Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

IMG_1730

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը եւ Թարգմանչաց վարժարանի ընկերակցութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցեն, որ Փարիզի արուարձան Իսի-լէ-Մուլինոյի Թարգմանչաց վարժարանը, վերանուանուելով Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան, կը միանայ Համազգայինի կրթական հաստատութիւններու ծրագիրին:

Իսի-լէ-Մուլինօ հաստատուող առաջին հայերը եղած են 1915-ի Ցեղասպանութենէն վերապրողներ: Աւելի ուշ, 1970-2000 թուականներուն անոնց միացած են Լիբանանէն, Իրանէն եւ Հայաստանէն ներգաղթողներ` համայնքին թիւը հասցնելով 5 հազարի: Խմբուելով 1975-ին հաստատուած Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ շուրջ, այս համայնքն է, որ 1996-ին հիմը կը դնէր Թարգմանչաց վարժարանին, արդիւնք` պարոն Զատիկ Ասլանեանի անխոնջ ճիգերուն եւ տեղւոյն քաղաքապետարանի աջակցութեան: Թարգմանչաց վարժարանը ֆրանսական պետութեան հետ իր համաձայնագիրը կը կնքէ 2005-ին:

3 հազար քառ. մեթր տարածութեան վրայ կառուցուած Թարգմանչաց վարժարանի եռայարկ շէնքը ունի 15 դասարաններ, հանդիսասրահ եւ ներքին ու արտաքին բակեր: Վարժարանը կը լրացնէ պետութեան կողմէ սահմանուած ապահովական բոլոր կանոնները եւ կրնայ ընդունիլ 400 աշակերտ: Ներկայիս վարժարանը ունի շուրջ 80 աշակերտներ, որոնք կը յաճախեն մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի կարգերը: Կը ծրագրուի մօտիկ ապագային մեկնարկել վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները:

Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի ուսումնական ծրագիրը կը կազմեն պետութեան կողմէ ճշդուած ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի ծրագիրները, որոնք կ՛ամբողջանան հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդութեամբ: Նախակրթարանէն շրջանաւարտներու յաջողութեան տոկոսը 100 առ հարիւր է, իսկ անոնց նիշերու միջինը` 80 առ հարիւր: Այսպիսով, Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը առիթ կ՛ընծայէ Իսի-լէ-Մուլինոյի եւ շրջակայ թաղամասերու հայ համայնքի մանուկներուն, որ անոնց կրթութիւնը հարստանայ ֆրանսական եւ հայկական երկճիւղ մշակոյթներով, որոնք կը կազմաւորեն ապագայ քաղաքացին:

Համազգայինի գոյութիւն ունեցող կրթական հաստատութիւններու ծրագիրին կը միանայ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը, որ զօրացած հայ համայնքի սրտին մէջ իր քսան տարիներու գոյութեամբ` պիտի վայելէ Համազգայինի տասնամեակներու կրթական եւ մշակութային գործունէութեան արգասիքը` ըլլա՛յ այդ ուսուցիչներ պատրաստելու, երկարաշունչ կրթական ծրագիրներ մշակելու եւ Պէյրութի, Մարսէյի ու Սիտնիի Ճեմարաններու փորձառութեան ճամբով, ըլլա՛յ Համազգայինի համասփիւռքեան եւ հայրենական կազմակերպական ցանցով կամ մշակութային միջազգային ծրագիրներ հովանաւորելով:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Թարգմանչաց վարժարանի միջեւ շաբաթ, 5 դեկտեմբեր 2015-ին կնքուած գործակցութեան պայմանագիրը զայն ստորագրող կողմերուն կու տայ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի բարգաւաճման եւ յարատեւութեան ապահովութեան երաշխիքը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

11 դեկտեմբեր 2015
Պէյրութ

Նախորդը

«Հռիփսիմեանցը. Դէպքեր – Դէմքեր – Վկայութիւններ 90-Ամեայ Ճանապարհին» Գիրքի Շնորհահանդէս. «Հռիփսիմեանցը» Գիրքը Ապրումներու Վկայութիւն Է. Անոր Ամէն Մէկ Թերթը Ապրուած Է Իմ Կողմէս» Ըսաւ Սարգիս Նաճարեան

Յաջորդը

«Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Առաջին Գործնական Քայլն Է Հայ Դատի Իրաւական Հետապնդումին» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս` Գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն» Թերթին

RelatedPosts

Հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Նոր Կայքէջին` ARFLEBANON.ORG
Գաղութային

Հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Նոր Կայքէջին` ARFLEBANON.ORG

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.