Հալէպահայութեան Առօրեայէն. Նոր Գիւղ-Սիւլէյմանիէ- Սէյրաֆի Շրջանը Հրթիռակոծութիւններու Թիրախ Դարձաւ. Մայր Ու Որդի Վերա Եւ Յարութ Կէնտիմեաններ Զոհուեցան
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ 16 հոկտեմբերէն 17 հոկտեմբեր լուսցող գիշերուան ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ մեծամասնութեամբ հայաբնակ Սիւլէյմանիէ-Նոր Գիւղ-Սէյրաֆի (Գափրի) շրջանը: Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, զոհուածներուն կարգին են մայր ու որդի` 1956-ի ծնունդ Վերա Կոստանեան-Կէնտիմեանը եւ 1985-ի ծնունդ Յարութ Կէնտիմեանը, իսկ վիրաւորուածներուն կարգին էր Դաւիթ Տէր Մեսրոպեան, որ անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ...




















