
Չի բացառուիր, որ Թուրքիան փորձէ Հայաստանի միջոցով Ռուսիոյ պատասխան տալ. «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
«Կարելի է` ըսած են` քիչ մը աւելի շիկացուցէք մթնոլորտը, բայց չեմ կարծեր, որ միայն այդ է պատճառը, որ Ազրպէյճանը այս քայլերուն երթայ: Ազրպէյճանը միշտ ալ բարձրաստիճան հանդիպումներէ առաջ կը փորձէ այսպիսի մթնոլորտ ստեղծել: Այսինքն` երբ բան մը կ՛ակնկալէ, միշտ ալ այդպէս կը վարուին: Կը կարծեմ` այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած է այն մթնոլորտը, որ իսկապէս վտանգաւոր է` հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ: Յաճախ ըսած եմ, որ Ազրպէյճանը պատերազմ չ՛ուզեր, որովհետեւ առանց պատերազմի ալ սկսած է տուժել տնտեսապէս, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անոր ըրածները վտանգաւոր չեն. անոր ըրածները կրնան պատերազմի վերածուիլ», ըսաւ Մանոյեան:
Անոր կարծիքով` եթէ Ազրպէյճանը պատերազմ ուզէր, արդէն կը սկսէր: «Ամէն անգամ հզօր հրետանի չէին օգտագործեր, որ տեսնէին` դիմացինը ի՛նչ կ՛ընէ եւ այլն: Շատ անհանգստութիւն կայ այն նիւթերէն, այն տեսանիւթերէն, որոնք հրապարակուած են: Բայց անոնք վստահ չեն` ի՛նչ կ՛ըլլայ ելքը, այդ պատճառով ալ պատերազմ չեն ուզեր: Ազրպէյճանը չի կարծեր, որ մենք ներքնապէս այնքան պառակտուած ենք, որ կրնայ սահմանին վրայ խաղեր ընել` հանրաքուէին հետ կապուած: Կը կարծեմ, որ մենք ունինք այն քաղաքական հասունութիւնը, որ նման բան թոյլ չտանք», ըսաւ Մանոյեան:
Անոր խօսքով` Մինսքի խմբակի վերջին յայտարարութեան, որ անհրաժեշտ է զինադադարի խախտումները վերստուգող մեքանիզմ ստեղծել, պարզ է` Ազրպէյճանը դէմ է, իսկ Հայաստանը` կողմ: «Պարզապէս լաւ կ՛ըլլայ, որ աւելի յստակ խօսին: Բայց կը կարծեմ, որ աւելի յստակ քայլերու պէտք է դիմել, որպէսզի Ազրպէյճանը հասկնայ: Օրինակ` Ղարաբաղի ժողովուրդին, Ղարաբաղի իշխանութիւններուն ինչ որ չափով, ինչ որ ձեւով ճանչնալու նախանշաններ ցոյց տանք, որպէսզի Ազրպէյճանը հասկնայ, որ չի կրնար այսպէս, այս սահմանը ունի, որմէ այն կողմ չի կրնար անցնիլ: Կարեւոր է, որ Մինսքի խմբակը ճիշդ գնահատականներ տայ, բայց կը կարծեմ, որ այլ քայլերու ալ պէտք է դիմել, որ Ազրպէյճանը հասկնայ», ըսաւ Մանոյեան:


