Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի Քափի Փէյսթը

Դեկտեմբեր 11, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առաջին անգամը չէ, որ «Լ՛Օրիան Լը ժուր»-ը լրագրական բարոյականութեան կամ աւելի ճիշդը բովանդակային սխալներու տեղի կու տայ:

Երէկուան թիւով «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի 11-րդ էջին տակ ծուարած սիւնակին երկրորդ լրատուութիւնը կը կրէ «Լեռնային Ղարաբաղ» խորագիրը. այդ խորագիրին ներքոյ առաջին պարբերութիւնը կ՛ըսէ. «Ազրպէյճանական բանակը երէկ օգտագործեց հրասայլեր հրթիռակոծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի անջատողական տարածքի ապստամբները. երեւոյթը (ըսել կ՛ուզուի հրասայլերու օգտագործումը) զինադադարի կնքումէն ետք քսան տարուան մէջ առաջին անգամն է, որ կ՛օգտագործուի, կ՛ամբաստանեն ապստամբներուն իշխանութիւնները»:

Լրատուութեան մնացեալ բաժինը կը վերաբերի ազրպէյճանցի մարդկային իրաւունքներու գործիչի մը ազատ արձակման:

«Անջատողական» եզրը ասկէ առաջ քանի մը տարբեր առիթներով տեղ գրաւած էր «Լ՛Օրիան»-ի էջերուն վրայ: Պատահած էր նաեւ, որ Ցեղասպանութիւնը չակերտուի նոյն թերթին մէջ: Հերթական անգամ «Լ՛Օրիան»-ի խմբագրութեան դիտել տրուած էր երեւոյթը. որոշ ժամանակի համար սխալները սրբագրուած էին, ապա աւելի ուշ վերադարձած էին անջատողականներն ու չակերտները: Չակերտները լուր պատճէնահանելու մեքենականութեամբ պէտք է բացատրել, որովհետեւ այլապէս «Լ՛Օրիան»-ը հանգամանաւոր անդրադարձած է Ցեղասպանութեան խնդիրին եւ նոյնիսկ յատուկ յաւելուած հրատարակած ընթացիկ տարին:

Լրագրական խոհանոցին ծանօթները կրնան ենթադրել, որ «Լ՛Օրիան»-ը քափի փէյսթ կ՛ընէ ԱՖՓ-ի լուրերը: Քափի փէյսթը սակայն կրնայ յանգիլ անցանկալի հետեւանքներու, երբ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկրի մը մէջ լոյս տեսնող թերթը չակերտէ Ցեղասպանութիւնը` վիրաւորելով ոչ միայն նոյն երկրի կարեւորագոյն եօթը համայնքներէն մէկը, այլ հակադրուելով ամբողջ երկիրը ներկայացնող խորհրդարանի որոշումին: Նոյնն է պարագան Ղարաբաղը անջատողական տարածք համարելը կամ պաշտօնական Ստեփանակերտը ապստամբներու իշխանութիւն անուանելը:

ԱՖՓ-ն քափի փէյսթ ըրած է ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրին հրապարակած լրատուութիւնը, «Լ՛Օրիան»-ն ալ ԱՖՓ-ինը: Այս արդէն կ՛ենթադրէ ոչ թէ յատուկ քաղաքականութիւն, այլ ըստ էութեան լրատուութիւններու պատճէնահանուած տարբերակներու շրջագայութիւն, որոնք կը բխին ազրպէյճանական ապատեղեկատուական մեքենաներէ:

Խմբագրութենէ խմբագրութիւն «Ազդակ» արդէն անհրաժեշտ բողոքի նշումը յղած է «Լ՛Օրիան»-ին: Կը մնայ, որ պատկան գրասենեակներն ու յանձնախումբերը այս հարցով զբաղին եւ «Լ՛Օրիան»-ի դիտել տան, յուսանք ակամայ, այնուամենայնիւ ազրպէյճանական ապատեղեկատուական ծուղակ ներքաշուած ըլլալու փաստը:

«Լ՛Օրիան»-ի խմբագիրները տարածաշրջանային խնդիրներու մասին գիտելիքի առումով յայտնաբար վերաորակաւորման կարիքը ունին: Բոլոր թերթերը կը կիրարկեն այսօր լուր պատճէնահանելու լրագրական մեքենայութիւնը: Պատճէնահանումը եթէ չուղեկցուի խմբագրական յղումներով, որոշ պարագաներու լուրին տեղեկատուական բաժինը առնելով եւ մեկնաբանականը կամ այս պարագային եզրաբանութեան խեղուած օգտագործումը դուրս մղելով, այդ պարագային տեղի կու տայ ոչ միայն անճշդութիւններու ու հակասութիւններու, այլ ուղղակի ծառայած կ՛ըլլայ տուեալ քարոզչամիջոցին հրապարակած այս պարագային ապատեղեկատուութիւնը տարածելու աշխատանքին:

«Լ՛Օրիան»-ը, վստահ ենք, որ ակամայ ներքաշուած է այս ծուղակին: «Լ՛Օրիան»-ի խմբագիրները անպայման պէտք է գիտնան, որ Արցախը Ազրպէյճանէն անջատուած չէ, եւ Արցախի ինքնորոշուած ժողովուրդը անջատողական ըմբոստներ չեն, ո՛չ ալ պաշտօնական Ստեփանակերտը` անջատողականներու իշխանութիւն:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան. «Ղարաբաղը Պէտք Է Իր Արժանի Տեղը Զբաղեցնէ Միջազգային Հանրութեան Մէջ»

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան Ելք Մը Ապահովող Նախագիծը` Առկախուած

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը»  Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?