Ընտրական համակարգը պէտք է փոխուի այնպես, որ իշխանութեան գալը կեանքի ու մահու հարց չդառնայ. երէկ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«Մենք այդքան բացատրեցինք: Անոնք, որոնք չեն ուզեր հասկնալ, պարզապէս չհասկցան: Ընտրական կեղծարարութիւնը երբ կ՛ընես` ստանալու ամբողջ իշխանութիւնը, անոր համար ամբողջ մեքենայ մը կ՛օգտագործուի, իսկ երբ գիտես, որ ընես թէ չընես, իշխանութիւնը բաշխուած պիտի ըլլայ, ընտրակեղծարարութեան իմաստն ալ կը կորսուի: Այսօրուընէ մենք պէտք է նոր Ընտրական օրէնսգիրքին վրայ աշխատինք: Փոխանակ ատիկա ընեն, կա՛մ չեն մասնակցիր ընթացքին, կա՛մ, երբ արդիւնքները ըլլան, կու գան, կ՛օգտուին», ըսաւ Ռուստամեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Դաշնակցութենէն ներկայացուցիչ մը յայտնած է, որ չկրցաւ կանխել ընտրատեղամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցող խախտումները, ան նշեց. «Եթէ մէկը չըլլայ, կ՛ըսէիք` ինչո՞ւ ոեւէ մէկը չըսաւ, հիմա մէկը եղած է, կ՛ըսէք` ինչո՞ւ է մէկը: Ձեզի կը թուի, որ մէկն է: Եթէ ձեզի կը թուի, որ միայն մէկ հոգի կը պայքարի, չարաչար կը սխալիք: Սուտ էին այն բոլոր ըսուածները, թէ դաշնակցականները չեն պայքարած ընտրակեղծիքներուն դէմ: Անոնք, որոնք այդ մասին կը խօսին, թող իմանան, որ օրինակներ կան, ու գոնէ քիչ մը իրենք զիրենք զսպեն, հակադաշնակցական թոյն այդքան չթափեն»:
Դիտարկման, թէ դաշնակցական վստահուած անձինք չեն պայքարած ընտրախախտումներու դէմ, Ռուստամեան պատասխանեց, որ նման բան չկայ: «Ո՞վ է այդ մարդը, անունը տուէք, յստակ անուն ըսէք, յստակ բաներ խօսինք, ընդհանուր յայտարարութիւններ են, որ կը կատարէք»:
Ըստ Ռուստամեանի, «Ո՛չ»-ը պէտք է պատասխան տայ, թէ ինչո՞ւ կը դժգոհի բանէ մը, որ կ՛ուզէ պահպանել: «Կ՛ուզեն նոյն Ընտրական օրէնսգիրքը պահպանուի, չէ՞: Կ՛ուզէք` հազար հատ ընտրութիւն կատարեցէք, նոյն գործընթացը պիտի ըլլայ: Սերունդները պիտի տեսնեն, այս համակարգը այսպէս է», ըսաւ Ռուստամեան եւ նշեց, որ կը ստեն այն մարդիկը, որոնք կ՛ըսեն, թէ ՀՅԴ-ն չի պայքարիր ընտրակեղծիքներուն դէմ:
«Մենք կեղծիքներուն մասին չենք լռած: Մենք յայտարարութիւն ըրած ենք ընտրակեղծիքներու մասին: Մենք կ՛ըսենք, որ չկայ գործիք մը, որ փաստէ կեղծիքներու այն ծաւալը, որուն միջոցով ակնյայտ դառնայ, որ հանրաքուէն չէ կայացած: Օրինակ` 80 տեղամասերու մէջ բողոք ներկայացուած է, այդ 80-ը եթէ բազմապատկէք, ենթադրենք, 500 կեղծիքով, կը տեսնէք, որ կը ստացուի 40 հազար թիւը: Այդ թիւը բաւական չէ, որ նկատենք, որ «Ո՛չ»-ը յաղթած է, եւ մէկ չորրորդի շեմը չէ յաղթահարուած», ըսաւ Ռուստամեան` աւելցնելով, որ ընտրական կեղծարարութիւնը պիտի շարունակուի, եթէ այս համակարգը պահպանուի: