Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատ Մամլոյ Ասուլիս Պոլսոյ Մէջ

December 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sis-_121315

Չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլսոյ «Ճազայիր» մամլոյ ասուլիսներու եւ համագումարներու յատուկ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին նուիրուած մամլոյ ասուլիս` կազմակերպութեամբ դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբաններու: Մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան` վարիչ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան` վարիչ լսատեսողական բաժանմունքի:

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Թուրքիոյ եւ միջազգային մամուլի կարեւոր օրկաններու ներկայացուցիչները` «Ճումհուրիյէթ», «Հիւրրիյէթ», «Ռատիքալ», «Ռոյթըրզ» եւ «Պի.Պի.Սի.», ինչպէս նաեւ քաղաքական զանազան հոսանքներու պատկանող մտաւորականներ, Թուրքիոյ մէջ Իրլանտայի եւ Հոլանտայի հիւպատոսները ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան:

Յայտնենք, որ դատի յանձնախումբը նման ասուլիսներ կազմակերպած էր Ուաշինկթընի, Ժընեւի եւ Լիբանանի մէջ, իսկ միջազգային մամուլը զանազան առիթներով` յատկապէս Արամ Ա. կաթողիկոսի ունեցած հարցազրոյցներուն ճամբով, արձագանգած էր դատին մասին:

Առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ մէջ այս դատին մասին տեղի կ՛ունենար մամլոյ ասուլիս, որուն նպատակն էր թրքական մամուլին ճամբով լայն տեղեկութիւններ փոխանցել Թուրքիոյ ժողովուրդին:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսք առին դատի յանձնախումբի անդամ թուրք փաստաբան Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց ցեղասպանութեան մասնագէտ Թաներ Աքչամ եւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Կաթողիկոսարանի բացած դատը լայն հետաքրքրութիւն արթնցուց ներկաներուն մօտ, որոնք զանազան հարցումներու միջոցով յաւելեալ լուսաբանութիւններ խնդրեցին: Ներկաներէն ոմանք շեշտեցին յիշեալ դատին կարեւորութիւնը, 100  տարիներ ետք զայն նկատելով եզակի նախաձեռնութիւն մը` յոյս յայտնելով, որ թուրք պետութեան համար ասիկա առիթ մը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութեան վերականգնումին:

Նշենք, որ անցնող քանի մը օրերուն շուրջ 50 թրքական լրատուամիջոցներ` օրաթերթեր, կայքեր, ընկերային լրատուամիջոցներ, պլոկներ, լայնօրէն անդրադարձան դատին: Այս առիթով Պետրոս վրդ. Մանուէլեան հարցազրոյցներ ունեցաւ Կարօ Փայլանի (Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ), Ճենկիզ Աքթարի (քաղաքագէտ եւ մտաւորական), Մեհմէտ Ալթանի (մտաւորական) եւ Այլա Ժան Եաալքի («Ռոյթըրզ»-ի լրագրող) հետ. հարցազրոյցներուն ամփոփ տեսերիզը կրնաք տեսնել կաթողիկոսարանի կայքին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճան Պատերազմ Չ՛ուզեր, Որովհետեւ Սկսած Է Տնտեսապէս Տուժել» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

Յաջորդը

«Համաձայնական Կառավարութիւն Մտնելու Հարց Քաղաքական Օրակարգի Վրայ Չունինք» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

RelatedPosts

Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Շատ Լաւ Բանակցութիւններ Ունեցանք, Եւ Յառաջիկայ Շաբաթ Դարձեալ Ժողով Պիտի Գումարենք»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.