«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը յոյս յայտնած է, որ 2016-ին պիտի կարենայ այցելել Հայաստան:
Ափրիկէ կատարած իր վեցօրեայ ճամբորդութենէն ետք լրագրողներու հետ օդանաւին մէջ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը հաստատած է, որ ծրագրած է 2016-ին այցելել Մեքսիքա եւ յոյս յայտնած է, որ պիտի կարենայ այցելել նաեւ Հայաստան, «սակայն ես ծեր եմ, եւ այս ճամբորդութիւնները դժուար են», ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը:
«Շիքակօ Թրիպիուն» օրաթերթը` ներկայացնելով այլ մանրամասնութիւններ օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ պապի զրոյցէն, մէջբերած է Հռոմի եպիսկոպոսապետին խօսքերը այն մասին, որ ինք Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին խոստացած է այցելել Հայաստան, սակայն ատոր համար որեւէ յստակ թուական տակաւին չէ ճշդուած:
«Աշխարհը Հասած Է Ինքնասպանութեան
Սահմանագիծին»
Հասունացած է պահը, երբ աշխարհը պէտք է ցոյց տայ, որ պատասխանատուութիւն կը կրէ կլիմայի փոփոխութեան հարցին մէջ, եւ պայքարի: Փարիզի մէջ կլիմայի փոփոխութեան հարցերով վեհաժողովի ընթացքին այդ մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա:
Աւելի ուշ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ նոյնպէս կոչ ուղղած է աշխարհի առաջնորդներուն ստեղծելու կլիմայի հարցերուն շուրջ համաձայնագիր:
«Հիմա կամ երբեք», աւելացուցած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը` ընդգծելով, որ աշխարհը հասած է ինքնասպանութեան սահմանագիծին: