Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընդդիմութիւնն Ու Իշխանութիւնը Պէտք Է Ըլլան Պետական Շինարարութեան Երկու Կողմերը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

December 1, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

artig_113015

Սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ ՀՅԴ-ի անդամները հանդիպեցան արթիկցիներուն հետ: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ մինչեւ հիմա` նախագահական կամ կիսանախագահական կառավարման համակարգերուն մէջ, նախագահներու փոփոխութիւնը որեւէ դրական արդիւնք չէ տուած, հետեւաբար «ոչ»-ի կողմնակիցները կը ցանկան պահպանել այն անձնակեդրոն համակարգը, որ ունի գերլիազօրութիւններ: Սակայն փորձը ցոյց կու տայ, որ գերլիազօրութիւններ ունեցող համակարգը իշխանութիւնը կ՛օգտագործէ ոչ թէ ի շահ ժողովուրդին, այլ ի շահ իր շրջապատին, հետեւաբար, միայն անձերու խնդիրը չէ, այլ կայ համակարգի փոփոխութեան խնդիր:

«Երբ մէկ հոգի որոշում կու տայ տարբեր հարց է, այլ հարց կ՛ըլլայ` երբ երեք օղակները` օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմինները կու տան որոշում: Ուստի հրաժարելով նախագահական համակարգէն` տեղի կ՛ունենայ իշխանութեան ապակեդրոնացում», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի այսօրուան պայմաններուն մէջ կարելի չէ մեծ հարստութիւն կուտակել` առանց իշխանութիւններու  հովանաւորութեան: Իսկ եթէ իշխանութիւնները կը հովանաւորեն մէկը, եւ ան ձեռք կը ձգէ հարստութիւն, ուրեմն այդ հարստութիւնը պէտք է օգտագործէ յանուն այդ իշխանութեան պահպանման, ոչ թէ այդ իշխանութեան դէմ, որովհետեւ երբ ընդդիմանայ, հարստութիւնը ձեռքէն կը խլեն:

Սահմանադրական փոփոխութիւններով կը մեծնայ ընդդիմութեան դերը: Այսօր, ըստ Ռուստամեանի, ընդդիմութիւնը սեղմուած է պատին, որովհետեւ կարելիութիւն չունի լուրջ դերակատարութիւն ունենալու Ազգային ժողովին մէջ, ստիպուած իր գործունէութիւնը հրապարակներուն վրայ կը ծաւալէ:

«Ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը պէտք է ըլլան պետական շինարարութեան երկու կողմերը, ինչպէս ինքնաթիռի երկու թեւերը. երկուքն ալ պարտաւոր են հսկայական աշխատանք իրականացնել ընտրութենէ ընտրութիւն ժամանակահատուածին ընթացքին: Ընդդիմութեան դաշտ պէտք է տրուի, ուր ան պէտք է կարենայ աշխատիլ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Արդի Համաշխարհային Սպառնալիքները Ո՛չ Ազգային Սահմաններ, Ո՛չ Միջազգային Իրաւունք Կը Ճանչնան»

Յաջորդը

Արտակ Դաշեան` Կոլի Հեղինակ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.