Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատը Առաջին Գործնական Քայլն Է Հայ Դատի Իրաւական Հետապնդումին» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս` Գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն» Թերթին

December 12, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Antelias-News-11-12-2015-copy

Ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հարցազրոյց ունեցաւ Գերմանիոյ ամէնէն կարեւոր օրաթերթէն «Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն»-ի հետ:

Հարցազրոյցի ընթացքին վեհափառ հայրապետը Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացած դատին կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն առընթեր, իրաւական հոլովոյթի նախաձեռնութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է 100 տարիներ ետք: Այս ծիրին մէջ, Սիսի կաթողիկոսարանի դատը իրաւական հոլովոյթին առաջին քայլն է, որուն պէտք է յաջորդէ եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջը»: Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Եթէ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնը նախանձախնդիր է եւ լուրջ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու բարի դրացնութեան ու շինիչ յարաբերութեան, պէտք է արդարութիւնը վերահաստատէ` ճանչնալով 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնելով հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները»:

Վեհափառ հայրապետը յիշեալ թերթի Միջին Արեւելքի պատասխանատու տնօրէնին հարցումին պատասխանելով լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած տագնապներուն ու այս ծիրին մէջ շրջանի հայ համայնքներուն: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ «հակառակ ամէնօրեայ դժուարութիւններուն, սուրիահայութիւնը կը մնայ կազմակերպ գաղութ եւ պիտի շարունակէ կառչած մնալ իր իրաւունքներուն ու աւանդութիւններուն»:

Արամ Ա. կաթողիկոս կրօնական ծայրայեղականութիւնը նկատեց «չարիք նոյնինքն տուեալ կրօնին համար: Այս չարիքը սահման, կրօն, մշակոյթ կամ ազգութիւն չի ճանչնար, ան համամարդկային չարիք է. հետեւաբար համամարդկային ճիգով հաւաքական ռազմավարութիւն մը պէտք է մշակել զայն արմատախիլ ընելու մարդկային ընկերութենէն»:

Յայտնենք, որ յիշեալ թերթի Միջին Արեւելքի տնօրէնը մօտէն հետաքրքրուած ըլլալով Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատով, այսօր կը մեկնի Պոլիս` նոյն հարցին մասին հարցազրոյց ունենալու դատի գլխաւոր թուրք փաստաբանին հետ:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Իրաքէն Թուրք Զինուորներու Հեռացման Մասին Խօսք Չի Կրնար Ըլլալ» Յայտարարեց Էրտողան

RelatedPosts

Հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Նոր Կայքէջին` ARFLEBANON.ORG
Գաղութային

Հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Նոր Կայքէջին` ARFLEBANON.ORG

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.