողներու հետ: Բանախօսները ներկայացուցած են սահմանադրական հանրաքուէին դրուած նախագիծը, առաջարկուող փոփոխութիւններն ու անոնց նպատակայարմարութիւնը:
Ընդգծուած է, որ թէեւ մենք ունինք կիսանախագահական-կիսախորհրդարանական կառավարման համակարգ, բայց ատիկա քաղաքական փորձին մէջ վերաճած է բացառապէս ուժեղ նախագահական համակարգի, ինչ որ դարձած է մեր պետական մեքենան պատած բազմաթիւ աղտեղութիւններուն պատճառը:
Միութեան ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ համոզուած են` ապագայ սահմանադրութիւնը սերունդներունը ըլլալով, պատշաճ իւրացում պէտք է ունենայ յատկապէս երիտասարդութեան ջանքերով, այդ պատճառով նմանաբնոյթ հանդիպումները պիտի շարունակուին:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետը կարեւոր նկատած է ընտրութեան բացառապէս համամասնական ձեւի անցումը` նշելով, որ խորհրդարանին մէջ քաղաքական մեծամասնութիւնը կ՛ապահովուի այդ մեծամասնական պատգամաւորներուն միջոցով, եւ որ համամասնական ընտրակարգով ոչ մէկ կուսակցութիւն տակաւին յաջողած է հաւաքել քուէներուն 40 առ հարիւրէն աւելին:


