Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, «Ազդակ» այսուհետեւ կը ներկայանայ նաեւ «Ինսթակրամ»-ի վրայ: Նկատած էինք, որ «Ինսթակրամ»-ը առաւելաբար կ՛օգտագործուի երիտասարդներու կողմէ եւ շեշտուած ձեւով գրեթէ բացառապէս լուսանկարներով յագեցած է: Նիւթերու տարածման համար այսուհետեւ «Ազդակ»-ի լուսանկարները պիտի տեղադրուին Ինսթակրամի «Ազդակ»-ի էջին վրայ` լուսանկար եւ խորագիր ձեւաչափով: Մասնաւորաբար գաղութային ձեռնարկներ ներկայացնող «Ազդակ»-ի լուսանկարներն ու խորագիրները այսպիսով առիթ կու տան այս էջին հետեւողներուն տեղեկանալու գաղութային իրադարձութիւններուն մասին:
«Ազդակ»-ի երկլեզու կայքերուն, «Ֆէյսպուք»-ի երկու էջերուն, «Թուիթըր»-ին, եւ «Էփլիքէյշըն»-ին այսպիսով կ՛աւելնայ «Ազդակ»-ի «Ինսթակրամ»-ի էջը: Յոյսով ենք, որ արագօրէն կը բազմապատկուին հետեւողները «Ազդակ»-ի «Ինսթակրամ»-ի էջին: