Գլխաւոր լուրեր

Յարձակում Պոլսոյ Հայոց  Պատրիարքարանին Դէմ

Յարձակում Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին Դէմ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը տեղեկացուցած է, որ անյայտ անձեր քարերով յարձակում գործած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին դէմ: Յարձակումը գործուած է 10 հոկտեմբերի երեկոյեան` շուրջ 20 հոգինոց խումբի մը կողմէ: Յարձակումէն անմիջապէս ետք դէպքի վայր հասած են ոստիկանները: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան «Ակօս»-ին յայտնած է, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ յարձակում գործողները որո՞նք են եւ...

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը  «Փերինչեք Ընդդէմ Զուիցերիոյ» Գործով  Վճիռը Պիտի Հրապարակէ 15 Հոկտեմբերին

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը «Փերինչեք Ընդդէմ Զուիցերիոյ» Գործով Վճիռը Պիտի Հրապարակէ 15 Հոկտեմբերին

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատը 15 հոկտեմբերին, Ֆրանսայի ժամանակացոյցով 11:45-ին պիտի հրապարակէ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործի դատավճիռը: Ասիկա Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատին կողմէ ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ որոշումի հրապարակման առաջին դէպքն է: Ըստ բազմաթիւ փորձագէտներու, դատարանին որոշումը կրնայ ըլլալ նախադէպ` հետագային նոյնպիսի գործերու քննարկման ժամանակ:...

Գրիգոր Պըլտեան Այցելեց «Ազդակ»

Գրիգոր Պըլտեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ կէսօրէ առաջ սփիւռքահայ անուանի գրող եւ մտաւորական Գրիգոր Պըլտեան այցելեց «Ազդակ» եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ: Պըլտեան Լիբանան այցելած է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով` ներկայ գտնուելու համար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ նոր հրատարակուած իր 3 գրական հատորներու շնորհահանդէսին եւ հայ գրականութեան վերաբերող զրոյցներու եւ երեկոներու շարքի մը: Հանդիպման ընթացքին քննարկման նիւթ դարձան հայ գրականութեան եւ մամուլին վերաբերող...

Տեղի Պիտի Ունենայ Ֆրանսախօս Երկիրներու  Միջազգային Կազմակերպութեան Ընդհանուր  Քարտուղարի Պաշտօնական Այցելութիւնը Հայաստան

Տեղի Պիտի Ունենայ Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնական Այցելութիւնը Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման աշխատանքներուն աւարտէն ետք պիտի սկսի Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Այցելութեան ծիրին մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու ընդհանուր քարտուղարին պիտի ընդունի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը պիտի այցելէ Էջմիածին,...

«25 Տարի Շարունակ Երկրին  Իշխած Քաղաքական  Խաւը Պատասխանատու Է Լիբանանի  Պարզած Այսօրուան Իրավիճակին»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«25 Տարի Շարունակ Երկրին Իշխած Քաղաքական Խաւը Պատասխանատու Է Լիբանանի Պարզած Այսօրուան Իրավիճակին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները սկսան ուղղուիլ Պաապտա` ոգեկոչելու համար 13 հոկտեմբեր 1990-ին զոհուած լիբանանեան բանակի նահատակներուն յիշատակին 25-ամեակը: Դէպի նախագահական պալատ տանող Պաապտայի ճամբան ներկուեցաւ նարնջագոյնով, երբ Ազգային ազատ հոսանքի հետեւորդներուն ծովածաւալ բազմութիւնը ծածկեց նախագահական պալատի շրջակայքը: Ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկը սկսաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց  Հայ Գիրքի 36-րդ Ցուցահանդէսին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց Հայ Գիրքի 36-րդ Ցուցահանդէսին

Երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, Սրբոց թարգմանչաց վարդապետներու նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականին երգեցողութեամբ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարը, ուր  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կատարեց Հայ գիրքի 36-րդ ցուցահանդէսին բացումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ աւանդութիւն դարձած Հայ գիրքի ցուցահանդէսը ի մի կը բերէ Լիբանանի զանազան հայկական հրատարակչատուները, անհատ հեղինակները, մտաւորականները եւ...

Բազմաձայն Շահեկան Զրոյց Մը`  «Լիբանանահայութեան Եւ Պոլսահայութեան  Իրականութեան  Պատկերացումը Գրականութեան Մէջ»

Բազմաձայն Շահեկան Զրոյց Մը` «Լիբանանահայութեան Եւ Պոլսահայութեան Իրականութեան Պատկերացումը Գրականութեան Մէջ»

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմաձայն զրոյց` նիւթ ունենալով «Լիբանանահայութեան եւ պոլսահայութեան իրականութեան պատկերացումը գրականութեան մէջ»: Մասնակիցներն էին` Նորվան արք. Զաքարեան, Գրիգոր Պըլտեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ Սեւան Տէյրմէնճեան: Բազմաձայն զրոյցին բացման խօսքը  արտասանեց Շաղիկ Մկրտիչեան: Ան անդրադառնալով Գրիգոր Պըլտեանի գիրքերուն,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին  Նուիրուած Յուշակոթողի Բացում` Հայկազեան  Համալսարանի «Մուկար» Պարտէզին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողի Բացում` Հայկազեան Համալսարանի «Մուկար» Պարտէզին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահութեան, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայրենակցական միութիւններու տիկնանց համախմբումին շաբաթ, 10 հոկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման հանդիսութիւնը: Արդարեւ, ընդառաջելով Պերեճիկի հայրենակցական միութեան հրաւէրին, տարբեր հայրենակցական միութիւններէ կիներ 7 ամիս առաջ համախմբուելով, յանդուգն մտայղացումը ունեցան տեղադրելու խորհրդանշական յուշակոթողը: Առ...

Անգարայի Մէջ Պայթում

Անգարայի Մէջ Պայթում

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի առնուազն 86 զոհ եւ 186 վիրաւոր արձանագրուեցաւ‚ երբ Անգարայի մէջ պայթում տեղի ունեցաւ խաչմերուկի մը վրայ‚ ուր այսօր նախատեսուած էր ձախակողմեան սենտիքաներու ցոյց մը։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը արտակարգ ժողով մը կը գումարէ քննարկելու համար Անգարայի մէջ պայթումի հարցը։ Կառավարութիւնը պայթումը նկատեց «ահաբեկչական յարձակում» մը։ Ըստ ականատեսերու, երկու պայթում տեղի ունեցած է։ ՔԱԿ-ի եւ թրքական բանակին միջեւ բախումներուն դէմ բողոքի ցոյցի...

Հայ Օգնութեան Միութեան 71րդ Պատգամաւորական Ժողովը Ընտրեց Կեդրոնական Վարչութեան Նոր Կազմ

Հայ Օգնութեան Միութեան 71րդ Պատգամաւորական Ժողովը Ընտրեց Կեդրոնական Վարչութեան Նոր Կազմ

  Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Համահայկական 71րդ Պատգամաւորական Ժողովը, որ ընթացք առած էր Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2015ին, Երեւանի մէջ, իր աւարտին հասաւ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբեր 2015ին։ Վեց օրերու ընթացքին, 22 երկիրներէ ժամանած պատգամաւորները քննելէ ետք անցնող քառամեակին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, գնահատեց Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ քառամեակին համար յատուկ ծրագիրներ որդեգրեց։ Կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներուն կողքին...

ԿՈՉ

ԿՈՉ

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) համահայկական 71-րդ պատգամաւորական ժողովը, որ գումարուեցաւ Հայաստանի Երեւան քաղաքին մէջ` մասնակցութեամբ աշխարհի տարածքին գտնուող 22 երկիրներէ եկած ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն, կը զօրակցի Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, որոնք կը ռմբակոծուին Ազրպէյճանի բանակին կողմէ: Հակառակորդը շարունակականօրէն կը խախտէ հրադադարը, որուն հետեւանքով կրակոցներէն կը զոհուին կամ կը վիրաւորուին անմեղ բնակիչներ, ներառեալ` մանուկներ, կիներ եւ տարեցներ: Ժողովս կը դատապարտէ...

Ձեռնարկ` «Համաշխարհային  Ա. Պատերազմի  100-Ամեակ 1914-2014» Գիրքի  Հրատարակութեան Առիթով

Ձեռնարկ` «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի 100-Ամեակ 1914-2014» Գիրքի Հրատարակութեան Առիթով

Մարդկային գիտութիւններու միջազգային կեդրոնին նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ «Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակ 1914-2014» գիրքը, որուն երկու հատորները ներկայացուեցան գիրքին հրատարակութեան առիթով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի մը ընթացքին: Ձեռնարկը վայելեց մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութիւնը, իսկ այդ առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, «Սաֆիր» օրաթերթի խմբագրապետ-տնօրէն Թալալ Սալման, Մարդկային գիտութիւններու միջազգային կեդրոնի...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Գրիգոր Պըլտեանի «Սեմեր», «Տարմ»  Եւ «Կրկնագիր Մարդը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Գրիգոր Պըլտեանի «Սեմեր», «Տարմ» Եւ «Կրկնագիր Մարդը» Գիրքերու Շնորհահանդէս

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս սիփւռքահայ գրող Գրիգոր Պըլտեանի երեք գիրքերուն` «Սեմեր», «Տարմ» եւ «Կրկնագիր մարդը», որոնք լոյս տեսած են Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Շաղիկ Մկրտիչեան Գրական ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Շաղիկ Մկրտիչեան` յայտնելով, որ ձեռնարկը լաւագոյն առիթն ու փորձն է գրասէր հասարակութեան հանդիպելու...

Հաղորդագրութիւն.  ՀՕՄ-ի «ՍՕՍԷ» Մանկապարտէզի Շէնքի  Ծրագիրի Իրագործման Սկիզբ

Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ-ի «ՍՕՍԷ» Մանկապարտէզի Շէնքի Ծրագիրի Իրագործման Սկիզբ

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Սօսէ» մանկապարտէզներէն Արցախի Ստեփանակերտ քաղաքի մանկապարտէզի նոր շէնքի ծրագիրի սկիզբը դրուեցաւ ՀՕՄ-ի Համահայկական 71-րդ Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին, 7 հոկտեմբեր, 2015-ին, Երեւանի «Տապըլ Թրի Պայ Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Մանկապարտէզի շէնքը պէտք ունէր լայնածաւալ վերանորոգումներու եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած էր ամբողջովին վերակառուցել շէնքը: Այսպիսով, Արցախի ազատագրման պայքարին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներուն համար ապրիլ 1998-ին հիմնուած մանկապարտէզը, քանդուեցաւ, որպէսզի...

«Անհրաժեշտ Է Նոր Մղում Տալ 100 Տարիներու Վրայ Երկարող Հայ-Զուիցերիական Գործակցութեան»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անհրաժեշտ Է Նոր Մղում Տալ 100 Տարիներու Վրայ Երկարող Հայ-Զուիցերիական Գործակցութեան» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

22-27 սեպտեմբեր 2015-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդառաջելով Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս հիմնարկին հրաւէրներուն, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Զուիցերիա: Սոյն այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Արմէնօֆաս հիմնարկի նախագահ Թենի Սիմոնեան, ...

Ակնարկ.  Վերահսկուող Աշխարհամարտ

Ակնարկ. Վերահսկուող Աշխարհամարտ

Ռուսական զինուորական գործօնի աշխուժացումը սուրիական պատերազմին լայնածաւալ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններու տեղի տուած է. պատերազմին սերտօրէն զուգորդուած է տեղեկատուականը նաեւ: Միեւնոյն լայնածաւալութեամբ հարուածուող թիրախներու մասին կան հակասական լրատուութիւններ, տեղեկութիւններ, վերլուծումներ: Ոչ միայն բացարձակ, այլ ընդհանրապէս հանգրուանային եզրակացութիւններու յանգիլը նոյնիսկ կրնայ թէական ըլլալ, եւ անհամապատասխան իրողական իրավիճակներուն: Հաւանաբար անտեղի չ՛ըլլար սակայն տեսանելի երեւոյթներու առնչութեամբ որոշ դիտարկումներ կատարելը: Բնականաբար առաջին մտածումը կ՛երթայ ընտրուած...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան, ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի վարիչ մարմինը ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը: Ժողովականները քննարկեցին երկրին զգայուն իրավիճակը եւ շեշտեցին, որ այս հանգրուանին լիբանանահայութիւնը հեռու պէտք է պահել ամէն տեսակի ներքին լարուածութիւններէ եւ չտարուիլ որեւէ ժխտական հոսանքով, որ կրնայ զգայնութիւններ ստեղծել գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ որոշեցին հետամուտ ըլլալ պահպանելու լիբանանահայութեան համերաշխութիւնը: ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է  Վենետիկի Յանձնաժողովի  Նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն, որ Հայաստան հասած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանին կողմէ  հրաւիրուած միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու առիթով: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ գոհունակութեամբ արձանագրած, որ Պուքիքիոյի գլխաւորած յանձնաժողովին հետ երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը օգտակար եղած է Հայաստանի համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն...

Քաղաքացիական Շարժումին Փոթորիկը  Բախեցաւ Ապահովութեան Ուժերուն  Մրրիկին Եւ Ցնցեց Մայրաքաղաքը

Քաղաքացիական Շարժումին Փոթորիկը Բախեցաւ Ապահովութեան Ուժերուն Մրրիկին Եւ Ցնցեց Մայրաքաղաքը

Կեդրոնական Պէյրութը երէկ կէս գիշերին «Լը Կրէյ» պանդոկին կողմէ դիտուած իսկական պատերազմի դաշտի տպաւորութիւն կը ձգէր... «Պատերազմ» մը, որուն կողմերն են. ա) «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Փոփոխութեան սեմին», «Հեռացէ՛ք մեզմէ», «Ժողովուրդը կը պահանջէ» եւ այլ արշաւներու պատասխանատուներ, համակարգողներ եւ նշեալ շարժումներուն հետեւորդները, եւ բ) ներքին ապահովութեան ուժերը: Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, քաղաքացիական շարժումին հրաւէրով երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նահատակաց հրապարակին...

«Մէկ Կողմ Պէտք Է Դնենք Մեր Դպրոցները  Ամբողջովին Փայլուն Կերպով Ներկայացնելու  Մեր Ճիգը Եւ Այդ Ժամանակը Օգտագործենք Մարդուժ  Պատրաստելով Եւ Կրթական Որակը Բարձրացնելով»  «Բաց Քննարկում»-ի Երկրորդ Յայտագիրին  Ընթացքին Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան

«Մէկ Կողմ Պէտք Է Դնենք Մեր Դպրոցները Ամբողջովին Փայլուն Կերպով Ներկայացնելու Մեր Ճիգը Եւ Այդ Ժամանակը Օգտագործենք Մարդուժ Պատրաստելով Եւ Կրթական Որակը Բարձրացնելով» «Բաց Քննարկում»-ի Երկրորդ Յայտագիրին Ընթացքին Հաստատեց Տիգրան Ճինպաշեան

Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի Երէկ` հինգշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի երկրորդ յայտագիրը, որուն նիւթը առնչուած էր լիբանանահայ վարժարաններու առաքելութեան: Յայտագիրի սկզբնաւորութեան Րաֆֆի Տեմիրճեան նշեց, որ լիբանանահայ վարժարանները ինքնանպատակ կառոյցներ չեն, այլ` իրենց ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով պէտք է զատորոշուին մնացեալներէն, որովհետեւ մեր վարժարանները մարդակերտման ու Լիբանանի քաղաքացիներ պատրաստելու առաքելութեան կողքին ունին հայակերտման սրբազան պարտականութիւնը, առանց որուն դպրոցներու...

Page 740 of 795 1 … 739 740 741 … 795

Արխիւներ