Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

1 Դեկտեմբերը Լիբանանի Համար Դարձաւ Ազգային Նուաճումի Օր. Ժապհաթ Նուսրայի Մօտ Գտնուող 16 Բանակայինները Ազատ Արձակուեցան

Դեկտեմբեր 2, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1448986419_71

Առեւանգուած բանակայիններուն մարդկային թղթածրարը, որ 16 ամիս շարունակ ցաւցուցած էր, մտահոգած եւ տխրութեամբ համակած անոնց հարազատներուն հոգիները, եւ ինքնաբերաբար յուզած լիբանանցիներն ու ծանրացուցած լիբանանեան պետութեան բեռը, երէկ աւարտեցաւ ազգային նուաճումով մը` բանակայիններուն ազատ արձակումով:

Հակառակ վերջին հանգրուանին տիրական դարձած վատ լուրերով արթննալու սովորութեան, լիբանանցիին երէկուան զարթնումը համակուած էր զարմանքով եւ ուրախութեամբ:

Ճիշդ է, որ առեւանգուած բանակայիններն ու ներքին ապահովութեան ուժերու անդամները միայն 16 հոգի են, սակայն անոնք կը ներկայացնեն երկրին ապահովական կառոյցները, որոնք երկրին եւ քաղաքացիին գոյատեւման երաշխիքներն են, ինչպէս նաեւ անոր համերաշխութեան խորհրդանիշները:

Առեւանգուած բանակայինները լիբանանցիին համար դարձած էին հարազատ, իսկ անոնց հարազատները` քաղաքացիին համար ծանօթ ցաւակիցներ:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն յստակ դարձաւ, որ առեւանգուած բանակայինները, որոնք կը գտնուէին Ժապհաթ Նուսրայի մօտ, Լիբանանի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ կատարուած եւ քաթարեան հովանաւորութիւնը վայելող բանակցութիւններու շրջագիծին մէջ պիտի վերադառնան Լիբանան:

Բանակցութիւններուն աւարտին գոյացած համաձայնութեան լոյսին տակ, Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերուն յանձնեցին առեւանգուած եւ ապա սպաննուած բանակային Մոհամետ Համիէի դիակը:

mohamed_hamie_120115

Նահատակ բանակայինին հայրը` Մաարուֆ Համիէ իր զաւկին սպանութեան պատասխանատու նկատեց շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրին (ծանօթ` Ապու Թաքիէ կեղծանունով) եւ պետութենէն պահանջեց չդիւրացնել Լիբանանէն անոր հեռացումը:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ի շուրջ, Ուատի Հմայտի ճշդուած շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ բանակայիններուն փոխանակումը 13 բանտարկեալներու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հետ:

Լիբանանեան հողերուն վրայ «հերոսաբար» իրենց հակակշիռը պարտադրած Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները` ներկայութեամբ Ապու Թաքիէի, առեւանգուած բանակայինները փոխադրեցին այդ շրջանը, ուր զանոնք պահեցին, մինչեւ որ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը եւ բանակի 8-րդ ջոկատի զինուորները 13 բանտարկեալները փոխադրեցին Ուատի Հմայտի ճշդուած վայրը, ուր զանոնք յանձնեցին Ժապհաթ Նուսրային:

Բանտարկեալներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Սաժա Տուլէյմի, որ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատիի նախկին կինն է:

Տուլէյմի յայտնեց, որ ինք 7 տարի առաջ ամուսնալուծուած է Պաղտատիէն` աւելցնելով, որ իր եղբայրը Ժապհաթ Նուսրայի անդամ է:

Տուլէյմի նշեց, որ ինք որոշած է մնալ Պէյրութի մէջ եւ ապա մեկնիլ Թուրքիա:

Փոխանակման շրջագիծին մէջ ազատ արձակուած բանտարկեալներէն է նաեւ 22-ամեայ Ուլա Ուքայլին, որ Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներէն Անաս Չերքեզի (ծանօթ` Ապի Ալի Շիշանի կեղծանունով) կինն է:

Լիբանանեան բանտերէն ազատ արձակուած բանտարկեալներուն մեծ մասը նախընտրեց մնալ Ուատի Հմայտի եւ Արսալի մէջ:

Ժապհաթ Նուսրա ապահովելէ ետք բանտարկեալներուն ազատ արձակումը,  բանակայինները յանձնեց լիբանանեան Կարմիր խաչին:

2_120115

Բանակայիններուն ստանձնումէն ետք Արսալ մուտք գործեցին մարդասիրական օժանդակութիւնները, որոնք Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն հետ ուղղուեցան դէպի Արսալի բարձունքները:

Առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձի այս գործողութեան անձամբ հսկեցին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ քաթարցի միջնորդը:

Ուատի Հմայտի մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ բանակայիններուն ստանձնումէն անմիջապէս ետք Իպրահիմ շնորհաւորեց լիբանանցիները բանակայիններուն ազատ արձակման համար:

Ան հաստատեց, որ իրենց ուրախութիւնը պիտի ամբողջանայ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող բանակայիններուն տունդարձով:

Ապպաս Իպրահիմ պատրաստակամութիւն յայտնեց իսկոյն բանակցելու ՏԱՀԵՇ-ի հետ:

Իպրահիմի կոչին անսաց Ապու Թաքիէ` յայտնելով, որ ինք պիտի ջանայ նաեւ բանակցութեան առիթ ստեղծել ՏԱՀԵՇ-ի հետ:

Ան նշեց, որ այսօր Լիբանանի համար տօն է` յոյս յայտնելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը կը մնայ անխախտ:

Ազատ արձակուած 16 բանակայինները ուղղուեցան Լապուէ, ուր անոնք բրինձով, ծաղիկներով եւ ոչխարներու զենումով դիմաւորուեցան լիբանանցիներուն կողմէ:

Ապպաս Իպրահիմ զանոնք դիմաւորեց լիբանանեան բանակի 8-րդ ջոկատի կեդրոնին մէջ, ուր անոնք իրենց զինուորական տարազները հագուեցան` ուղղուելու համար Պէյրութ:

Մինչ բանակայիններուն ազատ արձակումը ուղղակի կերպով կը սփռուէր, Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ ազատ արձակուած բանակայիններուն հարազատներուն մօտ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր:

Ուրախութեան զուգահեռ կար նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող 9 առեւանգուած բանակայիններուն ցաւը:

4_120115

Ազատ արձակուած բանակայիններուն հարազատներուն այցելեցին եւ շնորհաւորեցին նաեւ պետական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` բանակայիններու ազատ արձակումի յատուկ նախարարական յանձնախումբի անդամ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Ան շնորհաւորեց բանակայիններուն հարազատները եւ շեշտեց, որ իրենց ուրախութիւնը պիտի ամբողջանայ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող բանակայիններուն տունդարձով:

Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կային միջնորդներ, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւնները սկսած են, սակայն այդ ջանքերը կասեցուած են Ռաքքայի մէջ արձանագրուած զինուորական բուռն գործողութիւններէն ի վեր:

Ապու Ֆաուր շնորհակալութիւն յայտնեց բանակցութեան մասնակից բոլոր միջնորդներուն, Քալամունի կրօնաւորներուն, Արսալի հեղինակութիւններուն, ինչպէս նաեւ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի, որոնք Ահմետ Ֆլիթիի եւ Ֆայեզ Ֆլիթիի հետ աւելի քան 10 անգամ լիբանանեան պետութեան պահանջով ուղղուած են Արսալի բարձունքները եւ բանակայինները սպանութենէ փրկած:

Ռիատ Սոլհի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Հատի Հպէյշ, որ շեշտեց, որ տիրող ուրախ մթնոլորտը պիտի ամբողջանայ, երբ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակուին:

Իր կարգին, երեսփոխան Նաուար Սահիլի այցելեց Ռիատ Սոլհ, ուր շնորհաւորեց բանակայիններուն հարազատները` աւելցնելով, որ երբ իրենք չէին կրնար անոնց այցելութիւն կատարել, իրենք դերակատարութիւն կ՛ունենային անոնց զաւակներուն ազատ արձակումին նպատակով:

Վարչապետարանին Մէջ

Նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, բանակայիններու ազատ արձակման նպատակով կազմուած նախարարական յատուկ յանձնախումբի անդամները, որոնց շարքին էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ուղղուեցան վարչապետարան:

Վարչապետարան հասան նաեւ Ապպաս Իպրահիմ եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրի:

Վարչապետարան ուղղուեցան նաեւ բանակայիններուն հարազատները` մասնակցելու համար իրենց զաւակներուն ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ի շուրջ ազատ արձակուած բանակայինները հասան վարչապետարան, ուր անոնք դիմաւորուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ պետական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու պետերուն կողմէ:

Մէկ տարուան եւ չորս ամսուան առեւանգումէ ետք, անոնք ողջագուրուեցան իրենց հարազատներուն հետ` յուզիչ մթնոլորտի մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին Ապպաս Իպրահիմ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու ջանքերուն` ընդգծելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ իր գերիշխանութեան եւ ազգային արժանապատուութեան պահպանումին:

«Բանակցութեան պայմանները ծանր էին եւ դժուար, սակայն ազգային արժանապատուութեան եւ օրէնքի պետութեան կառչած մնալու կեցուածքին շնորհիւ կարելի եղաւ վերադարձնել մեր տղաքը: Այս ուղեգիծով մենք գործեցինք Ազեզի ու Մաալուլայի մայրապետներուն տունդարձին պարագային եւ յաջողութիւն արձանագրեցինք: Իսկ մեր ուրախութիւնը պիտի ամբողջանայ, երբ կարենանք ազատ արձակել նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող մեր բանակայինները», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սալամին, նախարարական յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` աւելցնելով, որ ինք բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն մէջ չ՛ուզեր մտնել:

1-(1)_120115

Իր կարգին, վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց բոլորին վստահելու լիբանանեան պետութեան եւ կառավարութեան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի ջանան ազատ արձակել նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայինները:

Ան ողջունեց բանակայինները եւ անոնց հարազատները, որոնց գոյատեւման պայքարով կարելի եղաւ կերտել այս յաղթանակը:

Վարչապետ Սալամ Լիբանանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս նուաճումին նպաստած բոլոր պետութիւններուն, յատկապէս Քաթարին` բարձր գնահատելով Ապպաս Իպրահիմի ի գործ դրած ջանքերը:

Երեկոյեան վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման առիթով Քաթարի ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Ազատ արձակուած բանակայինները վարչապետարանէն ուղղուեցան Ռիատ Սոլհի հրապարակ, ուր այցելեցին իրենց հարազատներուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող առեւանգեալ բանակայիններուն ընտանիքներուն վրանները: Անոնք պահանջեցին ճիգ չխնայել նաեւ զանոնք ազատ արձակելու համար:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ի շուրջ բանակայինները իրենց ընտանիքներուն հետ ուղղուեցան իրենց բնակարանները:

Շնորհաւորանքներ

zinvor_120115

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձը` շեշտելով, որ անիկա լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ երկար շունչով տոկալուն յաղթանակն է:

Ան ողջունեց բանակայիններուն գոյատեւման ոգին, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սալամի եւ զօր. Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը:

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս իր կարգին ողջունեց բանակայիններուն տունդարձը` ընդգծելով, որ լիբանանցիներուն ուրախութիւնը պիտի ամբողջանայ, երբ առեւանգեալ բոլոր բանակայինները ողջ առողջ վերադառնան Լիբանան:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Սալամի հետ եւ շնորհաւորեց զայն բանակայիններուն ազատ արձակումին առիթով:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շնորհաւորեց բանակայիններուն ազատ արձակումը` մաղթելով, որ մնացեալ առեւանգեալները եւս ազատ արձակուին: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն:

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը շնորհաւորեց առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Ապպաս Իպրահիմի` անոր ջանքերուն համար:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ողջունեց զօր. Ապպաս Իպրահիմի արտակարգ ջանքերը, որոնց շնորհիւ ազատ արձակուեցան առեւանգուած բանակայինները:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Պազզալի եւ Մոհամետ Համիէի ընտանիքներուն` յոյս յայտնելով, որ մնացեալ առեւանգեալները եւս վերադառնան Լիբանան:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան անխոնջ ջանքերը ապարդիւն դուրս չեկան, եւ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումը ուրախացուց բոլոր լիբանանցիները:

Ան աւելցուց, որ լիբանանեան պետութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ ցարդ ոչ մէկ լուրջ միջոց կայ բանակցութեան:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ բանակայիններուն ազատ արձակումը աւելի սուղ է, քան բանակցութիւններուն ընթացքին վճարուած սուղ գիները: Ան ընդգծեց, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին` ազատ արձակելու համար նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի առեւանգած բանակայինները:

Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն Արսալէն վարչապետարան ուղղուիլը Լիբանանի համար ուրախութիւն է:

Երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ շնորհաւորեց բանակայինները եւ կոչ ուղղեց ճիգ չխնայելու` մնացեալ առեւանգեալները ազատ արձակելու նպատակով:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ շնորհաւորեցին բանակայիններուն ազատ արձակումը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ողջունեց բանակայիններուն ազատ արձակումը եւ դրուատեց Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շնորհաւորեց բանակայիններուն ազատ արձակումը` մաղթելով, որ մնացեալ առեւանգեալները եւս վերադառնան տուն:

Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրի շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցի բանակայիններուն ազատ արձակումը յաջողեցաւ Քաթարի իշխանին ցուցմունքներուն շնորհիւ:

 

Նախորդը

«Քաթարի Իշխանին Հետ Սէյիտ Նասրալլայի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Արագացուց Բանակայիններուն Ազատ Արձակումը» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Յառաջիկայ Տարի Հայաստան Այցելելու Յոյս Յայտնած Է

RelatedPosts

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային  Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական  Ժողովներու Լիակատար Նիստերը
Գաղութային

Մայրավանքին Մէջ Կը Շարունակուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Լիակատար Նիստերը

Յունիս 13, 2025
Նախագահ Աունն Ու Առաջին Տիկինը Այսօր  Հանդիպում Կ՛ունենան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ
Լիբանանեան

Նախագահ Աունն Ու Առաջին Տիկինը Այսօր Հանդիպում Կ՛ունենան Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Յունիս 13, 2025
Նաքուրա Այցելելով`  «Կ՛ընդգծենք ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Առանց  Բարեփոխման Վերանորոգելու Անհրաժեշտութիւնը,  Եւ Կը Յուսանք, Որ Այդ Ուղղութեամբ  Ջանքերը Կը Յաջողին»  Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը
Լիբանանեան

Նաքուրա Այցելելով` «Կ՛ընդգծենք ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութիւնը Առանց Բարեփոխման Վերանորոգելու Անհրաժեշտութիւնը, Եւ Կը Յուսանք, Որ Այդ Ուղղութեամբ Ջանքերը Կը Յաջողին» Կ՛ըսէ Պաշտպանութեան Նախարարը

Յունիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?