«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ ղարաբաղեան կողմը հաղորդած է, որ երէկ լուսադէմին` ժամը շուրջ 4:30-ին, սահմանին վրայ` Թալիշի ուղղութեամբ արձանագրուած է ազրպէյճանական հետախուզական-ներթափանցման փորձ մը, որուն իբրեւ հետեւանք հայկական կողմէն զոհուած է 20-ամեայ զինուորական ծառայող Էրիկ Գրիգորեան:
Նախագահ Բակօ Սահակեան համապատասխան հրամանագիրով մը «Մարտական ծառայութեան» մետալով յետմահու պարգեւատրած է նահատակուած զինուորը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար:
Սահմանին վրայ տիրող այս լարուածութիւնը յաջորդեց 3 դեկտեմբերին Պելկրատի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու միացեալ յայտարարութեան, որուն մէջ կը հաստատուէր, որ ղարաբաղեան տագնապը զինուորական լուծում չունի: Կոչ կ՛ուղղուէր կողմերուն` կարելի եղածին չափ արագ մեղմացնելու լարուածութիւնը` դիտել տալով, որ լուծման լաւագոյն ձեւաչափը Մինսքի խմբակն է:
Լեռնային Ղարաբաղի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան տեղի ունեցած ներթափանցման փորձը նկատած է միջնորդներուն կատարած յայտարարութեան Պաքուին արձագանգը: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը, կոչ ուղղած են, որ բանակցային հոլովոյթը տագնապի լուծման առնչութեամբ ընթանայ բացառապէս խաղաղ ճամբով, անթոյլատրելի նկատած են խախտումները եւ այլն: Ասիկա Ազրպէյճանի պատասխանն է այդ յայտարարութեան», յայտնած է Բաբայեան:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը չի բացառեր, որ սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը կապ ունենայ Թուրքիոյ վարչապետին Պաքու տուած այցելութեան հետ:
Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, 3-4 դեկտեմբերի լուսցող գիշերը հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 650 կրակոց: Վիճակը համեմատաբար խաղաղ եղած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ, ուր կրակոցներուն թիւը հասած է 20-ի. այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
Քննչական կոմիտէն յայտարարած է, որ ներթափանցման փորձին առնչութեամբ յարուցուած է քրէական գործ` հակառակորդին կողմէ հայ զինուորին սպանութեան առնչութեամբ: