Սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի վերջին օրը ՀՅԴ-ն ամփոփեց իր աշխատանքները: Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ ՀՅԴ-ի քարոզչական խումբերը կազմակերպած են մօտաւոր 60 հանդիպում` Երեւանի եւ մարզերուն մէջ: ՀՅԴ-ի քարոզչական խումբերը փորձած են ներկայացնել սահմանադրական փոփոխութիւններու իրենց հիմնաւորումները, փաստարկները, ամէն հանդիպումի ընթացքին պատասխանած են քաղաքացիներու հարցումներուն:
«Մենք մեզմէ կախեալ ամէն ինչ բարեխղճօրէն կատարեցինք: Իսկապէս լարուած աշխատանք կատարած ենք, անկախ լրատուամիջոցներով եւ պատկերասփիւռի կայաններով մեր քարոզչական նիւթերու տարածումը, 60 աշխատանքային խումբերով կազմակերպական գործերը: Ցաւօք այս ընթացքին մենք կարելիութիւն չունեցանք «Ո՛չ»-ի ճամբարին հետ բովանդակային քննարկումներ կատարել: Անոնք հրաժարած են այդ տեսակ քննարկումներէ: Երբ մենք մեր տեսակէտները կը հիմնաւորէինք, ապա միւս ճամբարը ունէր երկու հիմնական ըսելիք. որովհետեւ ինք (Սերժ Սարգսեանը) նախաձեռնած է, ուրեմն վատ բան է, կարծես սահմանադրական փոփոխութիւններ նախաձեռնելու այլ տարբերակ կար: Երկրորդ փաստարկը, քանի որ ինք նախաձեռնած է, ուրեմն նպատակը վերարտադրուիլն է», ըսաւ Աղուան Վարդանեան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ի համոզումով, հակառակը, խորհրդարանական համակարգը էապէս կը նուազեցնէ որեւէ ուժի վերարտադրուելու հաւանականութիւնը:
Ա. Վարդանեանի խօսքով` «Ո՛չ» ըսողներուն հիմնական մասը «Ո՛չ» կ՛ըսէր նաեւ 2005-ի սահմանադրական փոփոխութիւններուն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս փոփոխութիւններուն ոչ ըսելով, անոնք «Այո՛» կ՛ըսեն իրենց «Ո՛չ» ըսած 2005-ի սահմանադրութեան: Աղուան Վարդանեան նշեց, որ երկրին խնդիրները շատ են, մարդոց դժգոհութիւնը` ամէնուրեք, կայ նաեւ հիասթափութիւն եւ անտարբերութիւն մարդոց մօտ, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ եթէ պատասխանատու քաղաքական ուժը ունի իր պատկերացումը եւ ծրագիրը երկրի զարգացման վերաբերեալ, ուրեմն պէտք չէ ամէն ինչ ընէ, որ հասարակութեան մէջ մեծնայ մասնակցելու ցանկութիւնը:
«Միշտ ըսած ենք, Հայաստանի մէջ մարդ չկայ, որ փոփոխութիւն չ՛ուզեր: Մեր պատկերացուցած փոփոխութիւնը համակարգայինն է, որ մեքանիզմներ պիտի ձեւաւորէ եւ նոր քաղաքական կեանքի կարելիութիւն պիտի ստեղծէ: Մեր նպատակները երբեք չեն եղած կարգ մը մարդոց բացառելը, մարդոց տեղաւորելը, այլ այնպիսի համակարգ ստեղծելը, որուն պարագային մեր պետութիւնը կարելիութեան սահմաններուն մէջ կենսագործուի: Վստահ ենք, որ նոր սահմանադրութիւնը այդ կարելիութիւնը պիտի տայ մեր հանրութեան: Մենք նաեւ շեշտած ենք, որ ամէնէն վատ բանը, որ կ՛ընեն ընդդիմութեան կարգ մը ներկայացուցիչներ, մարդիկը յուսահատեցնելն ու անտարբերութեան մղելն է, թէ իբրեւ իրենցմէ ոչինչ կախեալ է: Մենք, ընդհակառակն, փորձած ենք մեր քաղաքացիներուն մէջ վստահութիւն եւ ինքնայարգանք ներշնչել, որ իրենք գիտակից ձեւով կատարեն իրենց ընտրութիւնը, գիտակցին, որ իրենք կրնան բան փոխել այս երկրին մէջ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ պէտք է քաղաքացիները գիտակցին 6 դեկտեմբերին տեղի ունեցող հանրաքուէի կարեւորութեան: «Մենք 6 դեկտեմբերին պատմական ջրբաժանի առջեւ կանգնած ենք: Երկու պարագաներուն ալ` «Այո՛»-ի եւ «Ո՛չ»-ի պարագային ալ մեր ճշմարտութիւնը պիտի ապացուցուի», ըսաւ ան եւ նշեց, որ «Այո՛»-ի պարագային պիտի ապացուցեն, որ իրավիճակը պիտի փոխուի եւ երկիրը ժողովրդավարացման ճամբուն վրայ պիտի դնեն` խորքային փոփոխութիւններ իրականացնելով, որ ամէն մէկուն տունը մտնէ, աւելի արդար Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի ունենանք, իսկ «Ո՛չ»-ի պարագային ալ պէտք է հաստատուի յոռետեսութիւնը, այսինքն` պիտի շարունակուի այն մղձաւանջը, որուն մէջ կը գտնուինք:
«Լռութեան օրը լաւ պէտք է մտածել եւ յաջորդ օրը երթալ դուռ բանալ սերունդներու եւ նոր Հայաստանի համար: Կողմնորոշուիլ եւ վճռական «Այո՛» ըսել». խօսքի աւարտին Արմէն Ռուստամեան սթափութեան կոչ կատարեց: