Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տնօրէնութեան, երէկ` հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին կատարուեցաւ բարերար Սուրէն Խանամիրեանի կիսանդրիին բացումը` իբրեւ երախտագիտութիւն անոր անձնուէր ծառայութեան:
Սուրէն Խանամիրեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով կազմակերպուած այս յիշատակի հաւաքը կատարուեցաւ բարերարին անունը կրող վարժարանի սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տնօրէն Նելլի Վեքիլեան, որ ըսաւ, թէ Սուրէն Խանամիրեանին համար այս քոլեճը եղած է հարազատ տուն, անոր աւանդը, զոր նուիրած էր հազարաւոր աշակերտներու եւ իբրեւ ժառանգ տասնամեակներէ ի վեր կը փոխանցուի ու պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Ան յայտնեց, թէ կիսանդրին պիտի միանայ կրթական կառոյցին` իբրեւ մնայուն յիշատակարան ու յուշարար` վառ պահելու Խանամիրեանի տարիներու ազգանուէր ու ազգակերտ աւանդը:
Նելլի Վեքիլեան նշեց, որ տուեալ պահը յարմար առիթ կը նկատուի վերահաստատելու աշխարհով մէկ տարածուած եւ Խանամիրեան քոլեճին անունը բարձր պահած մեծաթիւ խանամիրեանականներուն ուխտը` շարունակելու հայակերտման, հայապահպանման սրբազան երթը եւ հայրենիքին ու Հայ դատին ծառայելու կոչուած սերունդներու կերտման առաքելութիւնը: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ յատկապէս կիսանդրիի քանդակագործ Աշոտ Թազեանին, որ սիրով ընդառաջած էր իր թոռնիկին` Ժոուի խնդրանքին եւ քանդակած Խանամիրեանի կիսանդրին:
Խօսք առաւ երեսփոխան եւ Խանամիրեան քոլեճի նախկին տնօրէն Յակոբ Բագրատունի: Ան իր խօսքին առաջին բաժինով անդրադարձաւ Սուրէն Խանամիրեանի հետ իր ունեցած ազնիւ յարաբերութեան ու մտերմութեան, ապա լուսարձակի տակ առնելով անոր առաքինութիւնները` ըսաւ. «Սուրէն Խանամիրեանը առաքինութիւններու շտեմարան մըն էր: Ան միայն բարերար մարդ չէր, այլ ՄԱՐԴ էր»: Ան նշեց, թէ ինչպէս Սուրէն Խանամիրեանը կրթական կառոյցի մը կերտման ու պահպանման համար իր անկարելին ըրած էր եւ ոչ մէկ ճիգ խնայած:
Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Սուրէն Խանամիրեանը ազնիւ բարերար էր, գաղտնի բարերար էր եւ լուռ ու մունջ օգնած էր աղքատ աշակերտներուն, որ շարունակեն իրենց ուսումը: Սուրէն Խանամիրեանը քաջ մարդ էր ամբողջական իմաստով: Անոր համար Հայաստանն ու հայութիւնը սրբազան գոյութիւններ էին: Ան համեստ մարդ էր եւ միշտ ներկայ էր դպրոցի գործունէութիւններուն»:
Յակոբ Բագրատունի եզրափակեց խօսքը նշելով. «Սուրէն Խանամիրեանի կիսանդրիով բնական է, որ ամէն վայրկեան յիշենք զայն, բայց պարոն Սուրէնը, իր հոգին, իր արժէքը, իր ծառայութիւնները ժողովուրդին ու Հայաստանին, կիսանդրիին մէջ կարելի չէ տեսնել: Պարոն Սուրէնը մեծ ապրեցաւ, պարոն Սուրէնը մեծ մահացաւ: Բոլորին սիրելին էր եւ այդպէս ալ պիտի մնայ»:
Ձեռնարկին իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ Սուրէն Խանամիրեանի տարելիցը նշելու համար չէ կազմակերպուած այս հաւաքը, այլ անոր յիշատակով ջերմանալու եւ զինք ջերմացնելու մեր ներկայութեամբ:
Ան ըսաւ, թէ Սուրէն Խանամիրեանը հայ վարժարանէն ծնած եւ միշտ հայ դպրոցի կողքին եղած է, որովհետեւ հաւատացած է հայ վարժարանին առաքելութեան: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Խանամիրեան պիտի ապրի հոգիներուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք այս կառոյցէն պիտի անցնին, պիտի ապրի իր օրինակով` կերտելու համար շատ մը հոգիներ, որոնք իրենց կարգին պիտի մնան հայ, պիտի ըլլան հայ վարժարանի կողքին, հայ ժողովուրդի կողքին, որպէսզի հայ ժողովուրդը չօտարանայ եւ ազգային արժէքներով մնայ հայութեան մայր ջիղին մէջ:
Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Աստուած օրհնէ յիշատակը Սուրէն Խանամիրեանին եւ անոր օրինակն ու յիշատակը ապրեցնէ մեր սրտին եւ յիշողութեան մէջ ընդմիշտ»:
Ապա տեղի ունեցաւ բեմին մօտ պատուանդանի մը վրայ զետեղուած Սուրէն Խանամիրեանի կիսանդրիին քողազերծումը:
Յիշատակի այս ձեռնարկը հաստատեց, որ յարգանքի նման դրսեւորում մը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ լիբանանահայ գաղութը լաւապէս գիտէ գնահատել իր անձնուէր ու բարերար հայորդիները: