Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ 125-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Պաշտօնական Տօնակատարութեամբ, Քայլարշաւով Եւ Եռաբլուրի Ու Քաղաքային Պանթէոններ Այցելութեամբ

Դեկտեմբեր 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

1212ARF533-00711 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը` ներկայութեամբ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, նախարարներու, պատգամաւորներու, հոգեւորականներու եւ տարբեր երկիրներէ այս առիթով Հայաստան գտնուող մեծաթիւ դաշնակցականներու:

Հրանդ Մարգարեան,
Հրանդ Մարգարեան,
Աղուան Վարդանեան
Աղուան Վարդանեան

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի անցած 125-ամեայ ուղիին: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը հայկականութեան հարազատ արտացոլացումն է ամէն բանէ առաջ ու վեր` դիտել տալով, որ կուսակցութիւնը անցած է բազում դժուարութիւններու բովով, սակայն կրցած է յաղթահարել զանոնք ու գոյատեւել: Վարդանեանի համաձայն, նախնիներուն փոխանցած աւանդն ու արժէքները պահպանելու կոչուած է ներկայ սերունդը: Իր խօսքի վերջին բաժինով ան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի մէջ կուսակցութեան դերն ու գործունէութիւնը` շեշտելով, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ տանելիք, ու Դաշնակցութիւնը վճռակամ է շարունակելու այդ պայքարը (Աղուան Վարդանեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք երկուշաբթի օրուան թիւով):

Այնուհետեւ Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած շնորհաւորական ուղերձը կարդաց նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահի խօսքին մէջ կ՛ըսուի. «Սրտանց շնորհաւորում եմ ձեզ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրման 125-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ:

Հիմնադրումից ի վեր` կուսակցութիւնը հանդիսացել է հայոց քաղաքական կեանքի առաջատար ուժերից մէկը` մշտապէս հանդէս գալով հայ ժողովրդի ազատագրական պայքարի առաջնագծում եւ իր ուժերի ներածին չափով ձգտելով նպաստել մեր արդար դատին:

Անուրանալի է կուսակցութեան դերակատարութիւնն անկախ հայոց պետականութեան վերականգնման գործում: Արամ Մանուկեանի եւ նրա զինակիցների անունը նուիրական է ողջ հայ ժողովրդի համար: Նրանց սխրանքը ոսկէ տառերով է գրուել հայոց պատմութեան էջերում:

1921 թուականին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երթն ընդհատուեց մայր Հայաստանում: Սակայն դա ամենեւին չթուլացրեց այս կազմակերպութեան շրջանակներում համախմբուած ազատատենչ հայորդիների նուիրումը հայրենիքին: Ընդհակառակը, ՀՅԴ-ն ամրապնդուեց սփիւռքում, յամառօրէն լծուեց հայապահպանութեան գործին եւ սերնդէ սերունդ փոխանցեց Հայաստանի անկախ պետականութեան տեսլականը:

Ուրախալի է, որ այսօր եւս Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը շարունակում է լրջագոյն ջանքեր գործադրել սփիւռքում հայապահպանութեան ուղղութեամբ` հակազդելով մեր քոյրերի եւ եղբայրների ուծացմանը:

Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան առաջին իսկ ընձեռած հնարաւորութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերահաստատուեց հայրենիքում: Չնայած որոշ դժուարութիւններին եւ վայրիվերումներին` այս աւանդական կուսակցութիւնը զբաղեցրեց իր արժանի եւ կայուն տեղը Հայաստանի քաղաքական կեանքում: Դրա վկայութիւնն է ՀՅԴ շարունակական ներկայութիւնը Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան բոլոր գումարումների խորհրդարանում: Այս առումով այն մեր երկրի եզակի քաղաքական ուժերից մէկն է:

33-040

Կուսակցութեան ընդդիմադիր կարգավիճակը բնաւ չխոչընդոտեց Հայաստանի իշխող քաղաքական ուժի` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համագործակցութեանը Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան բարեփոխման ընթացքում: Աւելի՛ն, բանավիճելով, փոխզիջումներով համաձայնութեան գալով, մենք բոլորին ի ցոյց դրեցինք քաղաքական ուժերի համագործակցութեան մի օրինակ, որը միտուած էր համազգային նշանակութեան հարցերի լուծմանը:

Կրկին շնորհաւորում եմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեր գործընկերներին այս նշանակալի յոբելեանի առթիւ: Հայաստանը հզօր է եւ ամուր նաեւ ձեր գործունէութեան շնորհիւ: Մաղթում եմ ձեզ նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ` յանուն մեր ազգային իղձերի իրականացման: Համոզուած եմ, որ ձեր ներուժն ու կարողութիւնները մշտապէս պահանջուած են լինելու` գտնելով իրենց արժանի կիրառումը», կ՛եզրափակէ նախագահը:

ՀՅԴ-ի 125-ամեակի ձեռնարկին իր պատգամը փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ ներկայացուց կուսակցութեան բազմամեայ ուղին եւ լուսարձակի տակ առաւ քաղաքական դաշտին մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը:

Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որ կրցած էր հայութեան մէջ վերակենդանացնել ու արթնցնել ազատութեան գաղափարը` զայն համադրելով համամարդկային արդարութեան մէջ անթեղուած հայու տեսլականին հետ, որովհետեւ հայկական ինքնութեան վերահաստատման միջոցով միայն կարելի էր յեղափոխական պայքարի քուրային մէջ կերտել նոր հայը, նոր Հայաստանը: Հ. Մարգարեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին,  թէ ինչպէ՛ս հայկական նորանկախ հանրապետութեան վերակերտումին զուգահեռ, Դաշնակցութիւնը վերընձիւղուեցաւ հայրենիքի մէջ, նուիրուեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին եւ մնաց անոր կողքին` իր ստեղծման պահէն մինչեւ օրս` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը  արդարութեան եւ միասնականութեան նշանաբաններով սկսած էր գործել Հայաստանի մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն  25 բարդ եւ դժուար տարիներ պայքարած է հայրենիքին մէջ` նպաստելով քաղաքական դաշտի ձեւաւորման, որովհետեւ ան համոզուած է, որ առողջ քաղաքական դաշտի եւ մրցունակ քաղաքական ուժերու առկայութեան պարագային միայն կարելի է հասնիլ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման եւ ժողովուրդի բարեկեցութեան: Իր խօսքը եզրափակելով` ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը իրաւունք չունի ընկրկելու, յոյսը կորսնցնելու, չգործելու, իրաւունք չունի յաջորդ սերունդը չնախապատրաստելու դժուար պայքարին: (Հ. Մարգարեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք երկուշաբթի օրուան թիւով):

ՀՅԴ-ի 125-Ամեակին Նուիրուած Քայլարշաւ

MHM0101370-copy

Պաշտօնական հանդիսութենէն առաջ Դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն քայլարշաւ մը տեղի ունեցած է դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուրկէ երթին մասնակիցները ուղղուած են Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոն:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը  ընթացքին յայտնած է, որ ասիկա առիթ է հասարակութիւնը համախմբելու կուսակցութեան շուրջ եւ ցոյց տալու, որ Դաշնակցութիւնը կազմաւորման օրէն մինչեւ օրս կը գործէ եւ պիտի շարունակէ գործել, այնքան ատեն որ չէ իրականացած իր հիմնական նպատակը` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի կերտումը:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր կարգին ըսած է. «ՀՅԴ-ն այն առանձնայատուկ կուսակցութիւններէն է, որուն  կենսագրութիւնը կարելի չէ բաժնել հայ ազգի կենսագրութենէն: Ատիկա  շատ պարտաւորեցնող է, թէ ուրախութիւններ ունեցած ենք, կիսած ենք ժողովուրդին հետ, կորուստներ ունեցած ենք, բայց  կուսակցութիւնը ձախողութիւններ չէ ունեցած: Դաշնակցութեան դէմ որեւէ հալածանք մեր ժողովուրդին դէմ ուղղուած է, մենք կը նկատենք, որ ժողովուրդէն ծնած կուսակցութիւն ենք, մեր ժողովուրդին հետ պիտի ըլլանք եւ պատասխանատուութեան մեծ զգացում ունենանք մեր պատմութեան դիմաց»:

ՀՅԴ-ի 125-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ`
Եռաբլուրի Եւ Քաղաքային Պանթէոնին Մէջ

 

19-113

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած հայաստանեան նախաձեռնութիւնները ընթացք առին Եռաբլուր պանթէոնէն: Հարիւրաւոր քաղաքացիներ համախմբուած էին հերոսական բարձունքին վրայ: Ներկայ էին նաեւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներ:

FotorCreated41

Եռաբլուր կը գտնուէին նաեւ այս առիթով յատուկ Հայաստան մեկնած ՀՅԴ-ի կառոյցներուն պաշտօնական պատուիրակութիւններ` աշխարհի 30 երկիրներէ, ազատամարտիկներ եւ այլն:

19-052flashmob_121115Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան 125 անդամներ խորհրդանշական ֆլեշմոպ կատարեցին: Անոնք Եռագոյնով ու ՀՅԴ դրօշակներով մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին արցախեան հերոսամարտին ընթացքին իրենց կեանքը զոհած ազատամարտիկներուն յիշատակը, ապա ուղղուեցան դէպի Անյայտ զինուորի յուշարձան, ուր արդէն իբրեւ դրօշակակիր հետեւեցան իրենց աւագ ընկերներուն երդման արարողութեան: Եռաբլուր պանթէոնէն դաշնակցականները` արդէն համալրուած շարքերով, ուղղուեցան քաղաքային պանթէոն, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի, դաշնակցական ականաւոր գործիչներ Հրայր Մարուխեանի, Խաժակ Տէր Գրիգորեանի, Էդուարդ եւ Վահան Յովհաննիսեաններու յիշատակին:

Լուսանկարները՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութեանց Աշխատանքներու Համակարգման Խորհուրդի Հաղորդագրութիւնը

Յաջորդը

Միսաք Ուրֆալեան Կը Ստանայ Թաքիմուսու-Այքիտոյի 3 Տան Աստիճանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը

Յունիս 12, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է  Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը,  Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

Յունիս 12, 2025
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ,  Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ, Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?