«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Արակոնի խորհրդարանը երէկ որդեգրած է հռչակագիր մը, որ կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Երեսփոխան Կրեկորի Պրիզ Սանչեզի մշակած բնագիրը յարգանքի տուրք կը մատուցէ աւելի քան 1,5 միլիոն հայերուն, որոնք սպաննուած են Օսմանեան կայսրութեան ծաւալած գործողութիւններուն պատճառով: Երեսփոխանը թրքական կառոյցներուն, ներառեալ` թրքական կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` ընդունելու այս պատմական իրողութիւնը:
Հաշուի առնելով, որ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններ, ներառեալ` Եւրոպական խորհրդարանը եւ քաղաքական մարմիններ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակը յիշատակած են: Ֆրանչիսկոս պապը նոյնպէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ապրիլ 2015-ին որդեգրած հռչակագիրով: Այս բոլոր իրողութիւնները ամփոփուած են Արակոնի խորհրդարանին որդեգրած փաստաթուղթին մէջ:
Ըսուածին կողքին, բանաձեւը յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին` ի նշան համերաշխութեան եւ եւրոպական արդարութեան: Բանաձեւը կ՛ընդգծէ, որ Եւրոպական Միութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլումը եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու դատապարտումը պէտք է ընդունի իբրեւ բարձրագոյն առաջնահերթութիւն:
Բանաձեւը Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ օգտագործելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` իբրեւ ճանաչման կարելիութիւն, բանալ թրքական արխիւները եւ ընտրել հաշտեցման ուղին թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ: Բանաձեւը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ թուրք մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու ստուար զանգուած մը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչի հիման վրայ կը յորդորէ նաեւ թրքական կառոյցներուն վարուելու նոյն ձեւով:
«Բաւական յուսադրող է տեսնել, որ այս տարի ոչ միայն եւրոպական երկիրները, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ եւ շրջանային խորհրդարաններ որդեգրած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր», կ՛ըսէ «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Էտուարտօ Լորենցօ Օչուա:
«Ես կը կարծեմ, որ ասիկա կարելի է ընդունիլ իբրեւ Թուրքիոյ ուղղուած ուղերձ, թէ Եւրոպան կը սպասէ, որ Թուրքիան ճանչնայ իր սեփական պատմութիւնը: Այսօր յստակ ազդանշան կ՛ուղղէ նաեւ հայերուն: Արակոնցիները կանգնած են հայերուն կողքին` ճանչնալով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը», աւելցուցած է Օչուա:
Բանաձեւը Սպանիոյ կոչ կ՛ուղղէ օգնելու, որ Թուրքիան պահէ իր խոստումը` պաշտպանելու եւ պահպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իր տարածքին մէջ եւ առաւել աշխուժ դերակատարութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան նպաստելու գործին մէջ: Եւրոպական պատմութիւնը ունի ազգերու միջեւ հաշտութեան բազմաթիւ օրինակներ, որոնք կրնան ծառայել իբրեւ ուղենիշ:
Արակոնը ինքնավար համայնք է Սպանիոյ հիւսիսարեւելեան մասին մէջ, որ սահմանակից է Ֆրանսայի: Ունի 1,2 միլիոն բնակչութիւն եւ 47.719 քառ. քմ տարածք: Անիկա Պասքերու երկրէն, Քաթալոնիայէն, Պալէարեան կղզիներէն եւ Նաւարայէն ետք Սպանիոյ հինգերորդ համայնքն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: