Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Արդի Համաշխարհային Սպառնալիքները Ո՛չ Ազգային Սահմաններ, Ո՛չ Միջազգային Իրաւունք Կը Ճանչնան»

Դեկտեմբեր 1, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

glima_113015

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 նոյեմբերին Փարիզի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի «Կլիմայի փոփոխութեան մասին» շրջանակային ուխտին թեր պետութիւններու 21-րդ համաժողովին, որուն նախագահութիւնը ստանձնած է Ֆրանսան: Համաշխարհային այդ համաժողովին մասնակցած են 150  պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, հազարաւոր պատուիրակներ:

Աննախադէպ մասնակցութեամբ բարձր մակարդակի փարիզեան համաժողովի պատուիրակութիւնները նախ յոտընկայս յարգած են յիշատակը Փարիզի ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն` դիտել տալով, որ այդ դէպքերէն ետք փարիզեան համաժողովին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու ներկայութիւնը փաստ է, որ քաղաքակրթութիւնը եւ համերաշխութիւնը` համայն մարդկութեան դէմ ցցուած մարտահրաւէրները դիմակայելու առումով, բարբարոսութենէն ուժեղ են:

Համաժողովի բացման ընթացքին արտասանած իրենց խօսքերուն մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, համաժողովը նախագահող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուս, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Միացեալ Թագաւորութեան արքայազն Չարլզ  եւ այլ անձնաւորութիւններ ընդգծած են կլիմայի փոփոխութեան վերաբերող 21-րդ համաժողովի կարեւորութիւնը` Երկիր մոլորակի եւ ամբողջ մարդկութեան ապագային համար: Անոնք նշած են, որ այսօր աշխարհի բոլոր ծագերէն մարդոց հայեացքը ուղղուած է դէպի Փարիզ, ուրկէ կ՛ակնկալեն մարդկութիւնը մտահոգող լրջագոյն մարտահրաւէրին` կլիմայի կործանարար փոփոխութեան վերաբերեալ քննարկումներուն լոյսին տակ բեկումնային որոշումի կայացում:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը կլիմայի փոփոխութիւնը համաշխարհային մարտահրաւէր նկատելով հաստատած է, որ անիկա հաւասարապէս կը սպառնայ բոլոր պետութիւններուն` անկախ անոնց չափէն եւ զարգացման աստիճանէն: Անոր համաձայն, թէեւ համամոլորակային արտանետումներուն մէջ Հայաստանի բաժինը մեծ չէ, բայց եւ այնպէս Հայաստանը` իբրեւ զարգացող երկիր, յանձնառու է իր ներդրումը ունենալ համամոլորակային ջանքերուն մէջ:

Ամփոփելով ելոյթը` նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. «Կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրը, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին բոլորը անհանգստացնող արդի համաշխարհային սպառնալիքները ո՛չ ազգային սահմաններ, ո՛չ միջազգային իրաւունք, ո՛չ քաղաքակրթութեան չափանիշներ կը ճանչնան: Այսօրուան փոխկապակցուած եւ համաշխարհայնացուած աշխարհին մէջ մէկ երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրը հաւաքական առումով բոլորին մարտահրաւէրն է: Հետեւաբար` լուծումները պէտք է ըլլան համապարփակ, համաձայնեցուած եւ համադրուած»:

 

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Բնակարաններու Միջին Գիները Աճած Են 0,02 Առ Հարիւրով, Իսկ Մարզերուն Մէջ Մնացած Են Անփոփոխ

Յաջորդը

«Ընդդիմութիւնն Ու Իշխանութիւնը Պէտք Է Ըլլան Պետական Շինարարութեան Երկու Կողմերը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?